
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շուէտի մեկուսի կազմի վարչութեան, եւ փոխ ատենապետ Արամ Եանըքեանի մեծ ճիգերով, Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցան մանկական երգերու մեկնաբան Թալինի համերգները, որոնց ներկայ էին մեծ թիւով փոքրիկներ, աւելի քան 500 ներկաներ։
Ձեռնարկէն առաջ նախատեսուած տոմսերը արդէն սպառած էին։ Վարչութիւնը որոշեց կազմակերպել երկրորդ ելոյթ մը, որպէսզի փոքրիկները, որոնք տակաւին չէին ապահոված իրենց տոմսերը անմասն չմնան։ Այսպիսով նոյն օրուան մէջ երկու ելոյթներն ալ բազմամարդ եւ լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցան, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով գաղութէս ներս։
Մանուկները եկած էին Շուէտի զանազան քաղաքներէ՝ Ուփսալա, Սթոքհոլմ, Սոդերթէլյէ, Լինշոպինգ, Վեստերոս եւ այլն։ Ելոյթին բացումը կատարեց Համազգայինի ատենապետուհի Մելինէ Մանսուրեան, օրուան բեմավարուհին էր Մարիէթ Մասիհը։ Մանուկները առիթը ունեցան Թալինին հետ երգելու, պարելու եւ ուրախանալու։
Երգչուհին իր ամուսնոյն հետ Շուէտ հասաւ 29 Սեպտեմբերին։ 30 Սեպտեմբերին ան հանդիպում ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն հետ։ Համազգայինի «Ալիք» պարախումբի անդամներէն ընտրուեցան երեք անդամներ եւ միացան Թալինին իբրեւ իր ընկերակիցները՝ կատուն, նապիկը եւ ծաղրածուն։
Այս ձեռնարկի յաջողութեան համար եղան նուիրատուներ, որոնք սիրայօժար իրենց լուման նուիրեցին Համազգայինին: Իր նուիրատուութեամբ յատկապէս Համազգայինին օժանդակեց «Սեւան» ընկերութիւնը, պրն. Հրաչ Մարութեանը: Շնորհակալութիւն:
Այդ օրերուն Շուէտի մէջ աշխատանքային մթնոլորտը վարակիչ եւ խանդավառող էր, երիտասարդներ հաւաքուած Համազգայինի դրօշի ներքոյ միացեալ աշխատանքով յաջողութեամբ պսակեցին այս ելոյթը, որ Շուէտի տարածքին անդրանիկն էր իր տեսակին մէջ։
Համազգայինի
Շուէտի Վարչութիւն