Համազգայինի 90-ամեակի առիթով այս յօդուածով պիտի փորձեմ կեդրոնանալ վերջին 30 տարիներու Համազգայինի Լիբանանի շրջանի գործունէութեան, իրագործումներուն, ձեռքբերումներուն, անձերու, այսինքն արուեստագէտներու եւ համազգայնականներու, որոնք իրենց ինքնուրոյն դրոշմը ձգեցին Համազգայինի ընդմէջէն լիբանանահայ մշակութային կեանքին վրայ:

Անցնող 90 տարիները բաժնենք չորս մասերու. առաջինը` 1928-1958` Համազգայինի հիմնադրութիւնը Ճեմարանի, Համազգայինի տպարանի, թատրոնի ու երգչախումբի սկիզբը. հիմնադրութեան աշխատանքներուն կը յաջորդէ մասնաճիւղերով աշխատելու երկրորդ հանգրուանը` 1958-էն 1978, որմէ ետք 1978-1988 Պատգամաւորական ժողով, Կեդրոնական վարչութեան ստեղծում եւ շրջանային վարչութիւններով աշխատելու մեկնարկ: 1988-էն 2018 տարեշրջանը կ՛ընդգծուի քանի մը յատկանշական դէպքեր: Երկրաշարժ, Ղարաբաղի հարց, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտ, Հայաստանի անկախութիւն եւ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի աշխատանքներու ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան լայն դաշտին հնարաւորութիւններ:

Սկսելու համար պէտք է յատուկ ձեւով մատնանշել, որ, Գրիգոր Շահինեանի ատենապետութեամբ, «Լ. Շանթ» կեդրոնի հիմնարկէքը եղաւ եւ ամբողջ երկու տարիներ այդ կեդրոնի շինութեան ի խնդիր մեծ ճիգ թափեցին օրուան Շրջանային վարչութեան անդամները, եւ այս իրագործումը անշուշտ կը պարտինք նաեւ այդ Շրջանային վարչութեան ամբողջ կազմի վաստակին` Սեդրակ Պալեան, Գեղանի Էթիեմեզեան, Վարանդ Ալեքսանտրեան,

Ալիս Գազանճեան, Սարգիս Արոյեան, Արփի Չպուքճեան, Միհրան Շիմշիրեան եւ խումբ մը նուիրեալներ, որոնք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն գէշ տարիներուն հանրային եւ մշակութային կրթարան մը ստեղծելու տեսիլքը ունեցան, հանրային եւ անանձնական նուիրումով իրագործեցին ատիկա: Նախ երաժշտանոցի հեռանկարով, ապա «Քնար» պարախումբի փորձի վայր, աւելի ուշ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիա, թատերական դպրոց, «Գուսան», «Կարկաչ», «Այգ» երգչախումբեր, թատերական դպրոց եւ Շրջանային վարչութեան նստավայր:

Անշուշտ իւրաքանչիւր մարզ առանձնաբար կ՛արժէ մատնանշել:

Ուրեմն սկսինք շրջանայիններով. Գրիգոր Շահինեանի յաջորդեց Գեղանի Էթիեմեզեանը, ապա տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանը մինչեւ 1996, պէտք է ըսել, որ Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան առաջին փուլը ունեցանք:

Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան յաւելեալ թափ ստացաւ: Երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, երգիչներ, բանաստեղծներ, գրագէտներ, պատմաբաններ եւ արուեստագէտներ` երգի, պարի եւ կերպարուեստի մարզերուն մէջ: Առաջին չորս տարիները եղան փոխադարձ գործակցութեան փուլ մը: Մինչ այդ, թէ՛ պարը, եւ թէ՛ թատրոնը որոշ ժամանակ մը լիբանանեան ուժերով յառաջ կ՛երթային. պարի պարագային Գարին Ալեքսանտրեանը ստանձնած էր պարուսոյց եւ գեղարուեստական պատասխանատուի պաշտօնը, իսկ թատրոնը, Բաբգէն Փափազեանէն ետք, Վարուժան Խտըշեանը եւ Զոհրապ Եագուպեանը, աւելի ուշ` Սօս Սարգսեանը, Վիգէն Ստեփանեանը եւ Դաւիթ Յակոբեանը:

Տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով հիմնուած «Քնար» պարախումբին համար  Հայաստանի անկախացումէն ետք իբրեւ պարուսոյց հրաւիրուեցաւ Ֆելիքս Յարութիւնեանը, որ 18 տարի անընդմէջ ստանձնեց «Քնար» պարախումբը, ստեղծեց նաեւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը: Անոր յաջորդեց Յովիկ Խաչիկեանը, մինչ «Գայեանէ» դպրոցին համար հրաւիրուեցան Անդրանիկ Գրիգորեան եւ Պետրոս ու Աննա Կարապետեանները, աւելի ուշ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները:

Պէտք է ըսել, որ Համազգայինի «Գայեանէ» դպրոցի աշակերտութեան թիւը վերջին տասը տարիներուն մնաց նոյնը: Սակայն «Քնար» պարախումբի պարագային տղոց թիւի լուրջ տագնապ ստեղծուեցաւ: Հակառակ «Գայեանէ» դպրոցի աշակերտներու թիւին, մինչեւ աւարտական տարիները թիւը միշտ կը նօսրանայ, եւ աղջիկներու թիւը գերակշռող կը դառնայ: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան սկիզբը իբրեւ ակադեմիա, գործեց մինչեւ 2000 թուական: Ակադեմական չորս տարուան մեծերու բաժինը փակուեցաւ, սակայն փոքրերու դասարանները տակաւին կը շարունակուի:

Փակագիծ մը բանալով յիշենք, որ 2004 թուականին, շնորհիւ Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ամոլի նուիրատուութեան, «Աղբալեան» կեդրոնի 3-րդ յարկին վրայ գեղարուեստական դպրոցներու երկրորդ բաժանմունք մը բացուեցաւ:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիային համար Հայաստանէն իբրեւ դասախօս ուսուցիչներ հրաւիրուեցան Բագրատ Լաւրենդի Աղասեանը, Մկրտիչ Մազմանեանը եւ Ալեքսան Քոչարեանը: Պէտք է յիշել, որ «Թորոս Ռոսլին»-ի տնօրէնութեան գործավարութիւն ստանձնած էին Վարդան Նաճարեան, Արփի Մանկասարեան, Կարինէ Փայլակեան, Լուսիկ Սոմունճեան, Ժանէթ Եափուճեան, Մաքրուհի Ունճեան, Հրաչ Այնթէպլեան, Ռազմիկ Պերթիզեան եւ Վազգէն Մուղալեան:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի պարագային տոքթ. Բաբգէն Փափազեանէն ետք բեմադրական աշխատանքը ստանձնեցին Վարուժան Խտըշեանը, Սօս Սարգսեանը, Զոհրապ Եագուպեանը, Վարուժան Խտըշեանը, Վիգէն Ստեփանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Յասմիկ Թաշճեանը, Ռոպէր Առաքելեանը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, Պերճ Ֆազլեանը, Սուրէն Խտըշեանը եւ Հրայր Գալեմքէրեանը:

Վիգէն Ստեփանեանի ճիգերով ստեղծուած «Արեգ» մանկապատանեկան դպրոցը յաճախ ներկայացումներ ունեցաւ. այդ  աշխատանքը ստանձնեցին նաեւ Ռոպէր Առաքելեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Յասմիկ Թաշճեանը եւ Հրայր Գալեմքէրեանը:

«Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը: «Կարկաչ»-ին հիմնադիր ղեկավարն է Զաքար Քէշիշեանը, որ անցնող տարիներուն իր ճիգերով դպրոցներէն ամէն տարեշրջանի սկիզբը նոյն թափով պատանիներ կը հաւաքէ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին շաբաթական փորձերով կ՛ունենան տարեկան երկու-երեք ելոյթներ: 2012-ին «Կարկաչ»-ի կողքին, նախկին կարկաչականներու առաջարկով, ստեղծուեցաւ «Այգ» երգչախումբը: «Գուսան» երգչախումբին իբրեւ խմբավար հրաւիրուեցաւ Յարութիւն Թոփիկեանը, որ իր շունչով խանդավառութիւն եւ մթնոլորտ ստեղծեց գաղութին մէջ: Խումբ մը երիտասարդներ նոյնիսկ մասնագիտութեան համար Երեւան ուղղուեցան:

Թոփիկեանէն ետք խումբը ստանձնեց Երուանդ Երկանեանը, որ հրաւիրուած էր իբրեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն, սակայն երգչախումբի կողքին յառաջացուց լարային նուագախումբ ալ: Երուանդ Երկանեանին յաջորդող փուլին, որոշ դադարէ մը ետք, աշխատանքը ստանձնեցին նախ Կարօ Աւեսեանը, ապա Պարգեւ Թասլաքեանը եւ Գօգօ Ալլոզեանը:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշխատանքներուն հիմը դրած են Վաչէ Պարսումեան, Սոնիա Քիւփէլեան, Զարեհ արք. Ազնաւորեան, Թորոս Եթէրեան, Գասպար Թաշճեան, Մուշեղ Մկրտիչեան, Գէորգ Գանտահարեան, Աբրահամ Տողրամաճեան, Մելքոն Տէմիրճեան, Սեդրակ Սեդրակեան, Երուանդ Երկանեան, Արմէն Քէչէք, Աշոտ եւ Արմէն Ճէնտէրէճեան եւ Վահրամ Էմմիեան: Պէտք է յատուկ ձեւով յիշել նաեւ ուսուցիչներու մեծ փաղանգ մը, որոնք տարիներու վրայ մեծ ներդրում ունեցան Նարինէ Ստեփանեան, Ստեփան Էմմիեան, Թագուհի Թէքեան, Յակոբ Էսմէրեան, Կարիկ Գասպարեան, Յասմիկ Գասպարեան, Մայք Աշճեան, Կարօ Աւեսեան, Մկրտիչ Միքայէլեան, Յովիկ Գարախանեան, Լիանա Աշգարեան եւ Զաքար Քէշիշեան:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտանոցին հետ համաձայնագիր կնքեց 1998-ին. «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին կողմէ` Գէորգ Գանտահարեան, իսկ «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտանոցին` Արմէն Սմբատեան:

Անցնող երեսուն տարիներուն, եթէ արագ հաշիւ մը ընենք, իւրաքանչիւր երկու տարի նոր վարչութեան ընտրութեան պարագան, այսինքն տասնհինգ Շրջանային վարչութիւններ գլխաւորած են Գրիգոր Շահինեան, Գեղանի Էթիեմեզեան, Յովհաննէս Թասլաքեան, Սարգիս Արմէնեան, Յակոբ Լատոյեան, Մարտիկ Տեմիրճեան, Սեպուհ Այնթապլեան եւ Պետրոս Ծառուկեան: Իւրաքանչիւր Շրջանային վարչութեան, 11 անդամ հաշուելով, 165 անդամներով գործած վարչութիւններ են, որոնց յաճախ մաս մը նոյն անձերը եղած են` վերընտրուելով. այսպիսով գրեթէ 100 համազգայնականներով գործած է Համազգայինի ընտանիքը` իր շուրջը համախմբելով բոլոր մարզերու վարչութիւններու կամաւոր աշխատողներ, որոնց թիւը կը շրջանցէ 300-ը: Սակայն պէտք է յիշել անուններ, որոնք իրենց գործով եւ ոճով հետք ձգած են մեր աշխատանքներուն վրայ. Զոհրապ Թորիկեան, Կարինէ Ալեքսանտրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Գէորգ Գանտահարեան, Յակոբ Մանուկեան, Մանուշակ Պոյաճեան, Մարի Ճինպաշեան, Յակոբ Եափուճեան, Կարպիս Հարպոյեան:

Համազգայինի Լիբանանի շրջանը անցնող երեսուն տարիներուն մշակութային հրապարակը միշտ լեցնողը եղաւ: Որակաւոր եւ իր հետքը ձգող ձեռնարկներ կազմակերպեց: Գաղութի մէջ գրական, գեղարուեստական, պարային, թատերական եւ երաժշտական ձեռնարկներով միշտ բարձր պահեց մշակութային ջահը:

Հրապարակային, կուսակցական, միութենական, կրօնական, ազգային եւ բարեսիրական ձեռնարկներու գեղարուեստական բաժինը յաճախ Համազգայինի վերապահուեցաւ եւ միշտ ալ փորձ կատարուեցաւ լաւագոյն ձեւով հանդէս գալու: Մասնաճիւղային իմաստով Համազգայինի Լիբանանի շրջանը այսօր կը գործէ նոր կանոնագիրի փորձարկման կարգավիճակով: Հաւանաբար արժեւորելը կանուխ է: Սակայն անցնող տարիներուն «Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններու աշխատանքները եղան յաջորդական Շրջանային վարչութիւններու օրակարգերը:

Ձեւով մը մասնաճիւղերը մնացին լուսարձակի տակ, եւ անդամական վիճակի լուրջ կանոնագրային հարց գոյութիւն ունի:

Սակայն նկատի ունենալով տարուած աշխատանքները եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները, կարելի է ըսել, որ անդամական հարցին կողքին գոյութիւն ունի յանձնառութեան կարգավիճակ մը, որ աւելի քան 200 երիտասարդ պատանի-պարմանուհիներ զոյգ կեդրոնները կը յաճախեն եւ իրենք զիրենք համազգայնական կը զգան եւ գործնապէս մշակոյթի տարբեր մարզերու մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն:

Չեմ արդարացներ վիճակը, պարզապէս կը մատնանշեմ: Անդամական վիճակի յստակեցումը  լուրջ աշխատանքի կը կարօտի:

Այս իմաստով, հակառակ մասնաճիւղերու թոյլ վիճակին, «Ս. Վրացեան», «Ռ. Զարդարեան», «Կոմիտաս», «Ն. Աղբալեան» եւ «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղերը անցնող երեսուն տարիներուն իւրաքանչիւրը մարզի մը մէջ որոշ աշխատանքներ իրագործեցին: Մինչ «Ս. Վրացեան»-ը մանկական թատրոնը եւ ազգագրական «Գորանի» համոյթը ստեղծեց, «Ռ. Զարդարեան»-ը երկու ձայներիզներ պատրաստեց, «Կոմիտաս»-ը գինեձօններ կազմակերպեց, «Պ. Սեւակ»-ը մանկապատանեկան պարախումբ պահեց եւ կերպարուեստի ակադեմիա ունեցաւ: «Աղբալեան» մասնաճիւղը միջդպրոցական մրցանքներ կազմակերպեց, եւ բոլոր մասնաճիւղերն ալ փորձեցին Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած ձեռնարկներուն քաջալեր հանդիսանալ:

Հայաստանի հետ կապը անցնող երեսուն տարուան ընթացքին եղաւ մնայուն ու աշխուժ, թատերախումբեր, երգիչներ, արուեստագէտներ, գրագէտներ, մտաւորականներ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի նախարարի կազմակերպութեամբ փառատօններու հրաւէրներու ընդառաջելով, գաղութի ոգեղէն կապը զօրաւոր մնաց, եւ Հայաստանը` շնորհիւ Համազգայինի աշխատանքներուն, միշտ ներկայ էր լիբանանահայ կեանքին մէջ:

Բնականաբար ամբողջական պատկեր մը չունեցանք: Սակայն վերջին 30 տարիներու ամփոփ եւ բազմաբնոյթ աշխատանքներուն վերաբերող զեկոյց մը կերպարանքը ստացաւ այս գրութիւնը:

Կարելի է իւրաքանչիւր մարզ նոյնքան ընդլայնելով մանրամասն գրել, որովհետեւ հարիւրաւոր կամաւորներու ներդրումը եւ հազարաւոր պատանի-պարմանուհիներու մշակութային կեանքին հետ առնչուիլը այս կամ այլ մարզերէն ներս հոգեկան մեծ բաւարարութիւն տուաւ բոլորիս:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ