Կը նշենք մեր ընկերոջ՝ Հրանդ Մարգարեանի 80-ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ իր մշակութային գործունէութեան 65-ամեակը: Ողջունելով իր յոբելեանը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շնորհաւորէ զինք այս առիթով եւ իրեն կը մաղթէ առողջութիւն, որպէսզի ան կարենայ նոյն խանդավառութեամբ շարունակել իր ծրագրած աշխատանքները:

            Անձնապէս զինք ճանչցած եմ շուրջ քառորդ դար առաջ: Այսօր ես ֆիզիքապէս կը նմանիմ իրեն, իսկ ինք մնացած է այն՝ ինչ որ էր ատենին: Վստահ եմ՝ այդպէս ալ կը մնայ: Վերջերս միայն սկսած է իր տարիքը որոշ չափով մատնող պատուաբեր գաւազան մը գործածել. ատիկա ալ կու գայ Խրիմեան Հայրիկի տիպարը երկրագունդի մակերեսին վրայ գտնուող տեսանելի եւ աներեւոյթ հայկական համայնքներուն ներկայացնելու հաճելի ինքնապարտադրանքէն:  

            Այս ձեռնարկի իրողական կազմակերպիչներուն կողմէ պատրաստուած՝ մեզի շատ սիրելի յոբելեարի հասարակական գործունէութեան մասին տեսաժապաւէնը արդէն դիտեցինք. խօսքս հետեւաբար պէտք է սահմանափակուի ողջոյնի արտայայտութեան մը մէջ: Պիտի հպատակիմ անշուշտ կազմակերպիչներու համապատասխան հրահանգին, բայց ինչպէ՞ս չըսեմ, օրինակի համար, թէ ան Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Համազգայինի սիւներէն եղած է տասնամեակներ շարունակ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր այդ դերակատարութիւնը. թէ 90-ական թուականներուն շարունակաբար երկու շրջան Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամակցած է. թէ առիթը ստեղծուելուն պէս հայրենիք առաջին վազողներէն եղած է. թէ մանաւանդ՝ Հրանդ Մարգարեանը տարիներ շարունակ հանդիսացած է Համազգայինի կողմէ «Ֆորում» կոչուող ուսանողական տարեկան հաւաքին ղեկավար շարժակը՝ իր կեանք տուող ու խանդավառութիւն սերմանող ղեկավարութեամբ:

            Սակայն՝ մեղքս չպահեմ: Հրանդ Մարգարեանի ինքնուրոյնութիւնը ցայտուն կերպով կը յատկանշուի հայրենակցական իր պատկանելիութեամբ՝ Վանի իր վրայ ունեցած հրապուրիչ ազդեցութեամբ. կարճ ու ամփոփ ըսուած՝ իր տեսակէտները վանեցիական բոյրով յամառօրէն պաշտպանելու եւ այդ ձեւով անկարելին կարելի դարձնելու իր անժամանցելի ունակութեամբ: Այդպիսի կարողութիւն իսկապէս հրաշք կը գործէ. աստուածայի՛ն հրաշք, որուն ականատես ենք ահա այսօր, ճիշդ հիմա՛: Կը տեսնենք, որ կառավարական որոշումով գոյութիւն չունեցող Սփիւռքի նախարարութիւնը գէթ առժամաբար յարութիւն առած է ի՛ր անունով կազմակերպելու համար յոբելինական այս հանդիսութիւնը. ահա՛ եւ մեր շնորհակալութեան արտայայտութիւնը անոր:

            Ընկեր Հրանդ Մարգարեանին կրկին կը մաղթենք երկար կեանք, որպէսզի յաջորդ յոբելեաններէն մէկուն ա՛լ աւելի մեծ հրաշքներ վայելելու պատեհութիւնը ընծայէ մեզի:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 31 մայիս 2019