Համազգայինի Լոնտոնի Մեկուսի մասնաճիւղը հիմնուած է 13 Հոկտեմբեր 1990-ին, Հ․Յ․ Դաշնակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, կնքահայրութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան այդ ժամանակուան ատենապետ Եղիկ Գոնիալեանի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու։ Վարչութիւնը ընդհանրապէս գործած է հինգ վարչական անդամներով եւ զանազան յանձնախումբերով (գրական, երաժշտական, արուեստ եւայլն)։ Մասնաճիւղը ներկայիս կը հաշուէ 19 անդամներ, որոնցմէ վեցը երիտասարդներ են։ Մասնաճիւղիս կարեւոր իրագործումներէն եղած են Արամուս գիւղի (Աբովեան Շրջան, Հայաստան) դպրոցին աջակցութիւնը եւ հոսող աղբիւրի ջուրը գիւղին հասցնելու ծրագիրին մասնակցութիւնը։ Մասնաճիւղիս աշխատանքներու ծիրէն ներս ընդգրկուած են գրական եւ յոբելեանական զանազան երեկոներ, դասախօսութիւններ, գիրքերու ներկայացման շնորհահանդէսներ, հայկական ֆիլմերու ցուցադրութիւն, տեղական եւ միջազգային գիրքերու ցուցահանդէսներուն մասնակցութիւն, եւայլն։ Որպէս լոնտոնահայ կառոյց՝ մասնաճիւղս իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լոնտոնահայ Համայնքային Խորհուրդի եւ շրջանիս Հայ եկեղեցւոյ խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համայնքային բոլոր ձեռնարկներուն։
Email: events@hamazkayin.org.uk
