
Պարոյր Սեւակ (1924-1971)
Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան) ծնած է 26 Յունուար 1924-ին Չանախչի գիւղին մէջ, ուր ստացած է նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը: 1945-ին կ’աւարտէ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Հետագային կ’անցնի Մոսկուա, ուր կ’աւարտէ «Մաքսիմ Կորքի»ի անուան գրականութեան հիմնարկը եւ աշխատանքի կը սկսի նոյն համալսարանին մէջ իբրեւ աւագ դասախօս: 1967-ին Հայաստանի մէջ «Սայեաթ Նովա» աշխատասիրութեան համար կը ստանայ տոքթորայի աստիճան: Գրելու սկսած է 11 տարեկանէն: Ունի բազմաթիւ գործեր, որոնց մեծ մասը քանի մը անգամ տպագրուած է թէ Մայր Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ: Իր գործերէն են. «Անմահները հրամայում են», «Անհաշտ մտերմութիւն», «Սիրոյ ճանապարհ», «Նորից քեզ հետ», «Անլռելի զանգակատուն», «Երբ մրցում է ամբողջ երկիրը», «Մարդը ափի մէջ», «Սայեաթ Նովա», «Եղիցի լոյս», «Ձեր ծանօթները» (մանկական): Կը մահանայ 1971-ին ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով: