«Նոր սերունդին պէտք է ներարկել զօրաւոր ազգային գիտակցութիւն քաղաքական իմաստով: Նրան պէտք է ներշնչել, որ ինք հայ է եւ ուրեմն տարբեր ազգի զաւակ, քան այն մարդիկ, որոնց երկրի մէջ ապրում է այսօր»:

«Որպէսզի ձեր հոգիները թարմ մնան, պէտք է կարդալ շարունակ: Գիրքերը լաւագոյն հարստութիւններն են մարդկութեան»:

Նիկոլ Աղբալեանին պատկանող այս խօսքերը կը սահմանեն սփիւռքահայութեան լուսաւորման համար իր եւ իր նմաններուն կողմէ հիմնուած Համազգայինի գործունէութեան ամբողջ ծրագիրը: Համազգայինի նպատակներուն ծառայելու կոչուած Հայ Ճեմարանը իր դուռերը բացած էր արդէն, իսկ դպրոցը պէտք պիտի ունենար յատկապէս՝ դասագիրքերու: Դասագիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու համար հեղինակներէ զատ՝ պէտք պիտի ըլլային նաեւ գործնական այլ միջոցներ՝ տպարան, գրախանութ, գրատարած: Սկզբնական շրջանին հատորները կը տպուէին այլ տպարանի մէջ (տպարան «Յոյս»): Տարիներ ետք Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով Համազգայինը տէր դարձաւ իր առաջին տպագրական փոքր մեքենային: Հատորները սկսելու համար տպուեցան «Հայ Ճեմարանի տպարան», իսկ աւելի ուշ՝ «Համազգային Ընկերութեան տպարան»ի մամուլներով: Ետքը, երբ այլեւս Աղբալեանի տպագրական մեքենան բաւարար չէր հասնելու հետզհետէ աւելցող կարիքներուն, կրկին դիմուեցաւ այլ տպարաններու, յատկապէս՝ «տպարան Մշակ»ին: Վերջապէս, տպարանային արդիական սարքաւորումներով օժտուելով, 1965ին սկսաւ գործել հետագային Վահէ Սեթեանի անունով մկրտուած տպարանը: 

            Այսօր Նիկոլ Աղբալեանի տպագրական մեքենան Համազգայինի Վահէ Սեթեան տպարանի եւ հրատարակչականի գոհարն է: Առանձինը՝ թանգարան մը: Ամփոփում մը՝ յիշատակներու եւ յիշողութիւններու. հիմնաքարը՝ Համազգայինի տպարանի եւ հրատարակչականի: Հարազատ պատկերը՝  զայն մատակարարողին եւ իր տիրոջ: Տոկուն, փոքր, սակայն՝ ծանր, դանդաղ աշխատող՝ բայց տպագրական սխալէն սարսափող, զայն վանող: Վերջապէս ժուժկալ սպառող եւ հակառակ ատոր՝ որակ արտադրող սարք մը, զոր կարելի է  պողպատեայ ամբողջ սերունդի մը այլեւս յաւիտենապէս լուռ, բայց՝  թերեւս այդ իսկ  պատճառով ա՛լ աւելի արտայայտիչ իբրեւ խօսնակը ընդունիլ:

            Այսպէս, ինչպէս շատ բան հայկական Սփիւռքի ռահվիրայական շրջանին, Համազգայինի տպարանն ալ ապրեցաւ իր հերոսական շրջանը: Յետոյ զարգանալով՝ հասաւ իր ներկայի վիճակին: Այսօր նոր մարտահրաւէրներ կան իր դիմաց: Որեւէ յեղափոխութեան նման՝ արհետագիտական յեղափոխութիւնն ալ ստեղծած է ճգնաժամային վիճակ: Հրատարակչական մարզը ընդհանրապէս թեւակոխած է նոր հանգրուան մը. հետեւաբար մեր հրատարակչականն ալ պարտաւոր է յարմարելու նոր կացութիւններուն: Այսինքն՝ տպագրական աշխատանքի կողքին պէտք է զարգանայ ելեկտրոնային միջոցներով գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը: Արդէն ատենէ մը ի վեր «Լալան ու Արան» մանուկներուն խաղերու միջոցով հայերէն ուսուցանելու ձեռնարկը կը վայելէ երեխաներու կողմէ խանդավառ ընդունելութիւն մը. պատրաստ է եւ կատարելագործուելու ընթացքի մէջ է մեր հրատարակչականի ելեկտրոնային գրադարանն ու գրախանութը, իսկ մօտ օրէն հրապարակ կ’իջնէ Համազգայինի h-pem մշակութային հարթակը, որ ուղղուած է բոլորին, բայց յատկապէս՝ ոչ հայախօս հայ երիտասարդութեան:       

            Այսպէս, ուրեմն, տեւապէս նորոգուելու եւ նորոգելու աշխատանքը վճռակամութեամբ կը շարունակուի: Նորով կը շարունակուի ստեղծագործ կեանքը, իսկ մեր միտքերուն մէջ նոյնքան ներկայ հինը կը վերածուի ուղղութիւն ցոյց տուող փարոսի: Կը մնայ ըմբոշխնել ծրագրուած յաջողութեան համար տարուող աշխատանքին իւրաքանչիւր քայլը՝ միշտ հետեւելով խորհրդապաշտ՝ բայց միաժամանակ կեանքի՛ փիլիսոփայ , նոյնինքն՝ Նիկոլ Աղբալեանի յորդորին.

«Երկար ապրելու չէք. ամենաշատը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժական խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան. հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ՝ ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կ’ապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսափում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօրէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէքը: Եթէ մտածենք, որ այսօրը անցնում է եւ վերադարձ չունի՝ պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճառով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ մեր սիրածին»:

Իսկ այս միջավայրին մէջ մեր սիրածը հայ գիրքն է, անոր գործնական ծննդավայրը՝ տպարանը, հրատարակչականը, որ իր գործը պարտի շարունակել հարկաւ արդիական միջոցներով, բայց անպայման՝  Նիկոլ Աղբալեաններու անժամանցելի ոգիով:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Պէյրութ, 10 դեկտեմբեր  2018