
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք 2010¬ի կազմակերպական աշխատանքները արդէն հասած են իրենց վերջնական հանգրուանին:
Ինչպէս այլ երկիրներու, Լիբանանի մէջ նաեւ Հաւաքը կազմակերպող յանձնախումբը հերթական հանդիպումներով կատարեց անհրաժեշտ դասաւորումները եւ քննարկեց Հաւաքին կանոնաւոր ընթացք ապահովելու բոլոր կարելիութիւնները:
Աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ ուսանողներ կարճ ժամանակ մը միատեղել խանդավառ ու դաստիարակիչ մթնոլորտի մէջ՝ մեծ աշխատանքի ու ճիգի կը կարօտի: Այդ աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի 18 Յուլիսին, երբ կը սկսի Հաւաքը Երեւանի մէջ: Հաւաքին ամէնօրեայ նկարներուն, աշխատանքներուն, այցելութիւններուն ու գործունէութեան կրնաք հետեւիլ այցելելով www.hamazkayin.com կայքէջը