
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու, ծնողներու եւ պատանիներու:
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը ներկայացուց «Կաղանդի ծառը» թատերգութիւնը, որ կþանդրադառնայ բնութեան պահպանման ու Կաղանդի տօնին: «Կաղանդի ծառ» թատերգութեան փոքրիկ դերասանները իրենց եռամսեայ փորձերուն ընթացքին արդէն իսկ կրցած էին կարճ ժամանակի տեւողութեան դերասանական շարք մը ունակութիւններ ձեռք ձգել: «Արեգ»ի բեմադրիչն է Ռոպերթ Առաքելեան:
Թատերական ներկայացումը աւարտեցաւ Կաղանդ պապային կողմէ բոլոր դերասաններուն տրուած «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի օրուան ելոյթի հրաւէր-նուէրներով, ապա ներկաները «Կարկաչ» երգչախումբին կատարողութեամբ լսեցին շարք մը տօնական երգեր, որոնց հեղինակներն են Արեգ Լուսինեան, Ալեքսան Մնակեան, Ռոպերթ Պետրոսեան, Ռոպերթ Ամիրխանեան, Զարեհ արք. Ազնաւուրեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, Եուրի Սահակեան, Նանսեն Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ կատարուեցան Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ աւանդական բազմալեզու երգեր:
«Կարկաչ»ի խմբավար Զաքար Քեշիշեան իւրաքանչիւր երգի մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնելով, նաեւ ներկաներուն մաղթեց, որ Նոր տարին ըլլայ բարեբեր ու յաջողութիւններով լի տարի մը: Նշենք, որ «Կարկաչ» երգչախումբին դաշնակով կþընկերակցէր Կամիլա Քեշիշեան: