
007-2008 դպրոցական տարեշրջանի աւարտին Ճեմարանի տնօրէնութիւնը դարձեալ ճիգ չխնայեց դպրոցին բոլոր բաժիններուն աշակերտներուն առիթը ընծայելու ամավերջի հանդէսներուն ընդմէջէն իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ հիւրերուն ներկայացնելու գեղարուեստական յայտագիրներ:
Շաբաթ, 31 Մայիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նորսիկեան մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարանի հանդէսը, իսկ Կիրակի, 15 Յունիսին՝ Կանաչ եւ Կապոյտ դասարաններու հանդէսը: Երգերու ու պարերու զուարթ շարանէ մը ետք, Կանաչ դասարանէն 38 փոքրիկներ ստացան վկայականներ եւ հրաժեշտ տուին Նորսիկեան մանկապարտէզին:
Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտութիւնը Կիրակի 8 եւ Չորեքշաբթի 18 Յունիսին արժանացաւ իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան ծափահարութիւններուն իրենց ներկայացուցած տարեվերջի զոյգ հանդէսներուն առթիւ: Տարրական բաժինի աշակերտները հանդէս եկան «Խելացի Մարդը», իսկ Նախակրթարան բաժինի աշակերտները՝ «Տակառ մը ուրախութիւն» երաժշտական թատերախաղերով: Զոյգ թատրոնները արդիւնք են հեղինակ-բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպէր Առաքելեանին տքնաջան աշխատանքին, որ կը յաջողի ի մի խմբել զանազան կարգերու աշակերտներ նոյն թեմային շուրջ: Թատերախաղերուն մէջ ընդգրկուած երգերուն ուսուցումն ու ընտրութիւնը բծախնդրօրէն կատարեց Տիկ. Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ հայկական ու օտար պարերու ձեւաւորումը կատարեց Օրդ. Մարիժան Ատուրեան: Զոյգ հանդէսներու աւարտին տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու ու աշակերտական նկարչական գործերու ցուցադրութիւն, ուր ներկաները ականատես եղան Ճեմարանի աշակերտութեան կատարած հոյակապ գործերուն: Ձեռային աշխատանքները կատարուած են Էլօ Մելքոնեանի հսկողութեամբ, իսկ նկարչական գործերը՝ Գօգօ Արբաճեանի: Գեղարուեստական զանազան մարզերու օղակներու միջեւ համադրումն ու տարեվերջի հանդէսի իրագործումը կատարեցին բաժիններու պատասխանատուները օժանդակ ունենալով ուսուցչական ամբողջ կազմը:
Երեքշաբթի, 8 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Շրջանաւարտները հանդիսաւորապէս խաղավայր մուտք գործեցին երկրորդական բաժնի պատասխանատու տիկ. Մարօ Քիրիաքոյի առաջնորդութեամբ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան Սայաթ Նովայի «Քամանչա» նուագով հմայեցին ներկաները: Ապա Երկրորդական բաժինի խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան «Ութսունամեայ Համազգայինը ու Ճեմարանի աշխարհասփիւռ փաղանգը» կենդանի պատկերով եւ բեմին վրայ հնչեցուցին Համազգայինի ու Ճեմարանի հիմնադիրներուն խօսքերը: ԺԲ. դասարանի աշակերտուհիները պարեցին Սիւնիքի պարը, որմէ ետք Խաժակ Խաչատուրեան նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը: Ապա խումբ մը Ճեմարանի աշակերտներ պարեցին Սարդարապատի պարը: ԺԱ. դասարանին կողմէ բարի երթի ուղերձ կարդաց Աքասիա Փօլատեան, իսկ ԺԲ. դասարանին կողմէ հրաժեշտի խօսքը արտասանեց Վանա Խտըրլարեան:
Հրաժեշտի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տի•րան Ճինպաշեան, ան անցնող տարեշրջանը գնահատեց իբրեւ բեղուն ուսումնական տարի մը եւ ըսաւ.« Ոչ միայն նախատեսուած բոլոր ծրագիրները կրցանք իրականացնել, այլեւ յաջողեցանք ձեռնարկներու, հանդիպումներու, դասախօսութիւններու, տօնակատարութիւններու ու հանդէսներու արդէն աւանդութեան վերածուած շարանը իրագործել»: Անդրադառնալով Ճեմարանի ուսումնական ծրագրին մէջ հայերէն լեզուին, հայ գրականութեան ու մշակոյթին, հայոց պատմութեան տրուած տեղին, Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ.« Հայերէնը ինչ որ ազգային սնապարծութեան համար չէ, որ կը կարեւորենք. ան մեր յաջողութիւններուն հիմքն է, բանալին, անոնց ուղղակի պատճառը: Այս հիմնաւորումով ալ մեր աշակերտներուն ազգային կազմաւորումը, անոնց պատրաստակամութիւնը ծառայելու հայութեան եւ Հայաստանին, գործունէութիւնը մշակութային, ընկերային, մարզական ու քաղաքական մարզերու մէջ, իրենց իրական արժէքը կը կազմեն»: Այս խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան անցաւ մրցանակաբաշխութեան յիշելէ ետք, որ Ժ. դասարանէն վաղամեռիկ Հուրի Պերթիզլեանի ծնողները, յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը, հաստատեցին 300 տոլար արժողութեամբ մրցանակ մը, որ պիտի տրուի լեզուական դասերու մէջ Ժ. դասարանի լաւագոյն աշակերտին: Հուրի Պերթիզլեան յիշատակի մրցանակին արժանացաւ Հրակ Փափազեան: Ժանօ Քէքէճեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան», ԺԲ. դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» եւ ԺԲ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան»մրցանակներուն: Լորիկ Թասլաքեան արժանացաւ ԺԲ. դասարանի հայերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակին: Գերազանց արդինքներ ապահովողի եւ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան Արամ Սոմունճեան եւ Սարին Մարկոսեան: Արին Աբրահամեան եւ Լորիկ Թասլաքեան ստացան երկրորդական բաժինի հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ յիշատակի ‎ֆոնտ»ի մրցանակը: Երկրորդական բաժնի մէջ գիտական նիւթերու լաւագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան» մրցանակը ստացաւ Արամ Սոմունճեան: Նախակրթարանի հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Ալիք Գանտահարեան: «Ջահակիր»ի լաւագոյն աշխատակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Պերճ Թորոս: Թ. դասարանի արաբերէնի մէջ լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին արժանացաւ Յակոբ Հաճաքեան: Տիպար մարզիկի մրցանակ ստացաւ Սահակ Փայլլեան, իսկ տիպար մարզիկուհիի մրցանակ՝ Սինթիա Պարիկեան :
Մրցանակաբաշխութենէն ետք իր խօսքը շարունակելով Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ. «2008-ը Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 80 ամեակն է: Համազգայինը հիմնուած է 80 տարի առաջ, 28 Մայիս 1928-ին, այսինքն Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 10 ամեակին առիթով, անկախութեան հռչակման տարեդարձին: Խորհրդանշական այս թուականը շատ բան կը յուշէ: Բեմի պաստառին վրայի խօսքը առած ենք Համազգայինի մեզի ծանօթ հրատարակուած առաջին Ծրագիր-Կանոնագիրէն: Կրթութիւնն ու մշակոյթը համահայկական արժէքներ են, ինչպէս հտյրենիքը՝ համահայկական սեփականութիւն է: Ոչ մէկ հատուած, ոչ մէկ միութիւն, ոչ մէկ կուսակցութիւն չեն կրնար սեփականացնել հայրենիքի ու անոր անկախութեան գաղափարը. անոնք բոլորինն են, համազգային են: Գերուած հայրենիքի ազատագրութեան համար պայքարը ամբողջ հայութեան պայքարն է. ան եւս համազգային է: 1928-ի պայմաններուն մէջ, աշխարհով մէկ սփռուած, տարտղնուած, կոտորակուած հայութիւնը, աղքատ ու յուսալքուած, պարտէր հաւաքել իր ուժերը եւ սպասելով վաղուան օրուան, պէտք էր իր ինքնութիւնը պահպանէր, ուժ դառնար, վաղուան անխուսափելի խոյանքին նախապատրաստուէր, այդ խոյանքին ենթակայական պայմանները ստեղծէր: Ոգեկան հայրենիք ստեղծէր, իբրեւ նախադուռ ազատ ու անկախ հայրենիքին, որ կը կարծէին այն ժամանակներուն, չէր կրնար ուշանալ: Ինչպէս ազատ ու անկախ հայրենիքը, ոգեկան հայրենիքը եւս համայն հայութեան սեփականութիւնն է, համազգային է:
Ոգեկան հայրենիքները կը ստեղծուին կրթութեան ու մշակոյթի ճամբով, ինչպէս կը սորվեցնէ մեզի մարդկային ընկերութեան յառաջդիմութեան ու զարգացման դարաւոր փորձը: Ազգերու ու երկիրներու համաստեղծութեան մէջ, աշխարհը գեղեցկացնող արուեստներու ու մշակոյթներու տարատեսակ հոյլին մէջ, մերը՝ հայկականը՝ ինքնուրոյն արժէք ունի, պահպանուելու ու զարգանալու իրաւունք ունի: Հայ մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը հատուածական չեն կրնար ըլլալ, անոնք համայն հայութեան պարտաւորութիւնն են, համազգային են:
Մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը, ոգեկան հայրենիքը ամէն հայրենիքի նման, իր սահմանները պաշտպանող զինուորներու պէտք ունի: Այդ զինուորները մարզող հաստատութիւնը հայկական դպրոցն է, ինչպէս Հայ Ճեմարանը, որ ուսման ու յատկապէս ազգային կրթութեան ճամբով, հայրենի հողէն ու անկէ ներծծուող ոգիէն օտարուած մեր բազմութիւններուն պիտի փոխանցէ հայ մշակոյթի լոյսը, ազատութեան տեսլականը, ապահովէ հայրենիքի կենարար ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Փոքրիկ Հայաստան մը դառնալու սահմանուած այս եզակի հաստատութիւնը՝ Հայ Ճեմարանը՝ զինք ծնող գաղափարին հետեւողութեամբ, ամբողջ ազգին կը պատկանի, համազգային Ճեմարան է, Համազգային Միութեան Ճեմարանը ըլլալէ առաջ:
Հայ Ճեմարանը, հետագային մկրտուած՝ Նշան Փալանճեան, այժմ արդէն Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան անունով գործող, այս տեսլականին արգասիքն է: Անցնող 88 տարիներու ընթացքին, իր երդիքին տակ կազմաւորուած հազարաւոր հայորդիներէն անիկա ազգին տուած է շուրջ 1400 վկայեալ զինուորներ: Այդ զինուորները, իրենց մարզումին ատեն երբեմն նոյնիսկ անգիտակից իրենց սպասող առաքելութեան, արդէն երեք քառորդ դար է, հայ հանրային կեանքին բոլոր բնագաւառներուն մէջ ներկայ են: Մշակոյթ, կրթութիւն, կազմակերպական կեանք, միութենական կեանք, գրականութիւն, մամուլ, արուեստներ, թատրոն, գիտական ասպարէզ, ազատագրական պայքար, ուր որ փնտռէք՝ կը գտնէք զանոնք, յաճախ ալ տիրական ներկայութեամբ ու ղեկավար դիրքերու վրայ: Ահա°, այս ներկայութիւնը կ°ակնկալենք այս տարուան շրջանաւարտներէն, այս 45 մանչերու եւ աղջիկներու ստուար խումբէն, որ Ճեմարանէն կը հեռանայ իբրեւ Համազգայինի 80 ամեակի սերունդ: Այս նոր սերունդի յաւելումով Ճեմարանէն շրջանաւարտներու թիւը կը հասնի 1341-ի»:
Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ Վաչէ Փափազեանը մասնակցելու վկայականներու յանձնումին: Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.-
Գրական ճիւղէն՝ Ցոլեր Այնթապլեան, Մարալ Անտոնեան, Մարիա Պիլեմճեան, Դալար Տէրտէրեան, Մարիա Ճուպանեան, Դալար Ճուլ‎ֆայեան, Լորիկ Հալէպլեան, Սօսէ Գասապեան, Սարին Գրաճեան, Մարինա Գրիգորեան, Վանա Խտըրլարեան, Սարին Մարկոսեան, Ռիթա Մարոնեան, Հերա Սարա‎ֆեան, Լոռի Չափարեան, Մարիա Թելֆէեան, Սանտրա Կոստանդինեան, Սեպուհ Ալեքսանդրեան, Փօլ Պօղոսեան, Ռոստոմ Տանակէօզեան, Շանթ Գապասաքալեան, Հրայր Գալեմքերեան, Պարգեւ Գասպարեան, Սերժ Մաճառեան, Բիւզանդ Մկրտիչեան, Շանթ Սերայտարեան, Պերճ Թորոս եւ Նարեկ Սերայտարեան:
Գիտական ճիւղէն՝ Արին Աբրահամեան, Գարմէն Պալեան, Լոռի Պուչաքճեան, Նարօտ Տէմիրճեան, Նարօ Ֆուճուրեան, Սիրա Կիւրիւնլեան, Ալվարդ Գուզույեան, Լիւսի-Մարիա Մոմճեան, Ալիք Օհանեան, Լորիկ Թասլաքեան, Նարեկ Աղուորեան, Յարութ Ագիլեան, Հրակ Աբէլեան, Աքսոր Կիւրիւնլեան, Ժանօ Քէքէճեան, Արա Մկրտիչ եւ Արամ Սոմունճեան:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: