
Յակոբ Կարապենց (1925-1994)
Յակոբ Կարապենց-Կարապետեան ծնած է 1925-ին Թաւրիզ: Նախակրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Թեհրանի ֆրանսական «Սէն Լուի» գոլէճին մէջ։ Թեհրանի մէջ, իր խումբ մը գաղափարակից ընկերներուն հետ, 1944 -ին մաս կը կազմէ Հայ պատանեկան մշակութային միութեան հիմնադիր կորիզին,որ 1946 թուականին կը վերանուանուի Հայ Երիտասարդական Մշակութային Միութիւն, իսկ 1950 թուականի աշնան կը կոչուի Հայ Մշակութային «Արարատ» Միութիւն, որ ընդարձակուելով եւ աճելով՝ կը վերանուանուի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութիւն: Այսօր տասնամեակներ բոլորած ՀՄԱԿ-ը կը հանդիսանայ իրանահայութեան մարզա-մշակութային եւ հասարակական կեանքի յենասիւնը։ Կարապենց կը յաճախէ ԱՄՆ Միսուրի նահանգի Կանզասի համալսարան, զոր աւարտելէ ետք՝ կը յաճախէ Նիւ Եորքի «Կոլումբիա» համալսարանը: Կը մասնագիտանայ լրագրութեան ճիւղին մէջ, հետեւելով հոգեբանութեան՝ իբրեւ ուսումնասիրութեան երկրորդ նիւթ: Ան 1954-1979 թւականներուն կը վարէ ԱՄՆ-ի «Ամերիկայի ձայն» հաստատութեան Հայկական բաժինը: Կարապենց կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու ու պարբերականներու («Հայրենիք», «Բագին», «Ալիք», «Ասպարէզ», «Հորիզոն»-ի Գրական յաւելուած, եւ շատ ուրիշներ): Կարապենցի առաջին գրական փորձերը եղած են բանաստեղծութիւններ, կարճ յօդուածներ եւ լրագրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են Թեհրանի «Արուսեակ», «Լոյս», «Էրօս» պարբերաթերթերու եւ ապա «Ալիք» օրաթերթի էջերուն մէջ: Ամերիկայի մէջ 1970-ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու առաջին հատորը՝ «Անծանօթ հոգիներ»,ապա՝ «Կարթագէնի դուստրը» ժամանակակից վէպը (1972), 1975-ին՝ «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» (նորավէպեր), 1981-ին՝ «Միջնարար»-ը (պատմուածքներ), 1983-ին՝ «Ադամի գիրքը» ժամանակակից վէպը, «Ամերիկեան շուրջպար» (1986) եւ «Անկատար» (1987), «Երկու աշխարհ, գրական փորձագրութիւններ» (1992) եւ «Մի մարդ ու մի երկիր եւ այլ պատմուածքներ» (1994): 1994 թուականին ան յաւերժ կը փակէ իր աչքերը: