Մեր ապրած իրականութեան մէջ, հաղորդակցութեան արդիական գործիքները մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հասանելի դառնալու լաւագոյն եւ ամենէն ազդու միջոցներէն են։ Առ այդ, մանուկներու դատիարակութեամբ զբաղող մասնագէտներ եւ հաստատութիւններ կ’որոնեն զանազան միջոցներ, որպէսզի փոքրերը հետաքրքրական եւ օգտակար ձեւով կարենան գործածել այդ գործիքները, անոնցմէ դասեր քաղեն եւ զանոնք ծառայեցնեն իրենց համար պիտանի գիտելիքներու ամբարման։

Համազգայինը նախաձեռնած է հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղերու ստեղծմանը՝ iOS եւ Android գործիքներու վրայ, app­երու ձեւաւորումով։ Լալան ու Արան ­ Գոյներու Աշխարհը  այն հազուագիւտ խաղերէն է, որ պիտի մղէ մանուկները վերանորոգելու իրենց հետաքրքրութիւնը հայերէն լեզուի նկատմամբ։

World of Colors