
Մելանքթոն Արսլանեան (1913-1986)
Մելանքթոն Արսլանեան ծնած է Այնթապ, 3 Յունիս 1913ին։ Անդրանիկ զաւակն է Արմենակ եւ Պէաթրիս Արսլանեաններու։ Երկու տարեկանին կը սկսի գաղթականութիւնը եւ ութ տարեկանին աքսորէն ազատելով, իր ընտանիքին հետ կ’ապաստանի Հալէպ։ Հոն կը յաճախէ Աւետարանական վարժարանի նախակրթարանը։ Երկրորդական ուսումը կը ստանայ «ԱլէփօԳոլէճ»ի մէջ։ Կը դառնայ դպրոցի լաւագոյն աշակերտներէն մէկը եւ բարձր գնահատանքի ու մրցանակներու կ’արժանանայ։ Նիւթականի պատճառով Մելանքթոն չի կրնար ուսումը շարունակել եւ փոքր տարիքէն կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, ստանձնելով Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի անգլերէն լեզուի դասաւանդութիւնը։ Ուսուցչական ասպարէզին նկատմամբ իր ցուցաբերած նուիրումով՝ կ’արժանանայ իր շրջապատին հիացմունքին։
Այս շրջանին իր շուրջ կը հաւաքէ ազգասէր եւ լրջախոհ պատանիներ եւ կը հիմնէ «Արեգ» միութիւնը, որուն նպատակը կ՛ըլլայ հայ պատանիներուն մէջ արթնցնել ազգային ոգին եւ ազգապահպանման տեսլականը։ Յիշեալ միութեան մէջ իր տուած ազգայնաշունչ դասախօսութիւններով, հայկական հարցերու նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութեամբ եւ կազմակերպական կարողութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ տեղւոյն կոմիտէն կը ծրագրէ իր հիմնած «Արեգ» միութեան երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը ներգրաւել դաշնակցական շարքերուն մէջ։ Այսպիսով Մելանքթոն Արսլանեան իրականացած կը տեսնէ իր տեսլականները եւ կը դառնայ անդամ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Միեւնոյն շրջանին կ’աշխատակցի «Ազդակ» օրաթերթին։
1940-ական թուականներուն Մելանքթոն կը հիմնէ հիւսուածեղէնի գործարան մը, որ յաջողութիւն կը գտնէ Ա. Աշխարհամարտի շրջանին, որմէ ետք, 1948-ին, կը ձգէ հիւսուածեղէնի գործը եւ կը հաստատուի Պէյրութ։
1947ին կ’ամուսնանայ հալէպաբնակ Վիոլէթ Կէօշլանեանի հետ, եւ կ’ունենան երեք զաւակներ՝ Արամ, Րաֆֆի եւ Միլվի, որոնց կը փոխանցէ իր ազգասիրութիւնը։
Պէյրութի մէջ Մելանքթոն կը գործակցի Վահէ Սէթեանի հետ, դրամատնային եւ ձոյլ ոսկիի վաճառման գործով՝ Հնդկաստան գտնուող իր եղբօրը՝ Հայկին գործակցութեամբ։ 1954-էն ետք, երբ իր եղբայրը՝ Հայկ, կը հաստատուի Ափրիկէ սկսելու համար ադամանդի մեծաքանակ գործին, կը ստիպուի ընտանեօք Լիբանանէնգաղթել 1951-ին եւ հաստատուիլ Պելճիքայի Անվերս քաղաքը։
Ան յաճախ կ՛այցելէ Լիբանան, մօտէն կը հետաքրքրուի հայութեան կարիքներով եւ ազգային հարցերով։ Չի զլանար եղբօրը՝ Հայկին հետ իր օժանդակութիւնը բերել հայկական բոլոր հաստատութիւններուն, եկեղեցիներուն, մշակութային միութիւններուն, առանց յարանուանական խտրութեան։
1986-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. զինք կը պարգեւատրէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Առաջին Կարգի շքանշանով։ Նոյն տարին Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մելանքթոնի կը շնորհէ Կիլիկիոյ Իշխանի շքանշանը։
Ազգանուէր եւ օգտակար կեանք մը վարելէ ետք, Մելանքթոն Արսլանեան իր մահկանացուն կը կնքէ Անվերսի մէջ, 26 Դեկտեմբեր 1986-ին։