
Մուշեղ Իշխան (1914-1990)
Մուշեղ Իշխան (Ճենտերեճեան) ծնած է Սիվրի-Հիսար, 1914-ին։ 1915-ին Սիվրի-Հիսարի բնակչութեան հետ կը բռնէ աքսորի ճամբան եւ 1924-ին կը հասնի Դամասկոս։ Հոն կը յաճախէ Հայոց Ազգային Վարժարանը մինչեւ 1928։ Կ՚անցնի Կիպրոս՝ Մելքոնեան վարժարան, ուր կը մնայ երկու տարեշրջան՝ աշակերտելով Յ. Օշականին։ 1930-ի արձակուրդին Պէյրութ կու գայ եւ կը դառնայ գիշերօթիկի սան՝ նորաբաց Հայ Ճեմարանին, զոր կ՚աւարտէ հինգ տարի ետք ու կը դառնայ Ճեմարանի ուսուցիչ։ 1938-ին կը մեկնի Պելճիքա, ուր երկու տարի կը հետեւի մանկավարժութեան եւ գրականութեան ճիւղերուն ։ 1940-ին կը վերադառնայ Պէյրութ։ Դարձեալ ուսուցչութեան կը նուիրուի՝ դասաւանդելով հայ լեզու, հայ գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն։ Դպրոցը , դասը , գիրքն ու գրականութիւնը կը դառնան Մ. Իշխանի աշխարհը։ 1932-ին «Հայրենիք»-ի մէջ իր առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս տեսնելէ ետք, ան հաւատարիմ կը մնայ գրողի իր կոչումին՝ քանի մը տարին անգամ մը հրատարակելով բանաստեղծական փունջեր եւ արձակ կտորներ։ Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործութեան ներքին ազդակը տարագիր հայու պայքարն է ուծացման վտանգի դէմ՝ յանուն սեփական դիմագիծի պահպանման։ Անոր բանաստեղծութիւններէն են՝ «Տուներու երգը»(1936), «Հայաստան»(1946), «Կեանք ու երազ»(1949), «Ոսկի աշուն»(1963), «Տառապանք» (1968) եւ այլ ժողովածուներ։ Արձակ գործերէն են «Հացի եւ լոյսի համար»(1951), «Հացի եւ սիրոյ համար»(1956), «Մնաս բարով, մանկութիւն»(1974) վէպերը։ Բազմահատոր գրական երկերու կողքին Մ. Իշխան կը պատրաստէ «Հայ Գրականութիւն» եռահատոր դասագիրքը։ 1941-51 ժամանակաշրջանին կը վարէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը։ Գրական ստեղծագործութեան զուգահեռ կը ստորագրէ կրթական եւ ազգային հարցեր արծարծող յօդուածներ։ 1951-52 տարեշրջանին՝ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին կը սկսի գործել իբրեւ կրթական պատասխանատու։ Կը մահանայ 12 Յունիս 1990-ին։