
Երկուշաբթի, 25 Յուլիսին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան դասախօսեց հայ գիրերու գիւտին մասին:
Խումբը դիմաւորեցին տեղւոյն Հայր Սուրբն ու Արման Սարկաւագը. վերջինը առաջնորդեց բոլորը դէպի Այբուբենի փոքրիկ պուրակը ու լիամփոփ ներկայացում մը կատարեց շրջանին եւ Եկեղեցւոյ մասին, ցոյց տալով Մաշտոցի թաղուած վայրը եւ շեշտելով Իշխան Վահան Ամատունիի ազգօգուտ դերը։ Յետոյ, խումբը ունկնդրեց հայ գիրերու գիւտին մասին Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի շահեկան բանախօսութիւնը։ Ապա ֆորումականները այցելեցին Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին:
Ճաշի սպասարկութիւնը ճիշդ դիմացը գտնուող հաճելի ու օդասուն փոքրիկ ճաշարանին մէջ էր, Pascal & diodato cafe, ուր երկար սեղաններու շուրջ ճաշելէ ետք, խումբը վերադարձաւ Եւրոպա պանդոկ:
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը այցելեց «Դէպի Հայք» հիմնարկը, ուր հանդիպում կայացաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւան Գապաքեանի եւ երկու կամաւորներու հետ։
Երեկոյեան խումբը այցելեց «Դէպի Հայք» հիմնարկի գրասենեակ, ուր հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւան Քապաքեան ներկայացուց ծրագիրը՝ օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցելով ծրագրի նախաձեռնութեան եւ հնարաւորութիւններուն մասին:
Աւելի ուշ, ֆորումականները վայելեցին երեւանի գիշերային կեանքը եւ երգ ու պարով ճոխացուցին երեկոն: