
Միսաք Մեծարենց (1886-1908)
Միսաք Մեծատուրեան ծնած է Ակնայ Բինկեան գիւղը: 1894-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր կը յաճախէ Արամեան վարժարան: Ապա, մինչեւ 1902, իբրեւ գիշերօթիկ կ°ընդունուի Մարզուանի «Անատոլիա» գոլէճը: 1902-էն 1905, կը յաճախէ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանը: Անողոք թոքախտը զինք կը ստիպէ սակայն լքել ուսումը: Տարաբախտ բանաստեղծը կը մահանայ 4 Յուլիս 1908-ին: Քսաներկու տարեկան գրեթէ պատանի գրագէտը հայ բանաստեղծութիւնը հարստացուցած է քնարական եւ անկեղծ արուեստի գլուխ-գործոցներով: Հակառակ դժբախտ ճակատագրին, Մ. Մեծարենց իր ողջութեան լոյս ընծայած է քերթուածներու երկու հատորներ՝ «Ծիածան» (1907) եւ «Նոր Տաղեր» (1907):