Ձեռնարկներ կան, որոնց ներկայ կ°ըլլանք պարտականութեան համար. ձեռնարկներ ալ կան, որոնց անպայմա°ն կ°ուզենք ներկայ ըլլալ եւ ոչ թէ վազելով, այլ՝ թռչելով կը հասնինք:

Այդպիսի ձեռնարկ մըն էր Շաբաթ, 27 Սեպտեմբերի Ճեմարանականներու հաւաքոյթը: Լէօ եւ Փաուլա Գասապեանները սիրայօժար տրամադրած էին իրենց տան ընդարձակ պարտէզ եւ կարելի դարձուցած բացառիկ երեկոյ մը: Մուշեղ Իշխան, Կոստան Զարեան, Գառնիկ Բանեան, Սիմոն Վրացեան մեզմէ առաջ եկած ու տեղ գրաւած էին սեղաններուն վրայ. այո՝ սեղաններուն վրայ, որովհետեւ կազմակերպիչ յանձնախումբը իւրայատուկ գաղափարը ունեցած էր Ճեմարանի ուսուցիչներու անունները կրող թուղթեր զետեղելու սեղաններուն մէջտեղը: Այդ ձեւով, առաջին վայրկեանէն իսկ հրաշալի բան մը պատահեցաւ: Գիշեր էր արդէն, Նորթրիճի տա°ք օրը տեղ տուեր էր հաճելի զեփիւռի մը, եւ հին ուսուցիչներ կը դիմաւորէին մեզ: Հին Ճեմարանը վերակենդանացած էր: Կամաց-կամաց սկսան հասնիլ նախկին աշակերտները. գիրկընդխառնում, բարեւներ, ժպիտներ: Ուրկէ՞ սկսիլ կամ շարունակել կէս մնացած պատմութիւնը: Պզտիկները մեծցեր են. ոմանք՝ ամուսնացեր. ուրիշներ զաւակներու տէր դարձեր են. թոռնիկի° տէր: Երեսուն, քառասուն, յիսուն տարուան նախկին դասընկեր-դասընկերուհիներ կը հանդիպին իրարու եւ կը զգան, որ կախարդական ճիպոտով մկ հեռաւորութեան ու ժամանակի բացը գոցուեր է: Կարծես կրկին դասարանն են կամ բակին մէջ եւ կը զրուցեն անցեալէն ու ներկայէն. կը յիշեն, ուրեմն՝ կան…

Սագօ Պէրպէրեան իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ վարեց այդ կախարդական պահը: Նախ երգեցինք Ճեմարանի քայլերգը, որուն բառերը սփռուած էին ճերմակ պաստառին վրայ: Նոյն պաստառին վրայ, աւելի ուշ, պիտի երեւէր Ճեմարանի ներկայ տնօրէն, նախկին ուսուցիչ Տիգրան Ճինպաշեանը, որուն խօսքերը թէ° պիտի խանդավառէին մեզ, ի լուր Ճեմարանականներու արձանագրած յաջողութիւններուն, թէ° պիտի տխրեցնէին, յիշեցնելով Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական կացութիւնը եւ ծնողներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Պրն. Ճինպաշեան տեղ մը ըսաւ. «Կը նախանձիմ ձեզի, որ այսպէս հաւաքուեր էք պարտէզի մը մէջ ու կը վայելէք ձեր ընկերներուն ներկայութիւնը»: Իրաւունք ունէր «նախանձելու». այնքա°ն հաճելի էր խումբի մը պատկանելիութեան զգացումը… քո°ւ դպրոցդ, քո°ւ ուսուցիչներդ եւ քո°ւ ընկերներդ՝ երկա¯ր տարիներ նո°յն միջավայրին մէջ եւ նո°յն ջերմ մթնոլորտին մէջ ապրած, ու հիմա՝ քանի մը ժամուան համար՝ վերամիացած: Այո°, նախանձելի էր մեր վիճակը… Այդ օր, շուրջ 200 հոգի ներկայ էր ձեռնարկին: 199 հոգիով վազելով կամ թռչելով (Նիւ Ճըրզիէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն) հասեր էին, որովհետեւ գաղտնիք մը ունէին բացայայտելիք. գաղտնիք մը, որուն տեղեակ չէր միա°յն մէկը՝ Գարմէն Տէր Կարապետեանը: Բանէ – բամպակէ անտեղեակ Գարմէնը կարծեմ միակն էր, որ Ճեմարանականներու օրուան ներկայ ըլլալու համար եկաց էր: Մնացեալ ներկաները եկած էին մանաւա°նդ իրեն համար եւ ամբողջ երեկոյին ընթացքին անակնկալին ակնկալութեամբ խանդավառ՝ կը սպասէին պահուն, որ պիտի գար…
Գաղտնիքին թելերը քակողը եղաւ Պետրոս Ալահայտոյեանը՝ Գարմէնին մանկութեան ընկերը: Սրամիտ, համակրելի ու ճարտար ձեւով ան դրուագներ պատմեց Գարմէնին եւ իր մանկութենէն ու շատ զուարճացուց մեզ: Իրմէ ետք Վարանդ Վարդապետեան կարդա իր ոտանաւորը, նուիրուած «Մէկ Հատիկ Գարմէնին»: Շուշիկ Արսլանեան կարդաց Լուսին Մալիքեանէն յատուկ այդ օրուան առթիւ գրուած նամակը Գարմէնին, իսկ Արփի Խանճեան ընթերցեց Զաւէն Թորիկեանին ղրկած ինքնատիպ գրութիւնը: Թէեւ կարելի չէ բոլոր գրութիւնները մանրամասնութեամբ ներկայացնել հոս, բայց կարելի է հասարակաց մտածում մը ընդգծել, որ Գարմէն Տէր Կարապետեանը բացառիկ համբերութեամբ եւ տաղանդով օժտուած մանկավարժ մըն է, որուն ձեռքէն անցած սերունդները այսօր կարօտով ու սիրով կը յիշեն մանկապարտէզի երջանիկ օրերը:

Երբ Գարմէն Տէր Կարապետեանը վերջապէս անդրադարձաւ հաւաքոյթին բուն նպատակին, յուզուած մօտեցաւ բարձրախօսին եւ իր սրտին խօսքը ըսաւ: Ան համեստօրէն յիշեցուց ներկաներուն, թէ Լուսին Մալիքեանն էր Ճեմարանի մանկապարտէզին որդեգրած արդիական մեթոտներուն նախաձեռնողը եւ թէ կային խումբ մը նուիրուած եւ լա°ւ ուսուցչուհիներ, որոնք Լուսինին շուրջ հաւաքուած եւ անոր խանդավառ անհատականութենէն վարակուած՝ ստեղծած էին բացառիկ միջավայր մը մանուկներուն համար:
Մենք՝ երէկուան այդ մանուկները, չենք կրնար մոռնալ Շաբաթ օրերու խամաճիկներու ելոյթը, տարեվերջի հոյակապ հանդէսները, մե°ր՝ աշակերտներուս կողմէ պատրաստուած հացիկներուն բոյրը, պուպրիկներուն անկիւնը կամ բանջարեղէններու փոքրիկ պարտէզը… Օրիորդ Լուսին, Օրիորդ Գարմէն, Օրիորդ Ռուպինա, Օրիորդ Հերմինէ, Օրիորդ Յասմիկ, Օրիորդ Ֆիմի, Օրիորդ Արուս՝ ահա պայծառ հոյլ մը իրար հասկցող, իրար ամբողջացնող եւ քաջալերող ուսուցչուհիներու, որոնք կերտած են ապագայի մեր անհատականութիւնները: Շնորհակալութի°ւն իրենց: Շնորհակալութի°ւն Տիկին Գարմէնին, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ուրախութիւն սփռել մանուկներուն հոգիներուն մէջ: Համազգայինի Ճեմարանէն սկսելով, անցնելով Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբին ու հասնելով Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան՝ Գարմէն Տէր Կարապետեան եղած է, կը մնայ ու պիտի° մնայ գեղեցիկի, ազնուագոյնի, հարուստ ներաշխարհի, համեստութեան ու նուիրումի օրինակը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարեց թէ Գարմէն Տէր Կարապետեան անունով Ֆոնտ մը հաստատած է, որպէսզի շարունակուի Ճեմարանին ծով կարիքներուն հասնելու Ճեմարանականներու գեղեցիկ աւանդութիւնը:
Յայտարարուեցաւ նաեւ թէ այդ երեկոյին ընթացքին բաժնուած հասցէագիրքը նուիրուած է վաղամեռիկ Ճեմարանական Վարդուհի Եաղլեանի յիշատակին:

Աստղազարդ գիշեր մըն էր Սեպտեմբեր 27-ի գիշերը. Վարդուհին եւ շատ ուրիշ ճեմարանական ընկեր-ընկերուհիներ, ծնողներ ու ազգականներ աստղերու պատշգամէն կը նայէին մեզի եւ տարբեր եզրէ մը կը մասնակցէին մեր հաւաքոյթին:
Բառերով դժուար նկարագրելի ապրումներու գիշեր մըն էր Սեպտեմբեր 27-ինը, որ կարելի դարձած էր խումբ մը «խենթ»երու ժրաջան աշխատանքով: Շուշիկ Արսլանեան, Ալիս Վարդապետեան, Սօսի Մածունեան, Արփի Խանճեան, Զարուկ Գապագեան, Լենա Պետիկեան, Կրէյս Անտոնեան, Սօնա Արմէնեան, Սօսի Տատոյեան, Վահիկ Վարդապետեան, Ռազմիկ Սիմոնեան եւ Սագօ Պէրպէրեան ճիգ չէին խնայած այդ անոյշ գիշերը անմոռանալի դարձնելու համար: Շնորհակալութիւններու գեղեցիկ փունջ մըն ալ՝ իրենց:

Անի Աստուրեան