Համազգայինի Ռուսաստանի կառոյցը հիմնադրուած է 2021-ին: Իր կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը կ’իրականացնէ Ռուսաստանի հայաշատ Սփիւռքին մէջ՝ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան որդեգրած սկզբունքներուն եւ նպատակներուն համահունչ։
Կառոյցը Ռուսաստանի մէջ հիմնած է 9 կիրակնօրեայ դպրոցներ (9 դպրոցներուն մէջ ուսանող աշակերտներուն ընդհանուր թիւը՝ 407), երկու պարախումբ եւ մանկական երգչախումբ։
Մոսկուայի հայաշատ տարբեր թաղամասերու մէջ եւս աշխատանքներ կը տարուին դպրոցներ ստեղծելու ուղղութեամբ։
Բացի ԿՎ-ի յատկացումներէն, Համազգայինի ՌԴ կառոյցի բնականոն աշխատանքը կ’ապահովուի նաեւ համագործակցութեամբ Լազարեան ֆոնտին, ինչպէս նաեւ՝ նուիրատուներու։
