ՊԱՏՄԱԿԱՆ

Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին, Համազգայինի առաջին մասնաճիւղը հիմնուած է Գանատայի (Քեպէգ նահանգի) Մոնթրէալ քաղաքին մէջ 1963-ի Օգոստոսին: Մասնաճիւղը համախմբած է 1955-էն սկսեալ գաղութին մէջ յաջորդաբար կազմուած երգչախումբը, պարախումբն ու թատերախումբը:

Թորոնթոյի (Օնթարիօ նահանգ) մասնաճիւղը յառաջացած է 1969-ին եւ իր առաջին ներկայացումը եղած է Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած գեղարուեստի երեկոյ։

Այս զոյգ մասնաճիւղերու եւ Ա.Մ.Ն-ի Պոսթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի ու Տիթրոյթ քաղաքներու հայ մշակութային միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, 1975-ի Յունիսին յառաջացած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան գործադիր մարմինը: Այս մարմնին նպատակն էր Համազգայինի անուան տակ հաւաքել բոլորը ու սերտացնել անոնց միջեւ յարաբերութիւնները:

Գործադիր մարմնի ջանքերով կը հիմնուին Գանատայի Համիլթըն ու Գէմպրիճ քաղաքներու մասնաճիւղերը (1976-ին):

Գործադիր մարմնի հրաւիրած բացառիկ Պատգամաւորական ժողովը (Թորոնթօ, Դեկտեմբեր 1976) կը ճշդէ Համազգայինի նոր կառոյցը, որոշելով յառաջացնել՝ Գանատայի Շրջան եւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջան: Ապա նոյն մարմնի հրաւէրով    1977-ի Յունիսին յաջորդաբար կը գումարուին Պոսթընի մէջ՝ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի, իսկ Համիլթընի մէջ՝ Գանատայի Շրջանի անդրանիկ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովները, նպատակ ունենալով ընտրել առաջին Շրջանային վարչութիւնները:

Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը 1978-ին կեանքի կը կոչէ գրատարած յանձնախումբ մը, որ մասնաճիւղերուն ճամբով կը ստանձնէ հայ գիրքի ու երգապնակներու-երիզներու տարածումը Գանատայի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Գանատայի տարածքին գրատարածման ամէնէն կազմակերպ այս նախաձեռնութիւնը կը գոհացնէ թէ՛ հայ գրասէրներու գրական պահանջները, թէ՛ հայկական վարժարաններու դասագրքային պահանջները արդիւնաւէտ կերպով:

Վանգուվըրի մասնաճիւղը կը ստեղծուի 1981-ին:

2002-ին, օգտուելով Համազգայինի Դ. Պատգամաւորական ժողովի մշակած նոր կանոնագրի տրամադրութիւններէն, Շրջանային վարչութիւնը կը քաջալերէ կորիզներու կազմութիւնը:

 

Կորիզներ

Հետեւեալ կորիզները, որոնք ատենին յառաջացած էին, այժմ կազմալոյծ են։

  1. ՚Հաղբատ (Քեպէգ քաղաք) – 3 անդամ
  2. Ամարաս (Համիլթըն) – անուանական
  3. Արմաշ (Սէնթ Գաթրինզ) – անուանական

Իսկ Գէյմպրիճի եւ Վանգուվըրի կորիզները ներկայիս ունին մասնաճիւղի կարգավիճակ։

 

ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

2025 թուականին Համազգայինի Գանատայի շրջանը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը, համագումար շուրջ 450 անդամներով.

Մասնաճիւղեր

  1. Սանահին (Մոնթրէալ-Լաւալ) – 200 անդամ
  2. Գլաձոր (Թորոնթօ) – 150 անդամ
  3. Տաթեւ (Գէյմպրիճ) – 50 անդամ
  4. Վարագ (Վանգուվըր) – 30 անդամ

 

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի 2024-2026 շրջանային կազմը բաղկացած է հետեւեալ ընկերներէն՝

Թամար Շահինեան Փօլատեան, ատենապետ

Անահիտ Պալեան, ատենադպիր

Ծովիկ Կուտեան, գանձապահ

Մարալ Պէրպէրեան, Սանահին մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ

Յարութ Տոնոյեան, Գլաձոր մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ

Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, Տաթեւ մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ

Էօժենի Բարսեղեան, Վարագ մասնաճիւղի մօտ ներկայացուցիչ

 

Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Գանատայի մէջ Շրջանային վարչութեան գլխաւոր աշխատանքը կը հանդիսանայ մասնաճիւղերու աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերուն միջեւ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միւս Շրջաններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացումը: Այս առումով, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Շրջանային Վարչութիւնները (Գանատա, Արեւելեան Ամերիկա եւ Արեւմտեան Ամերիկա) ամէն տարուան յունիսի կէսերուն կը կազմակերպեն ArtLinks-ը, որ յառաջացաւ երեք շրջանային վարչութիւններու կազմակերպութեամբ, 2015-ին։ Երիտասարդական այս ցանցի մասնակիցները իրենց մշակութային գիտելիքները կը զարգացնեն ընտրանի հայ արուեստագէտներու հետ շփուելով ու անոնց ցուցմունքներուն հետեւելով՝ աշխատանոցներու ընդմէջէն։

Շրջանային Վարչութեան Հովանաւորութեամբ  2019-Էն սկսեալ տեղի կ՚ ունենայ Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական Դասընթացքը (ԼՇՀ դասընթացք), ուր բազմաթիւ դասախօսներ, թէ՛Մոնթրէալէն, թէ՛ Գանատայի կամ արտասահմանի այլ վայրերէն իրենց գիտելիքն ու փորձառութիւնը կը բաժնեն բանախօսութեան եւ աշխատանոցներու միջոցով։  Ուսանողներ հետեւելով այս դասընթացքին ձեռք կը բերեն արեւմտահայերէնի եւ հայերէնագիտական նիւթերու յաւելեալ հմտութիւն։ Հիմնադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն ընկերներ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան եւ Ծովիկ Քահվէճեան։ Ծրագիրը կը համադրէ եւ կը վարէ ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեան։

Նշենք թէ բոլոր դասախօսներու ելոյթները նկարահանուած եւ տեղադրուած են YouTube-ի Hamazkayin Armenolog կայանին վրայ։

Շրջանային Վարչութիւնը ամէն տարի նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՚օժանդակէ, որ հայ երիտասարդը իր մասնակցութիւնը բերէ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Forum-ին).

Տարեկան դրութեամբ, Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը կը կազմակերպէ

– շաբաթօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններու 8-րդ կարգի աշակերտներուն համար շարադրական մրցոյթ։

– չափահասներու համար, հայերէն գիրքի մրցանք, որուն նպատակն է քաջալերել գրասէրները մանկապատանեկան գիրքեր գրելու, արեւմտահայերէնով։ Առաջին մրցանակի հանդիսացողի գործը կը հրատարակուի Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։

– արեւմտահայերէնի առցանց դասեր, խմբային թէ անհատական դրութեամբ, առանց տարիքի սահմանումի, տարբեր մակարդակներու վրայ։

– Հրատարակչական ծիրէն ներս, Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուցած է «Օշական» մատենաշարը,  պարբերաբար խմբագրելով եւ հրատարակելով գրական արժէք ներկայացնող անտիպ գործեր։ Խմբագրական կազմի անդամներն են ընկերներ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Էլիզա Չաքմաքճեան։

 

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Մասնաճիւղերը կը տանին աշխոյժ, բազմաշերտ գործունէութիւն եւ սերտօրէն կը գործակցին իրարու հետ:

Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղը ունի «Անի» կրտսերներու եւ «Անի» մեծերու պարախումբերը,, «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, «Քնար» երգչախումբը, Փոքրերու Պատմութեան Ժամ ծրագիրը, «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» հաւաքները, ինչպէս նաեւ Նուռ հայկական շարժանկարի, գրական, կերպարուեստի, գրադարանի ու գրատարածի յանձնախումբերը: Աշխոյժ գործունէութիւն ունի Մուշեղ Իշխան գրադարանը, որ Գանատայի հայկական մեծագոյն հանրային գրադարանն է, 8000-է աւելի հատորներով:

Խթանելու համար սէրն ու հետաքրքրութիւնը հայերէն լեզուին եւ Հայոց պատմութեան նկատմամբ, նաեւ քաջալերելու Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (Forum-ի) մասնակցութիւնը, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդական Ե. կարգի այն աշակերտը կամ աշակերտուհին, որ հայերէն լեզուի եւ Հայոց պատմութեան մէջ բարձրագոյն միջինը ապահոված է կը ստանայ դէպի Հայաստան ճանապարհատոմս մրցանակը, Համազգային Գանատայի Շրջանային եւ «Սանահին» մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւններուն կողմէ։

Բոլոր գեղարուեստի խումբերը աշխոյժ ներկայութիւն են համայնքէն ներս, հանդէս գալով բազմաթիւ անգամներ գրական, երգչախմբային պարախմբային ելոյթներով նաեւ ցուցահանդէսներու կազմակերպութեամբ։ Մասնաճիւղը սերտ գործակցութիւն ունի տեղւոյն վարժարաններուն եւ միութիւններուն հետ։

 

Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղը ունի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը, «Էրեբունի» պարախումբը , «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանը, «Գուսան» երգչախումբը, Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբը, Գրասէրներու Խմբակը, «Արշիլ Կորքի» ցուցասրահը, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը:

2007-էն սկսեալ, մասնաճիւղը աշնան կը կազմակերպէ «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը, որ իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մըն է:

Աշխոյժ ներկայութիւն է համայնքին մէջ գրադարանի-գրատարածի յանձնախումբը, որ կը կազմակերպէ գիրքի շնորհահանդէսներ, հայ գիրքի շաբաթավերջ եւ կը վարէ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանի գործունէութիւնը։ 2005-էն ի վեր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին  մաս կը կազմէ «Համազգային» թատերասրահը, շնորհիւ հաւատաւոր համազգայնականներ՝ Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեաններու մեծագումար նուիրատուութեան:

Գրական գործունէութեան ծիրէն ներս կը ծրագրուին տարեկան արտասանական մրցոյթ, զարգացման մրցոյթ, փոքրերու պատմութեան ժամ, յոբելենական հանդիսութիւններ. 2012-էն ի վեր կանոնաւոր հերթականութեամբ կը գործէ իր տեսակին մէջ եզակի՝ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքը։

Մասնաճիւղի գեղարուեստի խումբերը բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս կու գան տարուան ընթացքին, դրսեւորելով մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն գրական, կերպարուեստի, պարախումբերու, երգչախումբերու, ֆիլմի, գրական-գրատարածի ծրագիրներուն ընդմէջէն։

Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղը ունի փոքրերու «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը եւ «Մասիս» պարախումբը։ Մասնաճիւղը երկար տարիներ ետք վերաշխուժացած է եւ տարուան ընթացքին կը կազմակերպէ զանազան ձեռնարկներ, ներառեալ՝ ձեռարուեստի պահեր։

Գէյմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղը ունի գրադարան եւ կը կազմակերպէ զանազան մշակութային ներկայացումներ տարուան ընթացքին, ներառեալ՝ գիրքի վաճառք, ֆիլմի ցուցադրութիւններ, ձեռային աշխատանոց։ Սերտօրէն կը գործակցի Սանահին եւ Գլաձոր մասնաճիւղերուն հետ տարուան ընթացքին թատերական, գրական, երգչախմբային եւ պարախմբային ելոյթներ կազմակերպելով։

Համազգայինը մնայուն ներկայութիւն է Գանատայի հայ համայնքի կեանքին մէջ, եւ յաճախ իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական եւ այլ ձեռնարկներու ընթացքին։

 

Email: regional@hamazkayin.ca