
Շաբաթ, 14 Յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի Նալպանդեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մեծ վարպետ Սօս Սարգսեանի նուիրուած ՛ուշ-երեկոյ մը:
Ներկայ էին Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպսկ. Նաճարեան, արժանապատիւ Տէր Աւետիս քահն․ Համբարձումեան, Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնները եւ այլ կազմակերպութեանց վարչական ներկայացուցիչներ, Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկենտէրեան, ինչպէս նաեւ գրասէր հասարակութեան կոկիկ խաւ մը:
Յայտագիրը սկսաւ տեսաերիզի վրայ Համօ Սահեանի «Ինձ բաց թողէք ես գնամ» բանաստեղծութեամբ:
Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի հիմներգերով հանդէս եկաւ երիտասարդ եւ հմուտ դաշնակահար Ալեք Սահակեան: Բացման խօսքը կատարեց Մաքրուհի Քորթեան:
Ապա մեծ նահապետին կենսագրական գիծերը ամփոփ տուու'եալներով ներկայացուց Նորա Պասթաճեան: Ան անդրադարձաւ անոր կեանքի գործունէութեան հանգրուաններուն՝ տեսաերիզի մը ընկերակցութեամբ:
Ապրեցաւ Կոմիտասը իր «Հորովել»-ով, զոր մեներգեց Հայկուշ Զէյթունցեան՝ նուագակցութեամբ Վահիկ Պարսամեանի: Յոյժ տպաւորիչ էր իր քնքոյշ ձայնը, ան հմայեց ու դիւթեց ներկաները: Պահ մը ամբողջ սրահը Կոմիտաս Վարդապետի հետ փոխադրուեցաւ հայրենի աշխարհ: Զգայաշունչ այս երգին յաջորդեց դեռատի ասմունքող Վանա Տէյիրմէնճեան, որ աչքի ինկաւ իր յատուկ ելոյթով՝ Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Լեզուն» բանաստեղծութեամբ:
Լիլիկ Կոտոյեան ներկայացուց Սօս Սարգսեանի թատերական աշխարհը՝ «Ձորի Միրո»-ով, «Գիքոր»-ով եւ մեծ դերասանին այլ գործերով։ Այնուհետեւ Կարօ Քեշիշեան հետեւեալ նախաբանով սկսաւ իր խօսքին . «Ժամանակի խաւարներու մէջ թաքնուող հազուագիւտ դէմքերէն է Սօս Սարգսեան, ան ունէր իր շուրջի անհատները նուաճող յատուկ կորով մը: Գերմարդկային թատերաբեմը թնդացնող արտայայտիչն էր ան եւ այդ հոգիով անցած է իր կեանքի դառն տառապանքի շարքերէն»: Ընկ. Կարօ իր խօսքը աւարտեց Հ.Յ.Դ.-ի տուած դամբանականի ընթերցումովս:
Սօս Սարգսեան կը նշէր, թէ 90-ական թուականներուն ինչպիսի հին հրացաններով կռուեր էին եւ կը հաստատէր, թէ հպարտութեամբ պէտք է ապրինք, քանի շատոնց յաղթանակ չէինք տեսեր, այս յաղթանակը խոր իմաստ ունէր, այդ հիմամբ իսկ կը յորդորէ իր զաւկին կապուած մնալ հողին, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ նոյն յորդորը կուտար համայն հայութեան, աղաւնիներու հաւատարմութեամբ չմոռնալ հայրենի հին տունը ու վերադառնալ հոն: Հաւատքը ունենալ, մանաւանդ սեփական ուժերու վրայ հաստատ մնալ եւ ապրիլ արժանապատուութեամբ: Ահա այս հիման վրայ, Գոլէթ Մարտիրոսեան իր մենապարով «Սպանուուած Աղաւնի»-ի խորագրով հանդէս եկաւ եւ իր ճկուն նազպարով լայն ծափողջոյնի արժանացաւ:
15 վայրկեան դադարէ ետք, երկրորդ բաժնով Սիլվիա Իսկենտէրեան տուաւ Լիլիթ Գասլտեանի սրտառուչ խօսքը, որուն յաջորդեց նոյնչափ գեղեցիկ եւ մեղմիկ ձայնով Մարիա Ղահրամանեան Ալա Լևոնեանի «Սպարապետ» մեներգով:
«Ոտնամաններս» գիրքի հեղինակին մանկութեան ամենաթանկարժէք յուշերը՝ Սօս Սարգսեանի հին օրերու ապրումները, արժեւորեց Կարօտ Վարժապետեան: Ապա զոյգ պարմանուհիներ Թամարա Կոտոյեան եւ Միշէլ Դարբինեան հերթաբար տուին «Ես նման եմ իմ ժողովուրդին» նիւթը, նաեւ Թադէ Անդրէասեան ընթերցեց հեղինակին մտքերէն:
Զարուհի Մանուկեան հեղինակին պատգամը որպէս մերօրեայ ներշնչման աղբիւր՝ դրսևորեց մեր այժմու դժուարութիւնները, զորս գաղութս կը յաղթահարէ առանց ընկրկելու եւ յուսահատելու:
«Ապառաժ» թերթէն հարցազրոյցի մը ընթերցումը կատարեց Նշան Պասմաճեան: Յարգելի տնօրէնը զգացուած օրուան ձեռնարկի բարձորակ ընթացքէն, գնահատեց գրական յանձնախումբի անդամները՝ բարձր դասելով անոնց տարած բծախնդիր աշխատանքը:
«Հայ մամիկին աղօթքը» Մուշեղ Իշխանի խիստ շահեկան տողերով, տուաւ կենդանի պատկերը ջարդէն մնացորդաց Մուշեղ Ճենտէրէճեանի կեանքի վերիվայրումներուն: Սոյն բանաստեղծութիւնը արտացոլացուց Ռաֆֆի Աւետեան:
Այնուհետեւ Նայիրի մասնաճիւղի պարախումբը ներկայացուց «Մոկաց հարսներ» պարը՝ երգեցողութեամբ Թամար Աղաճանեանի:
Յայտագրի աւարտին Շրջանային Վարչութեան խօսքը ուղղեց Սիլվա Նազարեան, որ գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը եւ ըսաւ. «Ազգերը կը յարատեւեն նման ձեռնակներով»: Ապա ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը տալու իր սրտի խօսքը և Պահպանիչով փակելու Յուշ-երեկոն:
«Հողին մոգական ուժը ոչ ոք կրցած է հասկնալ ու ոչնչացնել: Հարուածներ միշտ ալ ստացած ենք, բայց՝ վերստին ծաղկած»,- ահա այսպէս սկսաւ իր խօսքը Սրբազան Հայրը եւ շարունակեց.«Մեր հերոսներէն մին է Սօս Սարգսեան, գերագոյն հայրը, ապրող ու ներկայացնող նահապետ մը: Ան ըլլալով համեստ գիւղացի մը, հողին բուրմունքը կը զգայ իր մէջ: Իր դժուարին պայմաններուն մէջ չլքեց Հայաստանը: Մեծ ուսուցիչն եղաւ երիտասարդութեան, պարկեշտ, աւանդապաշտ հայրենասէր մը, նուիրեալ անձ մը»:
Երեկոն վերջ գտաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: Մեծ գոհունակութեամբ ներկաները հեռացան սրահէն:
Զարուհի Մանուկեան