Ազգային երգը եւ անոր հասարակական կարեւորութիւնը

(Վարդան Պետրոսեանի «Իմ ընկեր» երգի ներկայացման առիթով)

 

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը այսօր համահայկական հասարակութեան  հպարտութեամբ կը յանձնէ  յօրինող, Երեւանի երաժշտանոցի դասախօս՝ Փրոֆեսոր Մարգարիտա Սարգսեանի երաժշտական դաշնաւորումով «Իմ ընկեր» երգը, որ հիմնուած է ԵՊՀի դասախօս Փրոֆեսոր  Վարդան Պետրոսեանի նոյնանուն բանաստեղծութեան վրայ: Առաջին կատարողն է օփերայի երգիչ Անդրանիկ Մալխասեանը:

            Բանաստեղծութիւնը ներշնչուած է 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Հայաստանի դէմ շղթայազերծած  44օրեայ պատերազմէն, որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ համայն հայութեան համար. պատերազմ՝ որուն հետեւանքները ծանր կը կշռեն հաւաքական գիտակցութեան տէր ամէն հայու վրայ, անկախաբար իւրաքանչիւրին ունեցած անհատական կորուստէն: Այնքան ցնցուած են մարդիկ, որ գէթ մինչեւ այսօր դժուարութիւն կայ այս կացութենէն հայանպաստ ելք մը գտնելու. ինչ որ բոլորս ա՛լ աւելի ողբերգական վիճակներու կրնայ առաջնորդել: 

            Արդ՝ բանաստեղծութիւնը, ընդհանրապէս գրականութիւնը, երաժշտութիւնը իր բոլոր տեսակներով, առհասարակ գեղարուեստն ու ոգեկան արտադրութիւնը, կամ ասոնց որակաւոր, ներդաշնակ ու յաջող համադրութիւնը մեծ ազդեցութիւն կրնան գործել մարդկային մտքի ու հոգեկան աշխարհին վրայ: Գեղարուեստական ազդու գործի  արտադրութեան մեքանիզմը միշտ նոյնն է. իրականութիւնը կ’ազդէ գիտակցական աշխարհի յայտնի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին անգիտակիցին մէջ թաքնուած զգայարանքներուն վրայ, կը պատրաստէ գրութեան ատաղձը, որ տաղանդով ու աշխատանքով նախ ինքը կը վերածուի արուեստի գործի. ատկէ ազդուող զգայուն երաժիշտը գրութեան կը հագցնէ երաժշտական յարմարագոյն ու վայելուչ հագուստը. վերջաւորութեան արդիւնքը կը ներկայացուի հանրութեան դատաստանին: Այսպէս չէ՞, որ երգը, թատրոնն ու առհասարակ արուեստը նպաստած են զանգուածներու, ցեղախումբերու, ժողովուրդներու եւ կազմաւորուած ազգերու մտաւոր ու հոգեկան յառաջդիմութեան: Իսկ երբ երգը, ընդհանրապէս արուեստը, կ’ազդէ մտքերու եւ հոգիներու վրայ, ան կը կատարէ կատարելութեան հասնող կրթական ու դաստիարակչական աշխատանք՝  անհատական ու հաւաքական ոլորտներուն մէջ միաժամանակ:

            Այս ուղղութեամբ Յունաստանի օրինակը ներկայացուցչական է եւ ուսանելի: Յոյն ժողովուրդը օսմանեան տիրակալութեան դէմ ըմբոստացաւ 1821-ին, եւ ինը տարի ետք ներկայ Յունաստանի հարաւային մասով եւ Եգէական ծովու որոշ կղզիներով հիմը դրուեցաւ արդի ժամանակներու յունական պետականութեան՝  իբրեւ ազգ-պետութեան գաղափարին առաջին գործնականացում: Պալքանեան երկու եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմներէն ետք Յունաստան ստացաւ ներկայի իր աշխարհագրական տեսքը, բացի հարաւարեւելքը գտնուող Երկոտասնեայ կղզիներէն, որոնք Յունաստանին միացան Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք: Անոր ազգային պայքարը կը տեւէ մինչեւ այսօր՝ վերիվայրումներով լի: Այս տարի Յունաստան կը նշէ ազգային ապստամբութեան եւ իր վերածնունդի 200-ամեակը:

            Պետական կեանքի երկու դարերը լեցուն են յուսախաբութիւններով, օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին ծաղկած փտածութեան երեւոյթներով, պետական սնանկութեան մէկէ աւելի պարագաներով, հասարակութեան  պառակտումի ժամանակաշրջաններով (թագաւորականներ ու հանրապետականներ կամ աջեր ու ձախեր), բայց նաեւ՝ ազնիւ հպարտութիւն առթող յաղթանակներով:

            Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք երկիրը ապրեցաւ քաղաքացիական արիւնալի ընդհարումներու ժամանակաշրջան մը, որուն ժխտական հետեւանքները հասարակութեան վրայ զգալի էին ամբողջ քառորդ դար: Իսկ ժողովրդավարական ընդունուած հասարակակարգը առաւելաբար ձեւական էր: Եօթնամեայ զինուորական բռնատիրութեան շրջանի աւարտին՝ 1974-ի ամրան Կիպրոսի մասնակի կորուստէն ետք, ճամբան բացուեցաւ դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն:

            Կիպրոսի մասնակի կորուստին պատասխանատուները ստացան իրենց արժանի պատիժը, քաղաքացիական պատերազմի քէնի ու փոխադարձ ոխի մթնոլորտը փարատեցաւ, տեղի ունեցաւ ներազգային հաշտութիւն եւ յուլիսեան առաւօտ մը յոյները արթցան տեսնելու համար, որ ժողովրդավարութիւնը ամրօրէն հաստատուած է իրենց հայրենիքէն ներս:

            Ինչպէ՞ս պատահած էր այդ հրաշքը: Պարզապէս քաղաքացիական պատերազմէն ետք տեղի ունեցած էր մշակութային չյայտարարուած յեղափոխութիւն մը:

            Արդարեւ՝ երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ժամանակաշրջանին զարգացած էր բանաստեղծներու, գրագէտներու խումբ մը, որ ատենուայ ձախակողմեան, ընկերային արդարութեան առնչուող գաղափարաբանութիւն մը որդեգրելով հանդերձ, խորքային կերպով կնքուած էր յունական ազգային գաղափարներու հանդէպ առհաւական հաւատքով: Հետագային այդ տաղանդաւոր սերունդը փայլեցաւ միջազգային հարթակներու վրայ. օրինակ՝ Ոդիսեւս Էլիթիսը, Գէորգիոս Սեֆերիսը դարձան գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, Եանիս Րիցոսը արժանացաւ Լենինեան մրցանակին:

            Ասոնց եւ այլոց բանաստեղծական գործերէն ոմանք երգի վերածուեցան վերջերս իր մահկանացուն կնքած Միքիս Թէոտորաքիսի եւ իր նմաններուն կողմէ: Այս ձեւով յունական երգը շատ արագ կերպով արձանագրեց որակային աննախընթաց, դէպի առաջ ու դէպի վեր, ոստում մը: Խօսքը քանի մը երգերու մասին չէ, այլ՝ հարիւրաւոր, հազարաւոր, եթէ նկատի առնուին նաեւ նոյն նիւթերը շօշափող, բայց այլ աղբիւրներէ յառաջացող հոսանքները:

            Այդ հոսանքներու հասարակաց ակունքը արեւմտեան Փոքր Ասիայէն Յունաստանի մայր ցամաքամաս, Եգէական ծովու կղզիներ ու մինչեւ հեռաւոր ամերիկաները ապաստան գտած յոյն գաղթականութիւնն էր, որ իրեն հետ բերած էր նաեւ իր երաժշտութիւնն ու երգը՝ տխուր, բողոք արտայայտող, սէրը փառաբանող, արդարութեան ճիչը բարձրացնող ժողովրդային ինքնուրոյն, բիւզանդական մշակոյթի տարրերը կրող ենթամշակութային երաժշտութիւնն ու երգը: Հետեւաբար յունական երգի ուժգնութեան գաղտնիքը ժողովրդային՝ շատերու կողմէ արհամարհուած ենթամշակութային երաժշտութեան ու երգի, արուեստագէտի տաղանդի ու ճաշակի որակային պատուաստումով արագօրէն բազմաթիւ սանդղամատեր մագլցած երգին մէջ պէտք է փնտռել:

            Այսպէս, արդէն նախորդ դարու վաթսունական թուականներուն, Միքիս Թէոտորաքիս եւ, պէտք է անգամ մը եւս ընդգծել, անոր արժանաւոր ժամանակակից մրցակիցները սկսած էին գրաւել ոչ միայն իրենց անմիջական հասարակութեան հոգիները, այլ տիրացած՝ միջազգային համբաւի: Բոլոր յոյն երաժիշտները, բայց մանաւանդ՝ Միքիս Թէոտորաքիս, իրենց նուագախումբերով ու երգիչներով, յատկապէս ամառնային բացօդեայ համերգներով, քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ արշաւելով, իրենց հոյակապ գործերով մրճահարեցին ժողովրդական խաւերու միտքերն ու հոգիները, կրկնելով ու կրկնելով արդարութեան պահանջը, շեշտելով ազգային արժանանպատուութեան պաշտպանութեան եւ հպարտութեան կարեւորութիւնը, իր հողն ու ջուրը շահագործող օտար ուժեղ պետութիւններու առջեւ չխոնարհելու հրամայականը: Այս ձեւով յոյն ժողովուրդը իր ընկերային-քաղաքական դաստիարակութիւնը ստացաւ առաւելաբար իր մշակոյթէն՝ երգելով ու պարելով: Այդ երգերը այսօր մաս կը կազմեն ժողովրդային ու ազգային ժառանգութեան եւ անպակաս են նոյնիսկ մանուկ դպրոցականներու երգացանկերէն:

            Ահա՛ նմուշ մը այդ երգերէն.

«Քեզի շատ սուտեր խօսեցան,

Այսօր կրկին սուտեր կ’ըսեն.

Վաղը կրկին սուտեր պիտի խօսին.

Սուտեր կ’ըսեն թշնամիներդ,

Իսկ բարեկամներդ ալ իրականութիւնը կը թաքցնեն քեզմէ:

 

Կեղծ փառք կը խոստանան քեզի թշնամիներդ,

Բայց բարեկամներդ ալ սուտ իրականութիւններով կը քնացնեն քեզ:

 

Ո՞ւր կ’երթաս սուտ երազներով.

Ո՞ւր կ’երթաս սուտ երազներով:

 

Ժամանակն է կանգ առնելու,

Ժամանակն է երգելու,

Ժամանակն է լալու եւ ցաւելու,

Ժամանակն է տեսնելու»:

 

            Յունաստանը այսօր, հակառակ զինք պատուհասած տնտեսական շուրջ տասնամեայ ճգնաժամին, անսասան կերպով կառչած կը մնայ իսկական ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն. այնքա՛ն ուժեղ եղաւ ժողովուրդին երգով  փոխանցուած պատգամը: Իր արտասանած դամբանականով երկրի նախագահուհին Միքիս Թէոտորակիսին շնորհեց  «ազգի մանկավարժ»ի  տիտղոսը. աւելի պարզ խօսքով՝ «հանրութեան դաստիարակ»ի:

            Ի՞նչը կը մղէ մեզ խորապէս ազգային պարունակութեամբ հայկական երգի մը հրապարակման առիթով այսքան խօսիլ Յունաստանին վերաբերող խնդիրի մը մասին: Պատասխանը պարզ է. առանց աւելորդ խօսքերու՝ միայն ու միայն նախանձը. բարի՛ նախանձը: Յաջող օրինակը մեր տրամադրութեան տակ է. կը բաւէ զայն ընդօրինակել: Համապատասխան տաղանդը չկա՞յ հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ. չենք կարծեր, որ չկայ. կը պակսի, կ’երեւի, կամքն ու ճիգը: Դիւրին չէր Թեոտորաքիսներու կտրած ճամբան. հալածանք, բանտ, աքսոր, նախատինք, զրկանք. բայց նաեւ անվիճելի յաջողութիւն, յարգանք, համակրանք, առատ ծափահարութիւն՝ նոյնիսկ իր դագաղին ետեւէն. իսկ անձնական փառքէն վեր՝ կայ ազգի փրկութեան գործին մէջ շօշափելի ներդրումը, աներեւոյթ՝ բայց իւրաքանչիւր քայլափոխին զգացուող:   

            Պետութեան մը հիմնական ռազմավարական ոլորտներէն մէկը կրթականն է, անոր առողջութիւնն ու դիմադրողականութեան տեւական բարձրացումը: Երեսուն տարի շարունակ հասարակութիւնը կերակրած ենք աժանաբարոյ դրուագաշարներով, օտարաբոյր երաժշտութեամբ՝ սին ու անիմաստ խօսքերով պարուրուած, սուտերով ու անհեթեթի սահմանները հատող հռետորաբանութեամբ: Իշխանութիւններու աչքին առջեւ հայութիւնը ջլատելու, անոր միասնականութիւնը քանդող քարոզչութեան կատարած աւերները մեր օրերուն տեսանելի են, իսկ անոնց վերացումը կը կարօտի հսկայական ճիգի: Իրարու կը նայինք շուարած՝ առանց յարմար միջոցը գտնելու ստեղծուած վտանգաւոր կացութենէն դուրս գալու համար: Կը խօսինք խաղաղութեան մասին, երբ շրջապատը ակռաները սրած մեզ յօշոտելու կը պատրաստուի:

Այսօր աւելի քան ակնբախ է, որ 1988-ի եւ 2018-ի ապստամբութիւնները կը հետապնդէին հակոտնեայ նպատակներ: Առաջինը կը հետապնդէր ազգային նպատակներ եւ առաջնորդեց յաղթանակի. երկրորդը՝ մերօրեայ անարիւն յեղափոխութիւններու արհեստագիտութեան արհեստավարժ կիրառումով առաջնորդեց հայութեան պարտութեան: 1988-ը յանգեցաւ Արցախի ազատագրումին, 2018-ը ստրկութեան սեմին հասցուց Արցախը՝ միաժամանակ վտանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Ասիկա՛ է մերկ աչքով իսկ տեսանելի ակնբախ իրականութիւնը. այս վիճակի պատճառներն ալ՝ անաչառ ու պարկեշտ ուղեղին կողմէ դիւրաւ ըմբռնելի:

            Կը մնայ յուսալ, որ ներկայ վիճակը վախճանականը չէ, հայոց արդի պատմութեան վերջին խօսքը չէ: Հայ ժողովուրդը ազգ էր, երբ ուրիշներ աւատապետներու եւ ռամիկներու հասարակութիւն էին միայն: Հիմա անհրաժեշտ է պահպանել ազգայի՛ն հասարակութիւնը՝ մերժելով առաջ քշուող լոկ ստամոքսի եւ գրպանի սպառողական բնորդը: Թէոտորաքիսի «պայքարի մշակոյթ»ը  ի գործ պէտք է դրուի, եթէ նախանձախնդիր ենք մեր ազգային անվտանգութեան եւ ազգի ապագայի ապահովման:

Թէ քաղաքականութիւնը հայութեան ի՞նչ կը վերապահէ, ներկայ անորոշ վիճակին մէջ կարելի չէ կռահել: Այսպիսի կացութիւններու մէջ հայը յաճախ ապաւինած է իր աւանդական զէնքին՝ մշակոյթին, որուն մէջ երգը միշտ ալ գրաւած է առանձնաշնորհեալ տեղ: 1988-ին շղթայազերծուած ազատագրական պայքարին ընկերակցեցաւ հարուստ երգացանկ մը՝ գովասանքը հիւսելով հայոց լեռներուն եւ զանոնք ազատագրող լեռնանման հերոսներուն:

            Վերջին պատերազմի մեր նահատակները նոյնչափ արժանի են մեր երախտապարտութեան եւ յարգանքին:

Այսօրուան շնորհահանդէսին՝ մեր շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղուի առաջին հերթին փրոֆեսոր Վարդան Պետրոսեանին իր նախաձեռնութեան համար, փրոֆեսոր Մարգարիտա Սարգսեանին՝ բանաստեղծութեան երգի վերածումին համար, ինչպէս նաեւ՝ պարոն Անդրանիկ Մալխասեանին երգի առաջին կատարումին համար: Կը յուսանք, որ հաւատալով երգի ուժին, ուրիշներ ալ նման ստեղծագործութիւններով նպաստեն ներկայի անյոյս մթնոլորտէն մեզ առաջնորդելու դէպի աւելի խանդավառող ու դրական՝ յաղթանակները կարելի դարձնող հասարակական հոգեվիճակի մը գոյառումի գործին:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 24 Սեպտեմբեր 2021