Կեդրոնական Վարչութիւն

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014-ին, Համազգայինի Է. Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատ, ներկայ գտնուեցան Մայիս 28-ի անկախութեան տօնակատարութեան։ Ապա այցելեցին Արամ Մանուկեանի գերեզմանը, ծաղիկ զետեղեցին անոր գերեզմանին եւ միասնաբար երգեցին «Վէրքերով լի» երգը։