Լիբանանի մէջ 1930-ի Հոկտեմբերին կը հիմնուի «Հայ Կրթական, Հրատարակչական Համազգայինի Ընկերութիւնը» եւ մինչեւ 1970՝ Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքները կ’իրագործուին զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջոցաւ: Կը կազմակերպուին գեղարուեստական ձեռնարկներ, թատերական ներկայացումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, սեմինարներ եւ ընկերային խրախճանքներ:

1975-ին կը կազմուի Լիբանանի առաջին Շրջանային Վարչութիւնը, որ սկզբնական շրջանին կը գործէ խորհուրդներու միջոցաւ: Երաժշտական, Թատերական եւ Գիր ու Գրականութիւն խորհուրդներու հիմնական պարտականութիւնն էր մշակել ծրագիրներ եւ ներկայացնել զանոնք Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, որ համակարգելով նախատեսուած այլազան աշխատանքները, գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կեանքի կը կոչէր զանոնք:

Շուտով, աշխատանքի ծաւալումով, մասնագիտական ուղղուածութեան անհրաժեշտութիւնը ստեղծուեցաւ: Սիրողական մակարդակով գործող «խորհուրդ»ներուն անդամակցեցան համապատասխան պատրաստութիւնը ունեցող երիտասարդ տարրեր, որոնք ե՛ւ հետաքրքրութիւնը ե՛ւ պատրաստակամութիւնը ունեցան գործելու մշակոյթի զանազան բնագաւառներէ ներս եւ արհեստավարժի սահմաններուն հասնող բծախնդրութեամբ՝ գործեցին «Գիր ու գրականութիւն», «Թատերական», «Պարի», «Երաժշտական» միաւորները, որոնք իրենց մշակած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ, շուտով յաջողեցան համալիբանանեան առումով ձեռնարկներ իրագործել:

Միաւորներու կողքին շարունակեցին գործել մասնաճիւղերը, որոնք 1986-էն սկսեալ մկրտուեցան մշակութային գործիչներու անուններով: Պէյրութի մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Կոմիտաս» (1931-ին հիմնուած), Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը՝ «Սիմոն Վրացեան» (1952-ին հիմնուած), Էշրէֆիէի մասնաճիւղը՝ «Ռուբէն Զարդարեան» (1953-ին հիմնուած), Անթիլիասի մասնաճիւղը՝ «Նիկոլ Աղբալեան» (1970-ին հիմնուած), Այնճարի մասնաճիւղը՝ «Պարոյր Սեւակ» (1972-ին հիմնուած), Նահր Մոթի մասնաճիւղը՝ «Համօ Օհանջանեան» (1986-ին հիմնուած):

1980-ական թուականներուն Համազգայինի գործունէութիւնը այնքան ծաւալած էր, որ անհրաժեշտ էր մնայուն կեդրոն մը ունենալը: Հետզհետէ կը կազմաւորուէին երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտական դասընթացքներ: Մեծ իրագործում էր Շրջանային Վարչութեան Մշակութային կեդրոնի կերտումը, որուն բացումը կատարուեցաւ 1988-ին, Գարեգին Բ. Վեհափառի ներկայութեամբ եւ կոչուեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային կեդրոն: Իսկ 2005ին տեղի անբաւարարութեան պատճառով «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ կարելի եղաւ ստեղծել «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը:Այսօր զոյգ կառոյցներուն մէջ կը գործեն Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները:

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլէճը հիմնուած է 1983-ին: «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլէճը կը հաշուէ շուրջ 388 աշակերտ. առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Պարսումեան, ապա յաջորդաբար տնօրէնի պաշտօնը վարած են Տիկ. Սոնա Քիւփելեան, Սեդրակ Սեդրակեան, Երուանդ Երկանեան, Արմէն Քէչէկ, Աշոտ Ճենտերեճեան, Վահրամ Էմմիեան, դպրոցներու կրթական տնօրէն նշանակուեցաւ Յովհաննէս Գարախանեան, որմէ ետք յառաջացաւ կրթական հարցերով զբաղող տնօրէն խորհուրդ մը, յանձինս Յովհաննէս Գարախանեանի, Կարօ Աւեսեանի եւ Մարալ Հարպոյեանի, ապա կրթական տնօրէնի պաշտօնին  կոչուեցաւ Գէորգ Քէշիշեան, աւելի ուշ՝ Կամիլա Երկանեան, իսկ այժմ դարձեալ յառաջացաւ դպրոցներու կրթական հարցերով զբաղող տնօրէն խորհուրդ մը, յանձինս դոկտ. Էտի Թորիկեանի, Արմէն Ճենտերեճեանի եւ Ռալֆ Քէօշկէրեանի: Մասնագէտ ուսուցիչներ կը դասաւանդեն դաշնակի, ջութակի, կիթառի եւ զանազան լարային եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասանիւթերը: Քոլէճը կ’ունենայ տարեկան աշակերտական եւ աւարտական դասարաններու ունկնդրութիւններ ու կը մասնակցի տարբեր տեսակի մրցանքներու: Երաժշտական Քոլէճը օժտուած է նաեւ երաժշտական կոկիկ գրադարանով մը: Ընթացաւարտները՝ յատուկ համաձայնագրի մը տուեալներով, կրնան կատարելագործել իրենց երաժշտական ուսումը Հայաստանի «Կոմիտաս»ի անուան երաժշտանոցին մէջ: Իսկ 27 Յունուարի 2023-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն եւ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի (MOU) ստորագրութիւնը, որ իրականացաւ Կեդրոնական Կոմիտէին հետ համադրաբար: Այս համաձայնագիրով Համազգայինի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ կը ստեղծուին, ինչպէս նաեւ Գեղարուեստի Դպրոցներու վկայականները ներկայիս ճանչցուած եւ վաւերացուած են մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:

Վերջին տարիներուն Քոլեճը ունի նաեւ իր սենեկային աշակերտական նուագախումբը, ինչպէս նաեւ ջութակահարներու, կիթառահարներու եւ տհոլահարներու համոյթները:

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցը հիմնուած է 1988ին եւ ունի շուրջ 75 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղանկարչական դասընթացքներու: Կ’ունենան աշակերտական եւ աւարտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ միջ-դպրոցական մրցանք-ցուցահանդէսներ: Դպրոցը ունի մշակուած ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ: Դպրոցը ունեցած է վարիչ պատասխանատուներ, եւ ուսուցչական կազմը բաղկացած է հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներէ: «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Թալին Մոսիկեանը:

«Գայեանէ» Պարի Դպրոցը հիմնուած է 1989-ին, ունի շուրջ 216 աշակերտ: Պարի դպրոցը տարբեր դասարաններու ընդմէջէն աշակերտութեան կը սորվեցնէ պարի տարբեր ճիւղերը եւ հերթաբար կÿունենայ իր տարեկան ելոյթները, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտները: Երկար տարիներ պարի դպրոցի պարուսոյցը եղած է հայրենի արուեստագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեան: Այժմ դպրոցի պարուսոյցներն են հայրենի արուեստագէտներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները: Վերջերս ստեղծուած է նաեւ պալէի յատուկ դասընթացք, որ ունի շուրջ 31 աշակերտ:

«Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը հիմնուած է 1997-ին: Տարիքային տարբեր բաժանումներով անդամները մաս կը կազմեն երգչախումբին, կը հետեւին ձայնամարզութեան դասընթացքներու ու կ’ունենան տարեկան համերգներ: Ունեցած են նաեւ շրջապտոյտներ: Երգչախումբը յաճախ կ’ունենայ նոր երգերու կատարում, հայրենի հեղինակներու կողմէ ստեղծագործուած՝ յատուկ Կարկաչին համար : Երգչախումբը կը գործէ Շողիկ Թորոսեանի խմբավարութեամբ. աշակերտութեան ընդհանուր թիւը շուրջ 50 է:

«Այգ» երիտասարդական երգչախումբը հիմնուած է 2008-ին Զաքար Քէշիշեանի կողմէ:Նախորդող տարիներուն, տարեկան համերգի կողքին, երգչախումբը կը մասնակցէր գաղութի զանազան ձեռնարկներուն, հայ թէ օտար դասական եւ ժամանակակից երգերով: Այժմ տարիքի բերումով երգչախումբին անդամները փոխանցուեցան «Գուսան» երգչախումբ եւ դժբախտաբար չունեցանք նոր անդամներ:

«Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերական Դպրոցը հիմնուած է 1999-ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է հայրենի արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեան, աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան, որմէ ետք՝ Հրայր Գալեմքէրեան: Այժմ դպրոցի վարիչն է Սիլվա Սողոմոնեան, իսկ բեմադրիչը՝ Սուրէն Խտըշեան:

«Քնար» պարախումբը հիմնուած է 1956-ին՝ բժ. Վարդգէս եւ տիկ. Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով. ունի շուրջ 60 անդամ: Շրջան մը պարուսոյցի հանգամանքով աշխատած է Գարինա Ալեքսանտրեան: Այժմ պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները:

«Գասպար Իփէկեան Թատերախումբը», որ նախապէս կոչուած է «Թատերասէրներու Միութիւն» հիմնուած է 1941-ին, Գասպար Իփէկեանի կողմէ: Իբրեւ բեմադրիչ գործած են Գասպար Իփէկեանը, Ժորժ Սարգիսեանը, Բաբգէն Փափազեանը, Վարուժան Խտըշեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Ռոպերթ Առաքէլեանը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը: Հետագային, Գասպար Իփէկեան Թատերախումբին կողքին ստեղծուած է երիտասարդական խումբ մը, որուն բեմադրիչները եղած են  Սուրէն Խտըշեան եւ Հրայր Գալեմքէրեան, սակայն խումբը այժմ դադրած է:

«Գուսան» երգչախումբը հիմնադրուած է 1956-ին: Սկզբնական շրջանին ճանչցուած է հիմնադիրին անունով ՝ «Բարսեղ Կանաչեան», ապա խմբավարի պաշտօն ստանձնած են Յարութիւն Թօփիկեան, Երուանդ Երկանեան, Պարգեւ Թասլաքեան: Երգչախումբին մաս կը կազմեն շուրջ 55 անդամներ: Այժմ խմբավարն է Գրիգոր Ալոզեան:

Շրջանային Վարչութիւնը իր կողքին ունի նաեւ յանձնախումբեր, որոնք կ’օժանդակեն Շրջանային Վարչութեան զանազան ձեռնարկներու յաջողութեան: Գեղարուեստի դպրոցները ունին իրենց խնամակալութիւնը, «Գուսան» երգչախումբը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը եւ «Քնար» պարախումբը ունին իրենց վարչութիւնները, որոնք մօտէն կը հետեւին կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ գործնապէս կ’օժանդակեն իրագործելու համար տարեկան ձեռնարկները:

Հայրենիք-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու համար Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը Լիբանանի հայութեան յաճախ կը մատուցէ հայրենի արուեստագէտներու եւ խումբերու ձեռնարկներ, որոնք կ’արժանանան մեծ գնահատանքի:

Լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ իր յատուկ տեղը ունի Համազգայինը իր հետեւողական աշխատանքով եւ իրագործումներով: