Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեայ գործունէութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Բագին» գրական հանդէսի հրատարակութիւնը, որ սփիւռքի պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մըն է` իր երկարակեցութեամբ եւ հայ գրականութեան ու մշակութային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումով: Անշուշտ բոլորս ալ կրնանք հաստատել, որ այս հրատարակութիւնն ու անոր երկարակեցութիւնը արդիւնքն են ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եզակի խնամքին եւ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ արգասիքը` «Բագին»-ի խմբագիրներուն, խմբագրական կազմերու անդամներուն ու գրողներու հսկայական եւ հետեւողական ճիգին եւ բաժանորդներու նեցուկին: Համազգայինի 90-ամեակին առիթով համառօտ ակնարկով մը  կը ներկայացնենք «Բագին»-ի անցած ուղին եւ կ՛անդրադառնանք այսօրուան առաջադրանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Պատմական ակնարկ

Սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն, Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը, (1922-1971) միտք եւ գեղարուեստական ճաշակ զարգացնող բովանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ իր շուրջ հաւաքած գրողներու (մեծ մասը` տարագիր) փաղանգով, սփիւռքի գրական միջավայրին մէջ տիրող ներկայութիւն մըն էր: Սակայն 60-ական թուականներուն,  Ռուբէն Դարբինեանի յառաջացած տարիքի բերումով, ամսագիրը կամաց-կամաց կը սկսի կորսնցնել իր երբեմնի աշխուժութիւնը: Այդ  օրերուն նոյնն էր պարագան նաեւ Պէյրութի «Ակօս» հանդէսին (1944-1960): Աւելի քան տասնամեակ մը իր շուրջ համախմբելով Պէյրութի երէց եւ երիտասարդ մտաւորականները` «Ակօս»-ի հրատարակութիւնը կը դադրի,  որովհետեւ, ինչպէս ժամանակակիցները կը վկայեն, չկային անոր մղիչ ուժը հանդիսացող հիմնադիրները` Նիկոլ Աղբալեանը, Լեւոն Շանթը եւ Գասպար Իփէկեանը: Դժբախտաբար Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթն ալ  դիմագիծ փոխած էր եւ դարձած` կուսակցական, ազգային ու եկեղեցական պայքարներու թատերաբեմ: Այս միջոցին, ինչպէս «Ազդակ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին («Ազդակ» 16 փետրուար 2013) կը պատմէ «Բագին»-ի երկարամեայ խմբագիրը` Պօղոս Սնապեանը, «Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծագործող միջին տարիքի եւ երեսունի շուրջ դեգերող գրողները կ՛ապրէին ալեկոծ տագնապ մը ու կը զգային  զուտ գրական  բովանդակութեամբ ամսագիրի մը պահանջը: Կը զգային անհրաժեշտութիւնը գրական խանդավառ միջավայրի մը, որ պիտի համախմբէր եւ տեղ տար ստեղծագործ մտքին»:  Այս մասին կը կարդանք նաեւ «Բագին»-ի առաջին խմբագրականին մէջ («Բագին», յունուար 1962).

«Վերջին տարիներուն ստեղծագործական դանդաղութիւնը ակներեւ է: Բայց այդ դանդաղութիւնը յոգնութեան պատճառով չէ: Գրողներու ներքին կրակին պակասով կամ իմացական ծուլութեան պատճառով չի բացատրուիր, այլ պատճառ ունի` կեդրոնական եւ կեդրոնաձիգ բեմի մը բացակայութիւնը, այսինքն` գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցը, որ վերջին տարիներուն միշտ պակսեցաւ մեզի: «Բագին» կոչուած է այդ կեդրոնական եւ խանդավառ բեմը ըլլալու»:

Հետեւաբար, այս երազին ընդառաջ, Պէյրութի երիտասարդ մտաւորականներն ու գրողները, խորհրդակցելէ ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գիր-գրականութեամբ հետաքրքրուած պատասխանատու դէմքերու հետ, իրենց բաղձանքը  հասցուցին ՀՅ Դաշնակցութեան 17-րդ Ընդհանուր ժողով, ուր որոշուեցաւ  ընթացք տալ գրական ամսագրի մը հրատարակութեան: Այս աշխատանքին կազմակերպումը  վստահուեցաւ Կարօ Սասունիին: Կ՛արժէ այստեղ փակագիծ մը բանալ եւ ընդգծել, որ այդ երազը իրականացնելու համար, ինչպէս կը հաստատէ Սնապեան, մեծ ներդրում ունեցած է մուսատաղցի գրող-մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանը, որ յարգելի անուն մըն էր սփիւռքի գրական միջավայրին մէջ, հեղինակն էր  երեք հատորներու եւ մնայուն աշխատակիցը` «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ»-ին, «Ազդակ-շաբաթօրեակ»-ին, «Նայիրի»-ին, «Ակօս»-ին, եւ այլն…

Կարօ Սասունի, որպէս վարիչ խմբագիր, իբրեւ գործօն խմբագիրներ` նշանակեց Եդուարդ Պոյաճեանը եւ Պօղոս Սնապեանը, որոնց հետ միաժամանակ յառաջացուց խմբագրական կազմ մը` յանձինս տոքթ. Բ. Փափազեանի, Վ. Օշականի, Յ. Գեղարդի եւ Տ. Ոսկունիի: Այս պայմաններուն մէջ եւ այս ուժերով սկսաւ «Բագին»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1962 յունուարին: Բնականաբար տարիներու ընթացքին «Բագին»-ի խմբագրութիւնը սերնդափոխութիւն ապրած է, եւ կազմին միացած են բանաստեղծներ Յարութիւն Պէրպէրեանը եւ Սարգիս Կիրակոսեանը: Իսկ խմբագրական խորհուրդին անդամակցած են` Ժիրայր Աթթարեանը, Արմանտը, Կարօ Արմէնեանը, Հրանդ Մարգարեանը, Վարդան Մատթէոսեանը, Մարկ Նշանեանը, Նուպար Չարխուտեանը, Վարանդը, Յարութիւն Քիւրքճեանը եւ ուրիշներ:

Խօսելով ամսագրի «Բագին» անուանումին մասին (ինչպէս Սնապեան կը պատմէր)` ան կապուած է  Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող ՀՅԴ օրկան Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ազատամարտ»-ի գրական յաւելուած «Բագին»-ին, որ թէեւ կարճ կեանք մը ունեցաւ, սակայն կրցաւ Պոլսոյ մտաւորականութեան մէջ խանդավառութիւն մը ստեղծել` իր շուրջ հաւաքելով երիտասարդները:

Հարկ է արձանագրել, որ «Բագին»-ի բովանդակութեան բաժանումներու ձեւաւորման մէջ մեծ եւ առաջնային դեր ունեցած է Պօղոս Սնապեանը: Անոր հրատարակած «Միջնաբերդ» տարեգիրքի երկրորդ հատորին հետեւողութեամբ  կատարուած է «Բագին»-ի բաժիններու կարգաւորումը: «Ազդակ»-ին տուած վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ ան կը հաստատէ այս իրողութիւնը` աւելցնելով, որ ինք եղած է հեղինակը «Բագին»-ի առաջին խմբագրականին, ուր կ՛ուրուագծուին թերթին առաքելութիւնը սահմանող գլխաւոր առաջադրանքները.

ա.- Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութեան աւանդապահը դառնալու հրամայականը,

բ.- Սփիւռքահայ գրականութեան վրայ կենսունակ եւ երիտասարդ ուժերով յաւելում մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը,

գ.- Գրականութեան չափանիշներ հաստատելու ու անուղղակի միջոցներով գրական հռչակ շինող «գրական ոչնչութիւններու» դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ աշակերտած ըլլալով Յակոբ Օշականին` Պօղոս Սնապեանը մեծ համարում ունէր իր ուսուցչին  եւ «Մեհեան»-ի տղոց վրայ: Հետեւաբար պէտք չէ անտեսել այս փաստը, որ Սնապեան, իր հեղինակած «Բագինին առջեւ» խմբագրական մանիֆեստով եւ քառասնամեայ գրական գործունէութեամբ եղաւ անմիջական ժառանգորդը նաեւ «Մեհեան»-ի տղոց համոզումներուն: Երբ կը կարդանք «Մեհեան»-ի առաջին թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականն ու Յակոբ Օշականի` Յակոբ Քիւֆէճեան ստորագրութեամբ «Հարթենք» խորագրեալ յօդուածը, կ՛անդրադառնանք, որ «Բագին», 50 տարի ետք, նոյն համոզումներով ճամբայ կ՛ելլէ ու պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ «Մեհեան»-ի առաջին խմբագրականին մէջ փառաբանուող հայու հոգին, կէս դար ետք «Բագին»-ի առաջին թիւին առաջին էջերուն վրայ արտայայտութիւն կը գտնէ Համաստեղի «Հայու հոգին» դիպուկ բանաստեղծութեամբ: Կամ` պատահականութիւն չէ, որ «Բագին»-ի առաջին թիւին վրայ  արիւնով գրուած «Բագին» անունի ֆոնին կ՛երեւին մեհեանի կամարներուն տակէն  դէպի զոհասեղան ուղղուող քուրմեր, որովհետեւ վերջիվերջոյ Օշական կը գրէ.

«Մենք պիտի փորձենք մեր մուրճը գաճէ աստուածներու կռնակին վրայ։ Պիտի փոշիացնենք անոնց անհարազատ գոյութիւնները, պիտի փռենք անոնց մոխիրները իսկական աստուածներու ոտքին տակ։

«Ու այսպէս, մաքրելով բագիններուն խճողուն աստիճանները, մենք պիտի բարձրացնենք հոն նոր աստուածներ, եթէ երբեք մեր հողէն ծլին այդ երջանիկ էակները։

«Մենք պիտի տեղափոխենք մեր աստուածները։ Անիրաւուածները պիտի դնենք իրենց արժանի պատուանդաններուն վրայ։ Անարժաններուն պիտի պոռանք մեր արհամարհանքը»։

Իսկ «Բագին»-ի խմբագրականին մէջ Սնապեան կ՛ըսէ.

«Հայ գրականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու եւ գրական խախտած չափանիշները վերահաստատելու մեր առաջադրանքին մէջ հետեւողական պիտի ըլլանք եւ բնաւ պիտի չթերանանք մեր պարտականութեան ճամբուն վրայ։

«Ամբողջական խանդավառութիւն պիտի ըլլանք, երբ տեսնենք գեղեցիկ գործ մը, ամբողջական զայրոյթի պիտի վերածուինք, երբ հանդիպինք երեւութական հանգամանքներու եւ անուղղակի միջոցներու շահագործումով գրական հռչակ շինող ոսկեզօծ ոչնչութիւններու»։

«Բագին»-ի պատմութիւնը սերտելով` հարց կու տանք, արդեօք «Բագին»-ը կրցա՞ւ իրագործել իր իսկ խմբագիրներուն կողմէ  մշակուած ուղեգիծը: Այստեղ կ՛ուզեմ նշել քանի մը կարեւոր փաստ եւ կը ձգեմ, որ դուք կատարէք եզրակացութիւնը:

Առաջին հերթին, «Բագին» սերունդի մը հանդէսը չեղաւ, այլ  դարձաւ երեք ու աւելի սերունդներ հիւրընկալող հանդէսը` իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն: Եթէ խօսինք առաջին տասնամեակին մասին, պիտի ըսենք, որ «Բագին» կամուրջ մը հանդիսացաւ Կարօ Սասունիի, Եդուարդ Պոյաճեանի եւ Վահէ Օշականի սերունդներուն միջեւ: Օրինակ` «Բագին»-ի 2-րդ տարուան առաջին խմբագրականին (1963 յունուար) մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Տարուան մը բովանդակութենէն դուք կը տեսնէք թէ «Բագին»-ի շուրջ համախմբուած են մօտ 60 գրողներ, որոնցմէ 20-ը հին հեղինակներ են, 22-ը` միջին սերունդի հեղինակներ, որոնք արդէն անուն մը ունին, եւ 18-ը` նոր գրողներ: Այս համախմբումն իսկ յաղթանակ մըն է այս հանդէսին համար»: Քանի մը անուններ նշելու համար ըսեմ, որ երբ հին գրողներ կ՛ըսէ, նկատի ունի` Համաստեղը, Բենիամին Թաշեանը,  Ն. Աղբալեանը, Հրաչ Զարդարեանը, Արսէն Երկաթը, միջին սերունդի պարագային նկատի ունի` Նիկողոս Սարաֆեանը, Մուշեղ Իշխանը, Ժիրայր Աթթարեանը, իսկ երիտասարդ սերունդ ըսելով կը հասկնանք` Գրիգոր Շահինեանը, Վահէ Օշականը, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, Վազգէն Էթիեմէզեանը, Գուտցի Միքայէլեանը եւ այլն… («Բագին»-ը նոյն պատկերը կը պարզէ այսօր: Վերջին երեք տարուան ընթացքին լոյս տեսած թիւերուն մէջ յստակօրէն կ՛ուրուագծուին երեք սերունդներու կամրջումը):

Երկրորդ, «Բագին»-ը չեղաւ միայն Միջին Արեւելքի կամ Լիբանանի գրողներու հաւաքավայրը կամ խանդավառ բեմը: «Բագին»-ի հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն սփիւռքի զանազան շրջաններէն գրողներ ոգեւորութեամբ  աշխատակցած են «Բագին»-ին, ինչպէս` Արամ Հայկազ, Յակոբ Կարապենց, Գուրգէն Մխիթարեան, Ա. Արփինէ, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի,  Արսէն Երկաթ, Բենիամին Թաշեան, Արամ Գառօնէ, Արմանտ, Լեւոն Գարմէն եւ Լեւոն Մկրտչեան:

Երրորդ, սփիւռքի գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ ունեցող երիտասարդ գրողներ, իրենց ինքնահաստատման փորձերը կատարեցին «Բագին»-ի էջերուն մէջ. կարելի է նշել Զուլալ Գազանճեանի, Պետրոս Հաճեանի, Կորիւն Շահինեանի, Պետրոս Հերեանի, Մարուշ Երամեանի, Գէորգ Աբէլեանի անունները…

Չորրորդ, «Բագին»-ը յստակ դիրքորոշում ունեցաւ «ձգտումնաւոր գրականութեան անհեթեթութեան դէմ», մանաւանդ` Պ. Սնապեանի խմբագրութեան օրերուն, պաշտպանելով  հայրենիքի գրողներուն ազատութեան իրաւունքը: Մինչ հայրենիքի մէջ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, «Բագին» իր էջերը լայն կը բանար անոնց առջեւ  եւ յանդգնութիւնը կ՛ունենար դէմ կենալու խորհրդային  գրաքննութեան հետեւանք` գրական աղճատումներուն, իր արժանաւոր դերակատարութիւնը ունենալով գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:

Գրականագէտ Կիմ Աղաբեկեանը կը գրէ. «Հայաստան աշխարհում «Բագին»-ը արգելուած էր, բայց բաւական էր մի օրինակ ընկնէր Հայաստան, դա ձեռից ձեռք էր անցնում եւ ընթերցւում: Վերջում կարծես թոյլատրութիւն էինք ստացեր գրադարանի յատուկ բաժիններում կարդալ «Բագին»-ը, բայց նրա մօտ մի կին էր նստում, որ յանկարծ «Բագին»-ից որեւէ հատուած գրպաններումս չտանէինք, թղթերը պիտի ցոյց տայինք, որ ոչինչ էլ չեն արտագրել, որեւէ հատուած: «Բագին»-ը տիրական ազդեցութիւն ունէր հայաստանեան մտաւորականութեան վրայ եւ ո՛չ միայն նիւթի արծարծած նրբերանգների, այլեւ` նոյնիսկ լեզուի եւ ոճի առումով»:

Սօս Սարգսեան կը վկայէ. ««Բագին»-ը կարդում էինք անյագ հետաքրքրութեամբ, ծայրից ծայր եւ ծածուկ փոխանցում` մէկս միւսին: Էնքան էր ձեռքից ձեռք անցնում, որ քրքրւում էր, եւ մենք ստիպուած էինք նորից հաւաքել այն, սոսնձել ու դարձեալ տարածել»:

Հինգերորդ, «Բագին» տեղ տուաւ թարգմանական գրականութեան: Փիրանտելլօ, Է. Եոնեսքօ, Պեքեթ, Հարոլտ Փինթըր, Ժան Ժընէ, Ֆոլքնըր, Ատոնիս…  այս բոլորը եւ ուրիշներ թարգմանուեցան եւ ներկայացուեցան ընթերցողին:

Վեցերորդ, «Բագին»-ի էջերը տրամադրուեցան շատ մը գրողներու անտիպներուն, ինչպէս,  օրինակ, Վազգէն Շուշանեանի եւ Յակոբ Օշականի:

Եօթներորդ, տպուեցան 20-է աւելի բացառիկ թիւեր. Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-ամեակ (դեկտեմբեր 1962),  Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակ (յունուար, 1964),  Յակոբ Օշական (դեկտեմբեր 1964), Մեծ եղեռնի 50-ամեակ (ապրիլ-մայիս 1965), Համաստեղ (յունուար, 1966), Ա. Ահարոնեանի 100-ամեակ (oգոստոս-սեպտեմբեր 1966), Եդուարդ Պոյաճեան (մայիս 1967), Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակ (մայիս-յունիս 1968), Կոմիտաս – Յ. Թումանեան-Երուանդ Օտեան-Լ. Շանթ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1969), ՀՅ Դաշնակցութեան (յունուար-փետրուար 1971), Պ. Դուրեան (յունուար-փետրուար 1972), Պարոյր Սեւակ (յունիս-յուլիս 1972), Արամ Հայկազ (մայիս, 1973), Եղեռնի 60-ամեակ (ապրիլ 1975), Գրական դէմքեր (հոկտեմբեր 1977), Կարօ Սասունի (նոյեմբեր 1977), Եղիշէ Չարենց (դեկտեմբեր 1977), Վ. Թէքէեանի, Զ. Եսայեանի, Սիամանթոյի 100-ամեակ (յունուար-փետրուար 1979), Ակսել Բակունց (յունուար 1980),  Մուշեղ Գալշոյեան (յունուար 1981), Վազգէն Շուշանեան (յունուար 1983), Յակոբ Օշական (յունուար-փետրուար 1984), Սիմոն Զաւարեան (յուլիս 1984), Դ. Վարուժանի 100-ամեակ (ապրիլ-մայիս 1985), Ֆրանց Վերֆել (սեպտեմբեր 1985), Վիքթոր Հիւկոյի մահուան 100-ամեակ (յունուար 1986), Եդուարդ Պոյաճեանի մահուան 20-ամեակ (հոկտեմբեր 1986), Միսաք Մեծարենցի ծննդեան 100-ամեակ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1986), Համազգայինի հիմնադրութեան 60-ամեակ եւ  Ճեմարանի 50-ամեակ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1987), Սպիտակի երկրաշարժ (յունուար-փետրուար 1989), Երկրաշարժի զոհ հայրենի գրողներուն (մարտ-ապրիլ 1989), 1949-ի ոճիրներուն (յուլիս-դեկտեմբեր 1989), Արցախ (սեպտեմբեր-դեկտեմբեր 1990), Մերժուած գործեր (խորհրդային տարիներէն) (սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1991), Դաշնակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանի սահմաններուն մէջ (նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1991), արցախեան նահատակներուն նուիրուած թիւ (սեպտեմբեր-դեկտեմբեր 1993),  Եղեռնի 80-ամեակ (հոկտեմբեր-դեկտեմբեր 1995),  Յակոբ Օշական (Ամառ 1998):

(Շար. 1)\

ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ