Յունաստանի Համազգայինի շրջանը կը նշէ իր մշակութային գործունէութեան 60ամեակը, թէեւ այս շրջանը Համազգայինի կազմակերպական կառոյցին միացած է միայն 40 տարիներ առաջ, երբ Համազգայինը ամբողջացուցած էր արդէն իր գոյութեան 88-րդ տարին: Ինչքան ալ զարմանալի թուի այս երեւոյթը, ան ունի իր իմաստը: Ատիկա կը նշանակէ, թէ մշակոյթը գոյութիւն ունի հասարակութեան մէջ առանց կազմակերպման կարիքը ունենալու: Տարբեր է սակայն կրթութեան մարզը, ուր կազմակերպումը պայման է, որպէսզի սերունդները դաստիարակուին ըստ հաւաքականութեան կամքին: Գործնական փա՞ստը այս իրականութեան. Համազգայինը իր գործին սկսաւ իր կրթական աշխատանքով՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանով: 

            Բնական է, կազմակերպութեան գոյութիւնը պայման կը դառնայ, երբ հաւաքականութեան դարերու ընթացքին զարգացուցած եւ զինք սահմանող մշակոյթը, ի՛նք պիտի ծառայէ հաւաքականութեան ինքնութեան պահպանման: Փաստ է, որ հայութեան, յատկապէս՝ սփիւռքահայութեան պարագային մշակոյթը կարեւոր չափով կատարեց այդ առաքելութիւնը: Հայկական երգչախումբը, հայկական  պարախումբը, հայկական թատերախումբը, հայկական նուագախումբը նպաստեցին բոլորովին ժխտական ու անբարեացակամ պայմաններու մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման: Հանրայայտ իրողութիւն է, թէ մշակոյթը յատկանշելով հաւաքականութիւն մը՝ միաժամանակ անոր ինքնութեան ու նկարագրի պահպանման հիմնական գրաւականներէն մէկն է:

            Այլ հարց է անշուշտ, թէ ինչքան կրնայ դիմադրել մշակոյթ մը իր ոչ հարազատ միջավայրին մէջ, երբ տեւական յարաբերութեան մէջ կ’ըլլայ ան օտար մշակոյթի մը  հետ. երբ ամէն վայրկեան կը կրէ տիրող մշակոյթի ազդեցութիւնը. երբ տուեալ հաւաքականութիւնը եւ հաւաքականութեան իւրաքանչիւր անդամ առօրեայ կեանքի պարտադրանքով անհրաժեշտութիւնը կը զգայ համարկուելու տեղական հասարակութեան: Ժամանակի ընթացքին սկզբնական մշակոյթի մաշումն ու աստիճանական աղաւաղումը անխուսափելի են: Այս երեւոյթը Սփիւռքի մէջ ամէն քայլափոխին առաւել կամ նուազ չափով կը զգայ իւրաքանչիւր հայ մարդ:

            Սփիւռքահայութեան ազգային կեանքի վրայ հպանցիկ ակնարկ մը իսկ մեզ  դիւրաւ պիտի համոզէ, թէ Համազգայինը իր անջնջելի կնիքը դրած է անոր զարգացման հունաւորման վրայ: Արդարեւ, Համազգայինի հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք Լիբանանի մէջ գործի սկսած Ճեմարանն ու հրատարակչականը բաւական երկար ատեն սփիւռքահայութեան հասցուցին դպրոցներէն ներս ծառայելու ատակ երիտասարդ ուսուցիչներ եւ կրթական ասպարէզին անհրաժեշտ հրատարակութիւններ. յունահայ գաղութէն ներս նոյնպէս Ճեմարանի շրջանաւարտներու սերունդներ բաւական երկար ատեն ծառայեցին հայ դպրութեան ու ազգային կեանքի զարգացման: Ատեն մը Համազգային անունը հոմանիշ էր Ճեմարանի: Բայց աստիճանաբար ջահը անցաւ կրթական ասպարէզէն՝ մշակութային զանազան մարզերու. գրականութիւն (նախ «Ակօս», ետքը՝ «Բագին»), թատրոն («Գասպար Իփեկեան» թատերախումբ), երգ (Բարսեղ Կանաչեանի կողմէ ղեկավարուած «Գուսան» երգչախումբ) եւայլն: Յաջորդեց կազմակերպական կառոյցի ընդլայնումը: Այսօր Համազգայինը ունի համահայկական կառոյց՝ գործելով աշխարհասփիւռ շուրջ քսան երկիրներէ ներս: Կեդրոնական Վարչութիւնը կը պահէ գրասենեակներ Պէյրութի, Երեւանի եւ հիւսիս-ամերիկեան ցամաքամասին վրայ: Երեք լման ուսումնական ընթացքով վարժարաններ՝ Պէյրութի, Մարսէյի եւ Սիտնիի մէջ կը ջամբեն որակեալ ուսում, իսկ տարիէ մը ի վեր Կեդրոնական Վարչութիւնը ստանձնած է նաեւ Փարիզի մէջ գտնուող հայկական նախակրթարանի մը կրթական վերահսկողութիւնը՝ զայն աստիճանաբար միջնակարգ վարժարանի վերածելու հեռանկարով:

            Անցեալը անշուշտ անցած է պատմութեան: Խնդիրը ներկան ու ապագան են: Նորութիւն մը յայտնաբերած չենք ըլլար ըսելով, թէ ազգովին կ’ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ: Ասիկա իրականութիւն է թէ՛ հայրենահայութեան, թէ՛ սփիւռքահայութեան համար: Համազգայինը ստեղծուած է Սփիւռքի՛ մէջ գործելու համար. այդպէս ալ կը շարունակէ: Ան կը շարունակէ գործել հիմնականին մէջ կամաւորականութեան սկզբունքներով. ատկէ բխող դրութեան բոլոր բարոյական ու գաղափարական առաւելութիւններով եւ միաժամանակ լուրջ անպատեհութիւններով: Արդ՝ ներկայ աշխարհին մէջ աւելի քան երբեք կը տիրապետէ արեւմտեան քաղաքակրթութեան անհատապաշտ տարբերակը: Աւելի քան երկու դար առաջ մարդկային իրաւունքներու հռչակագրի յայտարարութենէն ի վեր մարդ անհատն է հասարակական մտածողութեան առանցքը: Այդ պատճառով, կ’երեւի, մարդիկ դարձած են աւելի եսակեդրոն ու եսասէր: Առաւել՝ արհեստագիտական յառաջդիմութեան շնորհիւ աւելցած են մարդոց ազատ ժամանակը լեցնելու զբաղումները. հեռատեսիլ, համակարգիչ, զանազան ու զարմանազան վայելքներ: Մարդու հետ փոխարէն՝ մարդիկ սկսած են յարաբերիլ մեքենաներու հետ կամ, լաւագոյն պարագային՝ անոնց միջոցով: Դրացիիդ «բարիլոյս» ըսելը նոյնիսկ դժուարացած է: Համաշխարհային բարոյահոգեբանական այսպիսի վիճակի մէջ երիտասարդութիւնը հաւաքական գործով ու նեղ հաւաքականութեան օգտին խանդավառելը չափազանց կը դժուարանայ: Համաշխարհայնացման դարաշրջանին մէջ երիտասարդութիւնը կը խանդավառուի համաշխարհային հարցերով, որոնց քարոզչութիւնը կը կատարուի ամէն կողմէ եւ ամէն առիթով: Օրինակ՝ բնապահպանումը, որ բոլորը հետաքրքրող լուրջ խնդիր ըլլալով հանդերձ, միայն մասնակի ու մասնագիտական հարց մըն է:

            Ատենին կարեւոր նկատուող հարցերէն՝ մարդկային իրաւունքները, ազգային իրաւունքները, անհատական ու միջազգային արդարութեան խնդիրները, ժողովրդավարութեան հարցը եւ նոյն մակարդակի հարցեր կը շարունակեն պահել իրենց արժէքը, սակայն՝ միայն երեւութապէս. անոնք փաստօրէն դուրս բերուած են իրենց հարազատ պարունակէն եւ միջազգային բեմերու վրայ կը գործածուին լոկ իբրեւ քաղաքական պայքարի միջոց: Այս բոլորին պատճառը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած միջազգային յարաբերութիւններու կարգն է, որ հիմնուած է բացառաբար տնտեսական ու ֆինանսական մարզերուն վրայ՝ երկրորդական հարթակի վրայ մղելով մարդու կեանքին առնչուող այլ կարեւոր խնդիրները: Այսպէս՝ մշակոյթը, որ պարզ խօսքով կեանքի որակի մակարդակի կարեւոր ցուցանիշերէն է, մեր օրերուն կը չափուի իր ներկայացուցած տնտեսական-ֆինանսական կշիռով: Միաժամանակ՝ ան վերածուած է տիրապետութեան կարեւոր զէնքի: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ասդին մանաւանդ փոքր ժողովուրդներու մշակոյթները յատկանշող տարրերէն շատեր անհետացած՝ կամ առ նուազն անճանաչելի դառնալու աստիճան  արմատականապէս փոխուած են: Հաղորդակցութեան միջոցներու առատութիւնն ու արագութիւնը համեմատած անցեալին բազմապատկած են ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութեան կարելիութիւնները: Իսկ այդ յարաբերութիւնը մշակութային փոխանակումները այնքան դիւրացուցած է, որ ժողովուրդներու մշակութային հասարակաց յատկանիշներու համեմատութիւնը վերջին տասնամեակներու ընթացքին տեւական աճումի ընթացք մը ունի: Երիտասարդները ամէնուրեք կը պարեն նոյն պարերը՝ նոյն կշռոյթով, խոհանոցային ճաշակները ժամանակի ընթացքին իրարու կը մօտենան, մարդիկ ամէն տեղ կը հագուին համարեայ նոյն հագուստները: Համաշխարհայնացումը ուրեմն կ’առաջնորդէ դէպի մշակութային միօրինականացում:

            Ինչպէս բոլոր փոքր ժողովուրդներու՝ հայութեան համար ալ լեզուի եւ կրօնքի կողքին  հայկական ինքնութեան պահպանման համար մշակոյթը ամենէն ազդու միջոցն է: Աշխարհասփիւռ հայութեան պարագային կացութիւնը կը ներկայացնէ բազմաթիւ ու բազմատեսակ բարդութիւններ, որոնք բարեբախտաբար կը գործեն հակադիր ուղղութիւններով. անոնցմէ շատեր հասկնալիօրէն կը դժուարացնեն հայկական ինքնութեան պահպանումը, իսկ անոնցմէ ոմանք կրնան նպաստել այդ նոյն ինքնութիւնը պահպանելու միտող դրական մթնոլորտ ստեղծելու:

            Հայութիւնը սփռուած է աշխարհի ամէն կողմ: Հայաստան, արեւմտեան Սփիւռք, արեւելեան Սփիւռք, Թուրքիա: Ամէն տեղ առաւել կամ նուազ չափով հայկական կազմակերպուած կեանք գոյութիւն ունի: Ասիկա հին ժողովուրդներու հասարակաց յատկութիւններէն մէկն է: Ինչքան մեծաթիւ ըլլան հայ ինքնութիւնը բնորոշող հասարակաց յատկանիշները աշխարհացրիւ հայկական միաւորներուն մէջ, այնքան կարելի կ’ըլլայ խօսիլ միատարր հայութեան մասին: Սակայն տեղական մշակոյթները անխուսափելիօրէն իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն հայկական տարրին վրայ, իսկ այդ ազդեցութիւնները կը բարձրացնեն այդ հաւաքականութիւններու միջեւ տարբերութիւններու տեսակներն ու անոնց աստիճանները: Ժամանակի ընթացքին այդ տարբերութիւնները կրնան հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որ այլեւս կարելի չըլլայ խօսիլ հասարակաց պատկանելիութեան մը մասին. այդ ժամանակը կրնայ անշուշտ շատ երկար տեւել, բայց տեղական հասարակութիւններու  հետ նոյնացումը բնական երեւոյթ է, եթէ յատուկ ճիգով տեւապէս չերկարաձգուի այդ ժամանակամիջոցը:

            Այդ ճիգը պէտք է նպատակադրէ հայութեան բազմաթիւ մասնիկները գոնէ մշակոյթի ճամբով տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ պահելը, որովհետեւ հաղորդակցութեամբ՝ սփիւռքեան պայմաններու մէջ անոնց միջեւ անխուսափելիօրէն ստեղծուող տարբերութիւնները շարունակաբար կը յղկուին: Իսկ այսօրուան պայմաններու մէջ, երբ գոյութիւն ունի հայկական պետութիւն, ատիկա կրնայ այդ համազգային հաղորդակցութեան իբրեւ ընդհանրական ժամադրավայր ծառայել: Այս հանգամանքով ան կը հանդիսանայ նաեւ հայկական ինքնութեան յարափոփոխ յատկանիշներու անզուգական խառնարանը: Հայաստանի հասարակութեան տեսակը փաստօրէն այսօր այն չէ, ինչ էր ասկէ քառորդ դար առաջ՝ անկախ պետականութեան առաջին տարիներուն: Հայաստանի հետ Սփիւռքի յարաբերութիւնը ինքնաբերաբար կը դանդաղեցնէ սփիւռքեան մաշումը: Միաժամանակ սփի՛ւռքն ալ փոխուած է այդ յարաբերութեան շնորհիւ:

            Այստեղ հարկ է մատնանշել, թէ հաղորդակցութիւնը պէտք ունի միջոցներու: Իսկ հայերու միջեւ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցը հայերէնն է. հիմնական պատճառ մը՝ հայերէն լեզուի ուսուցումը դիւրամատչելի դարձնելու բոլորին համար: Ըսելը դիւրին է, սակայն իրականացնելը՝ չափազանց դժուար: Ունինք արեւելահայերէնը, արեւմտահայերէնը եւ երկու ուղղագրութիւններ: Ուղղագրութեան միաւորման խնդիրը մանաւանդ կարելի չէ յաւիտեանս քաշքշել: Լեզուական ամէն տեսակի միաւորում կը նպաստէ հայութեան զանազան մասնիկներու միջեւ մերձեցման: Հայոց լեզուի հարցերու արագ լուծումը պէտք է համարել ազգային կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Մանաւանդ՝ որ անոր ուսուցումն ու տարածումը աննախընթաց կերպով դիւրացած է ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներու ժողովրդականացման շնորհիւ: Ճիշդ է, որ անհատի հայերէնի իմացութեան աստիճանը կրնայ անմիջականօրէն չառնչուիլ  անոր հայկական ինքնութեան գիտակցութեան աստիճանին, սակայն հայերէնի գիտութիւնը այդ ինքնութեան ծանօթացման ու տեւական վերանորոգման համար անհրաժեշտ աղբիւրները աւելի մատչելի կը դարձնէ:

               Ահա միջազգային ու ազգային մակարդակներու վրայ այսպիսի կացութեան մէջ Համազգայինը պարտաւոր է գործել փորձելով իրականացնել կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերէն ներս իր ծրագիրները: Բաւական դժուար առաքելութիւն է: Դժուարութիւնները զգալի են բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր շրջաններէն ներս: Դժուարութիւնները բազմապիսի են, սակայն հիմնականը կը հանդիսանայ մարդուժի վերանորոգման խնդիրը: Կազմակերպուած կառոյցները համեմատած անցեալին կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը՝ վերջին քառորդ դարու ընթացքին համաշխարհային մաշտաբի վրայ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն պատճառով: Առանց այդ վերանորոգման կարելիութիւնները ստեղծելու կազմակերպուած կառոյցները ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են անհետանալու:

            Ուրեմն անհատապաշտ հաճոյամոլութեան ընդհանրացած բնորդին դիմաց անհրաժեշտ է կրկին ցցել կազմակերպուած գաղափարական կառոյցները: Միակ ճամբան ատիկա ընելու կազմակերպուած կառոյցներու գրաւչութեան աստիճանը կրկին բարձրացնելն է: Դիւրին գործ չէ, որովհետեւ վերջին ժամանակաշրջանին կարծես թէ ծրագրուած քաղաքականութեամբ մը հեղինակազրկոեցաւ ամէն ինչ, որ ատենին հանրային-հասարակական կեանքի առանցքը կը կազմէր. անհատներու, կուսակցութիւններու, պետութիւններու երբեմնի վայելած վարկը հետեւողական կերպով աստիճանաբար վար առնուեցաւ զայն գետնին հաւասարեցնելով: Ժողովրդավարութեան գաղափարին նման հասարակական արժէքներ հասցուեցան ծիծաղելիութեան սեմին: Այս փոփոխութիւնները տեղի ունեցան այնքան արագ կերպով, որ հասարակութիւնները դեռ մինչեւ այսօր ի վիճակի չեն անդրադառնալու ստեղծուած նոր կացութեան, որ յղի է ամէն տեսակի վտանգներով:

            Միջազգային այս տխուր կացութիւնը անհերքելիօրէն ազդած է հայկական իրականութեան վրայ: Ամէն դաշտի ու ասպարէզի մէջ կազմակերպական կեանքի քանդումը այլեւս մերկ աչքով տեսանելի է. հայկական իրականութեան իւրաքանչիւր մանր տկարութիւն կը շահագործուի հարուած հասցնելու համար հայութեան կազմակերպական կառոյցներուն: Երբ քառորդ դար առաջ կ’ակնկալուէր, թէ անկախութեամբ հայութիւնը պիտի թեւակոխէր իր պատմութեան կարեւոր վերելքի մը հանգրուաններէն մէկը, կարելի չէր նախատեսել, թէ ան պիտի գտնուի ներկայի անմխիթար վիճակին մէջ: Ներկայ կացութեան պատճառները միայն ներքին չեն, ինչպէս մարդիկ ընդհանրապէս հակամէտ են մտածելու. ընդհակառակը՝ անոնք առաւելաբար արտաքին են: Միջազգային որոշ շրջանակներու կողմէ զանգուածային լրատուամիջոցները բնականաբար կը գործեն շահադիտական նպատակներ հետապնդելով. մէկ խօսքով անոնք այդ գործելաձեւով որեւէ մէկ ձեւով նկատի չեն առներ իրենց նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ քանդուող դարաւոր արժէքները:

 Այս կացութեան  մէջ առանց յապաղումի ամէն կարելի բան պէտք է ընել շրջելու համար իրերու վիճակը: Համազգայինը, Սփիւռքի մէջ գործող մէկէ աւելի միութիւններու նման, գաղափարական միութիւն է: Միութենէն ներս տիրող մթնոլորտը այդպիսի՛ն է. այլ ձեւ չի կրնար ըլլալ ան: Սակայն գործելու եղանակը պէտք է հետեւի ժամանակի ոգիին՝ առօրեային մէջ մտցնելով արդի արհեստագիտութեան ամենէն արդիական հաղորդակցութեան միջոցները:

Միջոցներու կողքին արդիական պէտք է ըլլայ նաեւ մտայնութիւնը: Կ’անդրադառնանք անշուշտ, որ համաշխարհային մակարդակին վրայ մարդկութիւնը թեւակոխած է քաղաքակրթական նոր փուլ մը. սակայն կը յամենանք չգիտակցիլ, որ հայութեան կեանքին մէջ ալ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններուն պատճառով՝ անհրաժեշտ է տարբեր աչքով դիտել մեր դասական խնդիրները եւ մանաւանդ՝ անոնց լուծումներ բերող գործընթացները: Մեզ հետաքրքրող կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերէն ներս այլեւս կարեւոր դեր ունին ստանձնելիք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները. անոնք յաւելեալ դիւրութիւն կ’ընծայեն Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործին: Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կրթական ու մշակութային կապը, այդ մարզերէն ներս փորձառութիւններու փոխանակումը փոխադարձ հարստացման անսպառ աղբիւր է, որմէ այնքան ալ չենք  օգտուած տակաւին:

Ատենին, պայմաններու բերումով, սփիւռքահայութիւնը ինքզինք կը պահէր փակ շրջանակի մէջ վախնալով այլ մշակոյթներու հետ յարաբերութենէն: Մեր օրերուն այդ վախը անտեղի է. իսկ ժամանակները այլեւս չեն արտօներ այդպիսի կղզիացում: Կարճ ըսած՝ կարելի է այլեւս դուրս գալ հայկական նեղ պատեանէն եւ համարձակ նետուիլ համաշխարհային մշակոյթի ոլորտ: Վախնալու բան չկայ, քանի հայկական մշակոյթը հին եւ ամուր արմատներ ունի: Պայման է անշուշտ, որ հայ մանուկն ու պատանին հաղորդ պահուին հայկական մշակոյթին եւ իւրացնեն զայն:    

Գիտենք, որ Յունաստանի Համազգայինը այդ մարզէն ներս բաւական ճամբայ կտրած է, թէ ան առիթ չի փախցներ ներկայանալու նաեւ ոչ հայ հանդիսատեսին՝ խլելով անոր համակրական ծափահարութիւնները: Համազգայինի այս շրջանը բախտաւոր է, որովհետեւ կը գտնուի արեւմտեան մշակոյթի դասական օրրանին մէջ: Կարեւոր է, որ ան սիրողականէն անդին անցնելով ճիգ թափէ երկրի նշանաւոր բեմերուն վրայ հայկական արհեստավարժ մշակոյթը ներկայացնելու: Վստահ ենք, որ այդ օրերն ալ կը տեսնենք: 

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով՝  շրջանի 60ամեակի առիթով ու նոր յաջողութիւններու հեռանկարով ուժ եւ կորով կը մաղթեմ Համազգայինի շրջանային վարչութեան եւ միութեան բոլոր անդամներուն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Աթէնք,  26  նոյեմբեր  2016