
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր լիագումարի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ 11 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, հանդիպում մը ունեցաւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը, հաստատելով որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ, հայապահպանման գործին մէջ ընդհանարապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար։ Կեդրոնական Վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու հոգեւոր հովիւներու ցուցաբերած հոգածութեան և գործակցութեան համար։ Վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Համազգայինի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը համառօտ կերպով ներկայացուց վարչութեան գլխաւոր աշխատանքները, յոյս յայտնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը սատար կը հանդիսանայ իր ծրագիրներուն։ Հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր արծարծելէ ետք Վեհափառ Հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստի աշխատանքներուն, վերահաստատելով իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի աշխատանքներուն անխտիր։