Կառոյցներուն արժէքն ու իմաստը կարելի չէ ներկայացնել նիւթեղէն կառուցուածքով՝ աշխարհագրական դիրքով, սարքերով ու տակաւին՝ ճոխութիւններով եւ կամ ալ առկայ կարասիներով: Ո°չ, արժէքը կը կայանայ կեդրոնին ծաւալած գործունէութեան ու նպատակներու իրականացման հոլովոյթին մէջ:

Կառոյցի մը արտաքին տեսքով գնահատական տալը, իմաստազրկութիւն ըլլալու կողքին, նաեւ ձեւական է, խաբուսիկ ու անհեթեթութիւն. իսկ խորքը կառոյցին ճամբով իրականացող առաջադրանքներուն արժեւորումներն են, որոնք կու գան հաստատելու հունձքին տարողութիւնը, արդիւնքն ու անդրադարձը:
Ուստի, կառոյցի մը հաստատումը լոկ միջոց է նպատակի մը իրականացման համար, եւ երբ կառոյցի մը յառաջացումը կը դառնայ ինքնանպատակ, ապա կառոյցը «կառոյց» ըլլալու ըմբռնողութենէն կը դատարկուի: Բնականաբար այստեղ պէտք է ընդունիլ, որ երբ կþըսուի՝ միջոց, ապա նշեալ միջոցին լաւորակ, արդիական ու գեղեցիկ ըլլալը բնականաբար նպատակի իրականացման մէջ մեծ դերակատարութիւն կþունենայ:

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայկական կառոյցներուն յառաջացումը երբեմն եղած է պատահական եւ երբեմն ալ «բան մը ընելու սիրոյն» քայլեր, որոնք դժբախտաբար կարճ ժամանակ ետք կնքած են իրենց մահկանացուները՝ դառնալով լոկ քարաշերտ տարածքներ՝ աննպատակ ու ապարդիւն:
Բայց այս բոլորին կողքին նաեւ ստեղծուած են այնպիսի կառոյցներ, որոնք խոր համոզումներու, ծրագրուած մօտեցումներու ու բիւրեղ եւ ազգային արժէքներու պահպանման մեկնակէտով ստեղծուած են, եւ առ այդ, տարիներ ետք պահպանելով իրենց գոյութիւնը՝ նոյնիսկ արձանագրած են վերելք ու տակաւին հանդիսացած՝ այլ կառոյցներու հաստատման շարժառիթ:
Ակնարկը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մասին է, որ իր հիմնարկէքի օրէն ունեցած է թափանցիկ հայեցակէտ, որն է՝ առհասարակ լիբանանահայութեան հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան ծանօթացումը, տարածումն ու պահպանումը:
Այս կառոյցը մուտք գործող անհատները արուեստի ճիւղի մը հետ մտերմանալով ու հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով՝ թրծուած կþըլլան այնպիսի հայաշունչ ազգային մթնոլորտով, որ դափնեկիրը կը հանդիսանայ առողջ սերնդափոխութեան՝ կառոյցին նպատակներուն իրականացման ու գործունէութեան շարունակականութեան:
Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի ստեղծումէն 20 տարի ետք, երբ յետադարձ ակնարկով մը կարելի կþըլլայ սերտել անցեալը, ճանչնալ հիմնադրութեան պայմաններն ու դժուարութիւնները, եւ այդ բոլորին մէջ համազգայնականներու կեդրոնը պահելու մարտունակ կեցուածքները, ապա կարելի է հաստատել, թէ կառոյցը իր ամբողջական իմաստով «կառոյց» է:
Կեդրոն մը, ուր 20-ամեայ ժամանակահատուածի մը ընթացքին հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ մուտք գործելով՝ դուրս ելած են հետերնին անպայմանօրէն տանելով հայ մշակոյթէն մասունք մը, ժառանգութիւն մը: Այնպիսի հարստութիւն մը, որ նոյնինքն հայօրէն ապրելու հիմնական նշոյլ մըն է:

Այսօր, երկու տասնամեակ ետք ու Լիբանանի առկայ տնտեսական, քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն մէջ, երբ կեդրոնին մէջ ներկայ են անհատներ, որոնք արուեստի տարբեր բնագաւառներուն կը հետեւին, եւ որոնցմէ շատեր նոյնիսկ կը մասնագիտանան, ապա իրողութիւնը պէտք է ըլլայ ողջունելի ու կեդրոնի հիմնադիրներուն միտքը՝ հեռանկարային:

*
*    *

Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին համար շաբաթ օրը կը նշանակէ աներեւակայելի խճողում ու անդադար եռուզեռ: Մէկ կողմէ «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները կը պատրաստուին իրենց շաբաթական փորձերուն, միւս կողմէ՝ կը լսուին երաժշտական գործիքներուն ձայները, երկրորդ յարկէն «Կարկաչ» երգչախումբի անդամները արդէն սկսած կþըլլան երգեցողութեան, իսկ երրորդ յարկին մէջ, երբ «Թորոս Ռոսլին»ի աշակերտները «կը շարժեն» իրենց վրձինները, «Արեգ» մանկապատանեկան դպրոցի անդամները «կը գծագրեն» պատկերները:
Եւ ահա ուսուցիչ մը մտահոգ կը մօտենայ.
– Տեղ չկայ, ո՞ւր դաս պիտի ընենք:

Վստահաբար քառայարկ կառոյցի մը մէջ մէկ օրուան ընթացքին հարիւրաւոր աշակերտներու տեղի ապահովումը շատ դժուար է, սակայն համազգայնական ըմբռնողութեամբ, անպայմանօրէն կեդրոնին մէջ անկիւն մը կարելի կþըլլայ յատկացնել «դասարանազուրկ» դարձած պարագաներուն:
Այո°, շաբաթ օրը «խճողուած» օր է, քանի որ Լիբանանի կրթական ծրագիրը այնքան ծանրաբեռնուած է, որուն պատճառով շաբթուան մէջ արուեստի ճիւղերուն հետեւիլը կը դժուարանայ, հակառակ անոր որ կեդրոնէն ամէն օր կարելի է լսել ջութակներու, դաշնակներու, կիթառներու ու այլ գործիքներու սկսնակներու, երբեմն այսպէս կոչուած անախորժ ու բարձր կարգի աշակերտներու հնչեղ դասերը, երգերը:

Տակաւին մէկ դասապահը իր աւարտին չհասած, դուրսը աշակերտները կանգնած, կը սպասեն իրենց կարգին… ու այսպէս հերթաբար կու գան ու կþերթան, երբ արեւը մարը մտած կþըլլայ, մինչ հոսքը դադար չþունենար:

Այս արագընթաց հոսքին մէջ, կանխելու համար բոլոր տեսակի ուշացումները, աշակերտի մը իր ծնողին կոչը եւս կու տայ բաւարար ապացոյց մը:
– Արա¯գ, արդէն ժամը 12:00 է. պարի փորձը պիտի սկսի ու պէտք չէ ուշացում արձանագրել:
Այս բոլորին կողքին վստահաբար տակաւին կարելի չէ մոռնալ կեդրոնին մէջ գործող ջութակահարներու ու կիթառահարներու խումբերը, գեղարուեստի դպրոցներու միջդպրոցական ձեռնարկները, «Գուսան» երգչախումբը, «Քնար» պարախումբը, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը, վարչութիւններու անձնուէր գործունէութիւնն ու ծնողներուն միութենական հասկացողութիւնը, որոնք իրենց ներկայացումներով ու ներկայութեամբ եւս կեանք կու տան կեդրոնին: Տակաւին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան բազմատեսակ մշակութային ձեռնարկներու ամբողջական իմաստով հեւքն ու հոսքը, կեդրոն այցելուները եւ ելոյթներն ու համերգները իրենց կարգին կու տան յաւելեալ կորով, ազգային ու մշակութային համ ու հոտ:
Այո°, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնը երկու տասնամեակ ետք հաստատակամօրէն կþապրի, կը շնչէ:
Կեդրոնը Լիբանանահայ իրականութեան մէջ մշակութային սնունդ ու ժառանգութիւն փոխանցող նպատակասլաց, համազգայնավայել եւ եզակի վայր մըն է…

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ