
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի 10 եւ Չորեքշաբթի 11 Մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Երգ երգոց»ի համերգները` ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Վարդան Պատալեան, Աննա Խաչատրեան, Արմէն Դարբինեան եւ Ռուզան Անդրէասեան: Երգիչներուն կը նուագակցէր «Երգ երգոց»ի նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Արթուր Յակոբեանի:
Համերգին հիւրաբար նաեւ մասնակցեցան Լիբանանի «Երկու աստղ» երգի մրցումին մասնակիցները` Կարօ Կապուտակեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Կարօ Ակոբեան, Իվոն Այվազեան եւ Լուսին Տեմիրճեան:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Խորէն Լեւոնեան, որ նաեւ երգերով բերաւ իր մասնակցութիւնը:
Հայրենի եւ լիբանանահայ երգիչները մեներգներով, զուգերգներով եւ թրիոյով երգեցին աշուղական, ժողովրդային եւ ազգային երգեր` ներկաներուն մօտ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն եւ արժանանալով անոնց
ծափահարութիւններուն:
Յայտագիրի իրագործող հայրենի արուեստագէտ եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեան, յայտնեց, թէ հայրենիք-սփիւռք կապը չի հաստատուիր խօսքով, այլ գործով: