Ժանսեմ՝ Յովհաննէս Սեմէրճեան (1920-2013)
Ժանսեմ՝ Յովհաննէս Սեմէրճեան, ծնած է 1920-ին Արեւմտեան Հայաստանի Սելեզ քաղաքը, մանկութիւնը անցուցած է Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած ու հաստատուած է Ֆրանսա: Փարիզի զարդարուեստի բարձրագոյն դպրոցի շրջանաւարտ Ժանսեմը 1944 թուականէն սկսեալ սկսած է իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրելու Անկախներու սալոնին մէջ, իսկ 1950ականներուն արդէն արժանացած է շարք մը մրցանակներու Ֆրանսայի, եւրոպական քանի մը այլ երկիրներու եւ Մեքսիքոյի մէջ: Ժանսեմ այն բացառիկ նկարիչն է, որուն կենդանութեան օրօք բացուած է իր անունը կրող երկու թանգարան՝ երկուքն ալ Ճափոնի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պահուին աշխարհի բազմաթիւ հեղինակաւոր թանգարաններուն ու մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ: Ստեղծագործութեան առաջին հանգրուանին անոր գործերը կրած են ազգային դրոշմ՝ «Հայուհին», «Հայկական հարսանիք», «Թաղում», եւայլն: Այդ գործերուն մէկ մասը ցուցադրուած են Փարիզի հայկական արուեստի թանգարանին մէջ: Ժանսեմ տուած է տասնեակ անհատական ցուցահանդէսներ՝ Փարիզի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Լոնտոնի, Թոքիոյի, Հռոմի, Պրիւքսէլի, Լօզանի, Պէյրութի մէջ եւ այլուր։ Ֆրանսական արուեստի ցուցահանդէսին հետ անոր գործերը ներկայացուած են նաեւ Մոսկուայի մէջ: Ժանսեմ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1973-ին: 2001ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռ. Քոչարեանի հրաւէրով Ժանսեմ կրկին այցելած է Հայաստան եւ 2000-2001ին իր գծած «Եղեռն» շարքը՝ բաղկացած 34 կտաւներէ, նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին: