
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» երիտասարդական թատերախումբը իր երիտասարդ մարդուժով շուրջ մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ բեմ կը բարձրացնէ Հրայր Գալեմքէրեանի «Լեոն»-ը` իր հոգեկան տագնապներուն տարբեր դրսեւորումներով, եւ հանդիսատեսը կը ձգէ խնդուքին ետին գտնուող տարբեր հարցադրումներու մէջ:
Երբ առաջին պատկերով երկու փորձարկուներ (Վարդան Մկրտիչեանն ու Սէրուժ Յովսէփեան) կը ձեռնարկեն մուտք գործել Լեոնին (Շահէն Արապողլեան) ուղեղին մէջ եւ դուրս հանել անոր մէջ թաքնուած զանազան կերպարները, բեմը կը վերածուի Լեոնին ներաշխարհին: Պարզ բեմայարդարման մէջ կը տեսնենք տախտակամած մը, որուն ետեւէն կը յայտնուին դերասանները եւ մերթ ընդ մերթ, իւրաքանչիւր անձնաւորութեան հետ, երեւան կ՛ելլեն Լեոնին հոգեկան կացութիւնները, որոնք, թէեւ կատակերգական ձեւով կը թարգմանուին թատրերգութեան տողերուն մէջ, սակայն իսկութեան մէջ խորիմաստ են: Այս փորձարկութեան մէջ սուզուած, Լեոն ինքզինք կը վերածէ ուսուցիչի մը եւ կ՛ուղղուի Քիւլիենչիքով գիւղ, որուն բնակիչները երկու հարիւր տարիէ ի վեր անիծուած են եւ կը տառապին անխելքութենէ: Լեոն այս գիւղին մէջ կ՛ունենայ միայն մէկ առաքելութիւն` դաստիարակել գիւղին բժիշկին աղջիկը` Սոֆիան: Այս առաքելութեան յաջողութեան պարագային պիտի փրկուին անխելքութեամբ անիծուած գիւղին բնակիչները: