1928 Մայիս 28-ին, 9 հոգի որոնք պատահմամբ համախմբուած էին Եգիպտոս, կ՚որոշեն նշել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 10-րդ տարեդարձը, ստեղծելով կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն մը՝ Համազգային անունով։

Այս տղոց անունը յիշատակուած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մուտքին փակցուած ցուցատախտակին վրայ, հետեւեալ կարգով.

Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սարգիս Մալխասեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սեդրակ Պալըգճեան։

9 մարտիկներ, 9 սամուրայներ զարգացող այս աշխարհին մէջ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դրօշը պարզեցին։ Անոնցմէ մի քանին 1918-1920 անկախութեան տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած էին կառավարութեան մէջ։

Օհանջանեանը վարչապետ էր, Աղբալեանը՝ Մշակոյթի նախարար։ Լեւոն Շանթը թատերագիր էր, ձեւով մը Հայոց Շէյքսփիրը, որով կը ներշնչուէր Գասպար Իփէկեան, որ եգիպտական «Մաթոսեան» ծխախոտի ընկերութեան մէջ պաշտօն մը ունէր…։ Ամէնքն ալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մօտիկ կամ համակիրներ էին։

Այս Հայերը ապաստանեալներ էին յետ 1915-ի Ցեղասպանութեան կամ մեր անկախ պետութեան ձախողութեան։ Կ՚ապրէին Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր բնակավայրերու մէջ՝ Երկիրի կորսուած հողերու դրացիութեամբ։ Կը պատկանէին «Իսլամով շրջապատուած փոքրամասնութիւններ»-ուն (մահմետական արաբ կամ իրանցի), որոնց մէջ 1920-ական թուականներուն ծնունդ կ՚առնէր ու կ՚ամրանար հայկական «սփիւռքային գիտակցութիւն» մը:

Բոլորն ալ կը հաւատային, որ Կարսի (1921) եւ Լօզանի (1923) դաշնագրերով «Երկիր»-ի կորուստը պէտք է փոխարինուի՝ Սփիւռքի երիտասարդութեան մէջ հայերէն լեզուի (արեւմտահայերէն, որ Օսմանեան կայսրութեան Հայերու լեզուն էր) եւ հայկական մշակոյթի հզօրացումով։ Ատոր համար անոնք ուզեցին ստեղծել ուսման արդիական հաստատութիւն մը, երկրորդական վարժարան մը, ուր ուսուցումը պիտի տրուէր միա՛յն հայերէն լեզուով, ինչ որ բաղդատելի պիտի ըլլար՝ 1914-էն առաջ Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններու տարածքին գործած Էջմիածնի գերագոյն ճեմարանին կամ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի խաղացած դերին հետ՝ հայ մտաւորականութիւն (գրող եւ քաղաքական գործիչ) կերտելու գործին մէջ:

Տարբեր հորիզոններէ եկած այս մարդոց հեռանկարն էր միացնել աշխարհով մէկ պառակտուած եւ ցրուած ընտրեալ Հայերը՝ հայապահպանման նպատակին շուրջ, պահպանել եւ փրկել այն ինչ որ հայկական է՝ բառիս բուն իմաստով, առանց անտեսելու ներգաղթի հեռանկարը դէպի Սովետական Հայաստան։

Սկզբնական շրջանը շատ դժուար էր։ Պէտք էր փնտռել վայրը եւ նիւթական միջոցները։ 1930 Մարտ 3-ին Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ համեստ կեդրոնի մը՝ 15 աշակերտով, հիմնադիրներէ կազմուած (Աղբալեան, Շանթ, Իփէկեան) ուսուցչական կազմով, որ –Նշան Փալանճեան անունով նուիրատուի մը շնորհիւ– կը վերածուէր Պէյրութի նշանաւոր Ճեմարանին։ Շատ աւելի ուշ, ան զգալիօրէն պիտի ընդլայնուէր, արդիականացուէր եւ փոխադրուէր Անթիլիաս, շնորհիւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեանի առատաձեռնութեան։ 1931-ին, Վահէ Սեթեան հրատարակչատունը եւ անոր գրատունը, որոնք ընկերակցութեան պիտակը (label) կը կրէին, խթան հանդիսացան գրական արտադրութեան։ 1962-ին հիմնադրուած «Բագին» պարբերականը 1990-էն ի վեր Համազգայինի պաշտօնաթերթը կը հանդիսանայ։

Հոս չենք անդրադառնար Ճեմարանի ուսուցչական եւ աշակերտական հարուստ պատմութեան, որ անբաժանելի է Լիբանանի եւ անոր հայ համայնքի իրադարձութիւններով լի պատմութենէն։ Յիշեցնենք սակայն 1990-ին Մարսիլիոյ մէջ ստեղծուած Համազգայինի դպրոցը, որ այսօր դարձած է երկլեզու վարժարան՝ Յակոբ Պալեանի, Լուսին Մալիքեանի եւ Սեդա Պիպէռեանի ջանքերով եւ Ֆրանսայի մէջ միակը ըլլալով (հայկական)կ՚ընդունի շուրջ 300 աշակերտներ՝ մանկապարտէզէն մինչեւ Պաքալօրէա։ Առանց մոռնալու Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց նախակրթարանը։ 1986-ին նոր գաղթերու երկիր՝ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ Համազգայինի դպրոց մը կերտուած է։ Որպէս հետեւանք գաղթերու, կամ քաղաքական իրադրութիւններու ընձեռած կարելիութիւններու օգտագործումով՝ այսօր Համազգայինը ներկայացուած է Իրանի, եւրոպական երկիրներու (Աթէնքը հանդիսնալով հզօր կեդրոն), Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ մէջ։ Ի վերջոյ, 1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Համազգային հոն եւս ներկայութիւն հաստատուած է զանազան ձեւերով, այդ կարգին՝ Երեւանի մէջ իր մնայուն գրասենեակով։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»