
Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ին, Ստոքհոլմի Tumbascenen-ին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Շուէտի պարախումբերու տարեկան ելոյթը։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակին։ Ձեռնարկին ներկայ էին հայ եւ օտար աւելի քան 320 հիւրեր։
Ծրագրի բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած խորհրդաւոր կենդանի պատկերով մը, կատարողութեամբ Մարիետ Մասիհի, որմէ ետք վարչութիւնը իր խօսքը ընթերցեց, հայերէնով՝ Վեհան Մարգէեան եւ շուէտերէնով՝ Անի Մանսուրեան։
Ծրագրի առաջին բաժնին մէջ բեմականացուեցաւ Հայկական «Աւանդական Հարսանիք»-ը, իսկ 2-րդ բաժինին մէջ ներկայացուեցան նրբաճաշակ ընտրութեամբ Քոչարի, Լեզկինկա, Ուզուն տարա, Մախմուր աղջիկ, Կինտոներու պար, Շալախօ, Կատակ պար «Սոկայ», Լեռնապար, եւ վերջաւորութեան միասնական եզրափակիչ պարը հմայեց ներկաները։
Համազգային Շուէտի «Գառնի» եւ «Ալիք» պարախումբերը իրենց մէջ ներառած են ընդհանուր 40 պատանիներ ու երիտասարդ պարողներ, որոնք 90-ամեակի տօնակատարութեան առիթով բեմը ցնցեցին մերթ խմբային եւ մերթ մենապարերով։ Խումբի պարուսոյցն է վաստակաշատ Սեւակ Եմէնճեանը։
Երկրորդ բաժինի մէջ բեմ բարձրացան իգական երեք սերունդ ներկայացնող ասմուքողներ եւ փոխն ի փոխ մեկնաբանեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։
Համազգային Շուէտը բախտը ունեցաւ 90-ամեակի տօնակատարութեան առիթով հիւրընկալել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեանը, որ օրուան առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց հայերէնով՝ տուաւ Համազգայինի պատմականը եւ ընդհանուր գործունէութիւնը։
Ընկհ. Թնճուկեանի գլխաւոր պատգամը եղաւ խրախուսել Շուէտի Սօթերտէյլէ մեկուսի կազմի գործունէութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու անոնց մշակութային ապագայ ծրագիրներուն եւ կազմակերպելու միջեւրոպական համագումարներ։ Ապա ան իր խօսքը ուղղեց անգլերէնով Շուէտի պատկան մարմիններուն, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց սերտ գործակցութեան եւ օժանդակութեան համար։ Ընկերուհին նաեւ շեշտեց Համազգայինի ունեցած կարեւոր դերը Շուէտի ժողովուրդին ծանօթացնելու եւ տարածելու հայ արուեստն ու մշակոյթը։
Ելոյթի աւարտին բեմ բարձրացաւ Համազգային Շուէտի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի կազմի ատենապետուհի Մելինէ Մանսուրեանը, շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց պարախումբի բոլոր անդամներուն եւ պարի յանձնախումբի անդամներուն, յատկապէս՝ յանձնախումբի պատասխանատու Ռոզալին Ղուկասեանին, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տարած աշխատանքին համար։
Համազգային Շուէտը երջանիկ է այսօր, որ մաս կը կազմէ Համազգայինի մեծ ընտանիքին ու իր 5-ամեայ գործունէութեամբ իր դրոշմը կը ձգէ Համազգայինի 90-ամեայ պատմութեան էջերուն մէջ։
Համազգայինի Շուէտի Վարչութիւն