
Երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2018-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Համազգայինի մասնաճիւղը կազմակերպեց Գառնիկ Բանեանի « Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» ֆրանսերէնի թարգմանուած հատորի շնորհահանդէսը:
Երեկոյի բացումը կատարեց Նոնիկ Յովհաննէսեան: Ան ներկայացնելէ ետք զոյգ թարգմանիչները՝ Շանթ Մերճանեան եւ Ժան Միշել Պիլէմճեան, նշեց որ քանի մը շաբաթ առաջ Արաս հրատարակչատունն ալ հատորը թարգմանած է թրքերէնի եւ զայն հրատարակած Պոլսոյ մէջ:
Գիրքը մանկութեան յուշագրութիւն մըն է, որ կը սկսի ընտանեկան տաքուկ յուշերով, հայկական գիւղի մը մէջ: Այդ երջանիկ շրջանին կը յաջորդեն դժոխային օրեր, Այնթուրայի որբանոցին մէջ, ուր 1200 հայ որբուկներ հաւաքուած տարագրութենէն ետք կ'ապրին դաժան օրեր: Այդ որբանոցին մէջ ծեծով եւ զրկանքներով կը կիրարկուի Ճեմալ Փաշայի թրքացման ծրագիրը։
Ապա հայերէնով խօսք առաւ լրագրող Շանթ Մերճանեան, ան բացատրեց այս աշխատանքին կարեւորութիւնը իբրեւ վկայութիւն եւ կարդաց գիրքէն հատուածներ:
Վերջին խօսքը առաւ զօրավար Ժ. Միշել Պիլէմճեան: Ան անդրադարձաւ իր հօր Յովհաննէսի յուշերուն եւ կեանքին: Իր հայրը անցած է նոյն ճամբաներէն եւ ունեցած է Գառնիկ Բանեանի ճակատագիրը Այնթուրայի որբանոցի մէջ:
Երեկոյթը աւարտեցաւ սրտբաց զրոյցով մը: