
Հայ դպրոցը մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի միջավայրն է, ուր աշակերտը կը դաստիարակուի, հոն կը կերտուի անոր նկարագիրը եւ հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ կ՛ընդարձակէ իր հետաքրքրութիւնները եւ գիտելիքներու շտեմարանը եւ անշուշտ այս բոլորը` ազգային ենթահողի վրայ:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց կոչումով եւ առաքելութեամբ հետամուտ եղած են ու կը շարունակեն մնալ հայկական արուեստին եւ մշակոյթին անաղարտ պահպանման ու անթերի գոյատեւման, հակառակ մեր ժամանակակից կեանքին մէջ առկայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն:
15 Հոկտեմբեր 2021-ին, երկու տարուան առցանց դասաւանդութենէ եւ ուսուցման որոշ սահմանափակումներէ ետք, գեղարուեստի դպրոցները լայնօրէն կը բանան իրենց դռները լիբանանահայ աշակերտութեան դիմաց` յուսալով, որ կարելի պիտի դառնայ հանգրուանային ձեւով մտնել բնականոնացման հունի մէջ եւ վերստեղծել մշակութային աշխուժութիւն ու մթնոլորտ: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնները վերամուտին ընդառաջ կը ներկայանան ամբողջականօրէն բարենորոգուած կառոյցներով եւ արդի պայմաններուն համահունչ նոր կարելիութիւններով: