
Յակոբ Օշական (1883-1948)
Յակոբ Օշական (Քիւֆէճեան) ծնած է Պրուսայի գաւառ, Պոլսոյ մօտ։ Արմաշի դպրեվանքին մէջ սկսած ուսումը ընդհատած է աղքատութեան պատճառով։ Ինքնաշխատութեամբ ան կը տիրանայ գրականագիտական բարձր զարգացումի՝ դառնալով մեծահամբաւ քննադատ եւ ուսուցիչ, ու միւս կողմէ՝ մեծ գրող։ 1902-էն սկսեալ պատմուածքներով եւ քննադատական քրոնիկներով ու փորձերով կ՚աշխատակցի պոլսահայ գրական մամուլին։ Կ՚արտադրէ «Խոնարհներ» շարքը։ 1914-ին,Դ. Վարուժանի, Կ. Զարեանի եւ Յ. Սիրունիի հետ կը խմբագրէ «Մեհեան» գրական պարբերաթերթը։ 1915-ին փախստական՝ կը փրկուի Եղեռնէն։ Քանի մը տարի Պոլիս, Թէքէեանի հետ՝ կրկին ուսուցիչ եւ խմբագիր։ Ապա Կիպրոս ու Երուսաղէմ՝ վաստակաւոր ուսուցիչ հայ գրականութեան եւ խստապահանջ քննադատ։ Այդ տարիներուն է, որ կը հրատարակէ իր վէպերը. «Ծակ-Պտուկը», «Հաճի Ապտուլլահ», «Մնացորդաց»…։ Ապա կը խմբագրէ տասհատորեայ կոթողական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան»ը։ Կը մահանայ Հալէպ, ուր հրաւիրուած էր իր յոբելեանի նշումին։