
Պէյրութ՝ համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակման առիթով, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատուն-գրատարածին եւ գործակցութեամբ «Ազդակ»ին ու «Վանայ Ձայն»ին, Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքը:
Ձեռնարկին սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ հրաւիրեց Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը բացման խօսքը արհասանելու: Վերջինս յայտնեց, որ ցուցահանդէսին զուգահեռ կազմակերպուելիք պատմութեան եւ ընթերցանութեան բազմալեզու մրցանքներուն հայկական բոլոր վարժարաններէն շուրջ 500 աշակերտներուն մասնակցութիւնը բաւարար ցուցանիշ է արձանագրուած յաջողութեան, որ կþենթադրէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան, «Ազդակ»ին, «Վանայ Ձայն»ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն: Յակոբ Հաւաթեան հաստատեց, որ այս ցուցահանդէսը կը միտի հայ գիրքին նկատմամբ ստեղծել համապատասխան հետաքրքրութիւն, եւ այս ձեռնարկը իր համեստ պայմաններուն մէջ կը նպատակադրէ իրականացնել այդ մեկնակէտը:
Ապա ֆրանսերէնով խօսք առաւ հայր Վարդան Գազանճեան, որ յայտնեց, թէ նոր սերունդին մօտ պէտք է զարգացնել ընթերցանութեան երեւոյթը, քանի որ այս միջոցառումը կը ծառայէ սերունդներու զարգացման: Հայր Գազանճեան հաստատեց, որ Համազգայինի հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը արժանի է գնահատանքի:
Իսկ անգլերէնով խօսեցաւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ միայն ընթերցանութիւնը բաւարար չէ, այլ պէտք է լաւ կարդալ ու լաւ գիրքեր ընտրել: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ երբ բառերը, գաղափարները, գոյներն ու նկարները կը համախմբուին, այն ատեն պատանիներուն ու երիտասարդներուն մօտ կը յառաջացնեն ընթերցանութեան քաջալերական մթնոլորտ:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան ըսաւ, թէ հայկական շունչով հաղորդակցելու լաւագոյն միջոցը հայ գիրքն է, եւ այս առնչութեամբ հայ պատանիին արդար իրաւունքն է ունենալ այնպիսի գիրքեր, որոնք կու տան ճաշակներու գոհացում: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այս ցուցահանդէսը կու գայ հաստատելու, որ գոյութիւն ունին մանկապատանեկան գրաւիչ գիրքեր, բայց պէտք է քաջալեր հանդիսանալ, որպէսզի այս գիրքերը հասանելի դառնան պատանիներուն:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով յայտնեց, որ այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու իրականացումով արդէն յստակ է, որ «Փիւնիկ» սրահը իր առաքելութեան կը ծառայէ: Ան յոյս յայտնեց, որ 2012-ին Հայաստան կը հանդիսանայ միջազգային գիրքի մայրաքաղաքը: Այս շրջագիծին մէջ Աշոտ Քոչարեան աւելցուց, թէ կը տարուին պատրաստութիւններ, մինչ Լիբանանի օրինակը փորձառութեան փոխանցման առումով լաւագոյն առիթներէն մէկն է:
Օրուան վերջին խօսքը արտասանեց մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի ներկայացուցիչ Հաննա Էմիլ, որ բարձր գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատան գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, թէ կրթութիւնը մարդկութեան զարգացման ցուցանիշն է, որ առանցքն է զարգացած ընկերութեան մը յառաջացման: Էմիլ նշեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մշակութային մարզին մէջ 70-ական թուականներէն ստորագրուած համաձայնագիրը կարելի է հիմք ունենալ՝ յառաջիկային գործակցութեան նոր եզրեր ստեղծելու համար:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին ընթացքին հայկական թէ օտար բազմաթիւ ընկերութիւններ ցուցադրած էին իրենց գիրքերն ու խաղերը: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: