Համազգայինի Դ. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Այն Սաատէի մէջ, Լիբանան, 2002ի Մարտին:
Համազգայինի Գ. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Ատմայի մէջ, Լիբանան, 1998ի Սեպտեմբերին:
Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, 1994ի Սեպտեմբերին:
1928ին հիմնուած Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան՝ «Համազգային»ի համար անկիւնադարձային թուական եղաւ Օգոստոս 23-26, 1990ը, երբ Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի համասփիւռքեան Անդրանիկ Պատգամաւորական ժողովը, եւ յառաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը: