1915-1923 թուականներուն օսմանեան ու թրքական իշխանութիւններու գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան, որ վերապրող հայութիւնը  ցրուի աշխարհի չորս կողմերը:  Միջին Արեւելքի երկիրները (Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան, Պաղեստին, Իրաք) հանդիսացան գլխաւոր ապաստաններ:

Այս տարագիր եւ ցրուած հայութիւնը պէտք էր կազմակերպել եւ միացնել: Պէտք էր հայ մտաւորականութիւն ստեղծել (թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան), պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, գիրի եւ դպրոցի միջոցով  պէտք էր կենդանի պահել հայ լեզուն, անհրաժեշտ էր հրատարակել հայ դասական  գրականութիւնը, պէտք էր հիմնել ճեմարան  մը, որ միջնակարգ  կրթութիւն ապահովէր  տարագիր հայ ուսանողներուն: (Հատուած Համազգայինի 80-ամեակին առիթով հրատարակուած  հատորէն):

Պէտք էր հայը հայ պահել սփիւռքի մէջ`
սերունդներուն տալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային առողջ ոգի` վառ պահելով նոր սերունդին մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի  ու մանաւանդ Հայաստանի սէրը: Անհրաժեշտ էր  ստեղծել հայութիւնն ու հայ մշակոյթը պահպանող կառոյց մը:

Ինչպէ՞ս  ծնունդ  առաւ  Համազգայինը
Գիտակից ստեղծուած իրականութեան եւ հաւատալով, որ կարելի է տարագիր հայութիւնը կառչած պահել իր արմատներուն, Եգիպտոս ապրող խումբ մը հայ մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ գործի կը լծուին հիմնելու համար հայկական միութիւն մը: Որո՞նք էին անոնք.

Լեւոն Շանթ (գրող, մանկավարժ, քաղաքական գործիչ), Նիկոլ Աղբալեան (բանասէր, մանկավարժ, Հայաստանի լուսաւորութեան նախկին նախարար), Վահան Նաւասարդեան («Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագրապետ), Բժ. Համօ Օհանջանեան (Հայաստանի նախկին վարչապետ), Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սարգիս Մալխասեան, Յակոբ Պալըգճեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Կարապետ եւ Տրդատ Մալխասեաններ, Գուրգէն Մխիթարեան եւ Մեսրոպ Նորատունկեան:

Աշխատանքները կ՛իրականանան եւ Գահիրէի մէջ 28 մայիս 1928-ին (Հայաստանի անկախութեան 10-րդ տարեդարձին օրը)  ծնունդ կ՛առնէ «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւնը» (հետագային` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն): Կանոնագրով կը յստակացուի Համազգայինի նպատակը. «Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»:

Շատ ճիշդ էր Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանի բնորոշումը. «Համազգայինին վերապահուած է մեծ դեր` ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին»:

Ճիշդ էր նաեւ Համազգայինի հիմնադիրներէն բժ. Համօ Օհանջանեանին տեսիլքը. «Համազգայինը պիտի հանդիսանայ հայութեան ՄԻՏՔԸ, ինչպէս հայութեան ԿԱՄՔԸ եղած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ՍԻՐՏԸ` Հայ օգնութեան խաչը»:

Իննիսունամեայ  հաշուեկշիռ
Եւ այսպէս, 90 տարիէ ի վեր աննահանջ  կը գործէ Համազգայինը` տարածուելով գրեթէ  ամէն տեղ, ուր հայութիւն կայ` Աւստրալիա, Քանատա, Մ. Նահանգներ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Անգլիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Կիպրոս, Պուլկարիա, Շուէտ, Լիբանան, Սուրիա, Քուէյթ, Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք:

Ամփոփ կերպով թուենք հիմնական իրագործումները.

1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ ճեմարանը` միայն  15 աշակերտներով  (հետագային Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» եւ ապա` «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան, այժմ շուրջ 600-ի հասնող աշակերտներով):

1931-ին Պէյրութի մէջ կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը (հետագային` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան):

1931-ին, Գասպար Իփէկեան մեծ յաջողութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրէ Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ»-ը, իսկ 1934-ին` «Արա եւ Շամիրամ»-ը:

1941-ին կը հիմնուի Համազգայինի Թատերասէրներու միութիւնը (հետագային` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը):

1962-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, կը հրատարակուի «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ հետագային կը դառնայ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:

1974-ին հիմը կը դրուի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին` պատրաստելու համար հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներ:

1980-ին հիմը կը դրուի  Մարսէյի ճեմարանին:

1986-ին հիմը կը դրուի Սիտնիի «Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն» վարժարանին:

1990-ին Աթէնքի մէջ կը գումարուի Համազգայինի Ա. Պատգամաւորական ժողովը եւ կը յառաջանայ առաջին ընտրովի Կեդրոնական վարչութիւնը: Համազգայինը կը դառնայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն:

1991-ին կը հիմնուի Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը:

1995-ին Լիբանանի մէջ կը սկսի Համազգայինի ամառնային ուսանողական հաւաքը, որ 2002-էն ետք կը շարունակուի Հայաստանի մէջ:

2015-ին Փարիզի Թարգմանչաց վարժարանը կը փոխանցուի Համազգայինին եւ կը դառնայ Համազգայինի Թարգմանչաց վարժարան:

Վերջին տարիներուն կեանքի կը կոչուին նաեւ Ջաւախքի եւ Արցախի Համազգայինի գրասենեակները եւ անցնող օգոստոսին, առաջին անգամ ըլլալով, Եւրոպայի հայ երիտասարդները կը կազմեն ցանց մը` Համազգայինի հովանաւորութեամբ, Վենետիկի մէջ:

Եւ այսպէս, դասախօսական հանդիպումներ, գիտաժողովներ, գիրքերու եւ դասագիրքերու  հրատարակութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, թատերական ներկայացումներ, պարային ելոյթներ, ճեմարաններ, արուեստի դպրոցներ, մանկական ուսումնական խաղեր («Լալան ու Արան»), եւ ընդհանրապէս ամէն ինչ որ կապ ունի Հայաստանի, հայութեան եւ հայկական մշակոյթին հետ, եղան անբաժան մասը Համազգայինի գործունէութեան:

Համազգայինը գործեց աննահանջ հաւատքով եւ միշտ հայկական ոգիով: Համազգայինը փորձեց սփիւռքահայը հայ պահել, զայն կապուած պահել հայկական մշակոյթին ու Հայաստանին  հետ: Եւ եթէ յաջողեցաւ, այդ մէկը` շնորհիւ նուիրեալ համազգայնականներու: Համազգայինը հանդիսացաւ հոգեկան հայրենիքը սփիւռքի մէջ ապրող հայուն համար:

Համազգայինը այսօր  ալ պատնէշի  վրայ է
Եթէ այսօր, հոս, Դամասկոսի մէջ, Համազգայինի 90-ամեակը կը տօնուի, այս մէկը փաստ է, որ Համազգայինը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ: Փաստ է, որ Դամասկոսի հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել` հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Համազգայինի Դամասկոսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը կը շարունակէ գործել  աւելի քան  60 տարիներէ ի վեր եւ վճռական է իր աշխատանքը շարունակելու մէջ: Այդ աշխատանքը չդադրեցաւ նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն` զարմացնելով շատերը:

Այսօր պէտք է ողջունել ձեզ, սիրելի՛ ներկաներ. ո՞վ է Համազգայինը. Համազգայինը դուք էք, դուք էք, որ շունչ տուած էք Համազգայինի առաքելութեան,  իւրաքանչիւր հայ պէտք է  հպարտանայ ձեզմով, ձեր աշխատանքով եւ մանաւանդ` ձեր ոգիով:

Դուք պայքարող սփիւռքահայու օրինակ էք: Պատի՛ւ ձեզի եւ ձեր դաստիարակներուն, որոնք յաջողած են այսպիսի սերունդ ստեղծել:

Այն հայը, որ կ՛ուզէ տեսնել պայքարող սփիւռքահայ համազգայնականը, կրնայ գալ եւ տեսնել պայքարող հայութիւնը Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մէջ:

Նոր  մարտահրաւէրներ
Այսօր ժամանակները փոխուած են: Նոր դժուարութիւններ կան Համազգայինին առջեւ: «Բոլոր փոքր ժողովուրդներու մշակոյթները անխնայ յարձակումի ենթակայ են աշխարհի տնտեսութեան եւ զինուորական ուժին հակակշիռը բանեցնող ուժեղ հաւաքականութիւններու կողմէ»: Հայութեան համար այս վիճակը նոր չէ թերեւս, սակայն համաշխարհայնացման վտանգը կրնայ աւելիով մաշեցնել հայկական մշակոյթի գոյատեւումը սփիւռքի մէջ:

Համազգայինը այսօր մեծ աշխատանք ունի տանելիք մանաւանդ հայ երիտասարդութիւնը հրապուրող եւ օտարացնող պայմաններուն դէմ. Համազգայինը պարտաւոր է  հայ երիտասարդութիւնը հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած պահելու, եւ մանաւանդ`  վստահելու հայ երիտասարդներուն, որոնք աւելի գործնական ձեւերով կրնան հայապահպանութեան աշխատանքը յառաջ մղել:

Ամէն բանէ առաջ հաւատքը պէտք է ամուր պահել եւ շարունակել աշխատանքը  աննահանջ` միշտ յանուն հայ մշակոյթի պահպանութեան, զարգացման եւ մանաւանդ  յանուն  Հայաստանի յարատեւման:

Կեցցէ՛ Համազգայինը: Կեցցե՛ն համազգայնականները եւ կեցցէ՛ յաւերժական մեր հայրենիք Հայաստանը:

23 նոյեմբեր 2018
Դամասկոս       

* Խօսուած Դամասկոսի մէջ կայացած Համազգայինի 90-ամեակի ձեռնարկին:

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ