Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը սկսած է գործել 80-ական թուկաններուն Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, իր շուրջ համախմբելով գրականասէր եւ մշակոյթի մօտ բարեկամներ:

Մասնաճիւղի հիմնական գործունէութիւններն են գիրքի կամ ֆիլմի ներկայացում, դասախօսութիւն, համերգ, ցուցահանդէս, թատրոն, ընկերային հաւաքոյթներ։    

Մասնաճիւղը ունի 45 անդամ։  Սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր նախաձեռնած է «Կապոյտ Տնակ» շաբաթօրեայ աշխատանոցին, 3- էն 10 տարեկան փոքրերուն տալով հայերէնի եւ երգի դասեր, լեզուն եւ մշակոյթը հասանելի դարձնելու համար նորահաս սերունդին։