Այդ տարի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը հրաւիրուէր Թեհրան եւ Նոր Ջուղա՝ հիւրախաղերու շարք մը ներկայացնելու, խաղացանկին գլուխ գործոցը կը հանդիսանար պարսկահայերուն շատ սիրած Րաֆֆիին «Ոսկի աքաղաղ»ը, Մարօ Սարգիսեանի թատերական կեանքի գլուխ գործոցը, ուր 11 տարեկան գեղջուկ Կալոն պիտի հեռանար իր այնքան շատ սիրած գիւղէն, ընկերներէն, ընտանեկան հարազատ միջավայրէն: Տառապող Կալոյին կերպարը պիտի մարմնաւորէր Մարոն. խաղարկութիւնը կþընթանար շատ յաջող, ժողովուրդը ելեկտրականացած կը հետեւէր խաղի ընթացքին՝ մերթ խնդալով, մերթ յուզիչ արտայայտութիւններով: Թատերախաղը կը հասնէր իր լրումին, վարագոյրը կþիջնէր ծափողջոյններու տարափին տակ եւ քիչ ետք կը վերաբացուէր հանդիսատեսին փափաքին տեղի տալով: Ժողովուրդը կը խուժէր բեմ՝ գնահատանքի բառեր շռայլելով, նախ՝ Ժորժ Սարգիսեանին, ապա՝ դերակատարներուն, իսկ երբ կարգը կը հասնէր Մարոյին, բոլորս մէկ կողմ կեցած՝ հիացմունքով կը դիտէինք այն գիրկընդխառնումը, որ ներկաները կը ցուցաբերէին Մարոյին:

– Վա¯յ, Մարօ ճան, վա¯յ, պալա ճան, այս որքան յուզեցիր մեզ…

Այս նոյն տեսարանը մօտաւորապէս կը կրկնուէր Սփիւռքի հայահոծ բոլոր շրջաններու մէջ՝ Մոնրէալ, Թորոնթօ, Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Տիթրոյիթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք, քանի մը տարի ետք՝ Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ:

Այս մանրամասնութիւնները ուզեցի վերյիշել լիբանանահայութեան յիշեցնելու համար Մարոյին թատերական մօտակայ անցեալն ու վաստակը:

Իրանի հիւրախաղերը շարունակուեցան Նոր Ջուղայի մէջ, ուր Մարոյին հետ հիւրընկալուեցանք աւանդապաշտ հրաշալի ընտանիքի մը մօտ, որոնց ցուցաբերած յատուկ գուրգուրանքը, մասնաւորաբար՝ Մարոյի հանդէպ, յայտնաբերուեցաւ մեր վերադարձին նախօրեակին, տատիկին կողմէ.

– Մարօ ճան, մենք քեզ շատ սիրեցինք, արի մնայ մեզ մօտ, մեր օճախը շէնացրու…

Մարոն անակնկալի եկած՝ ժպիտով մը կանխեց տատիկին փափաքը:

– Ա¯խ, տատիկ ճան, շատ կը ցաւիմ, ես արդէն նշանուած եմ:

Նման առաջարկներ շատ կը լսէինք, կը լսէինք նաեւ Մարոյին վճռական պատասխանները:

Այդ տարիներուն, ո°ւր որ գտնուեցանք, Թեհրան, Նոր Ջուղա, թէ Ամերիկաներ, Մարոն միշտ շրջապատուած կþըլլար երիտասարդներով, որոնց մտերմութիւնը վերջաւորութեան կը հանդիպէր նոյն յանկերգին. «Ես արդէն նշանուած եմ»:

2007-ի գարնան տակաւին Պոսթըն էինք, բարեկամ մը կը հետաքրքրուէր Համազգայինի մշակութային կեանքով, մասնաւորաբար՝ թատերախումբիս գաղութային հիւրախաղերով: Անհրաժեշտ կարգ մը կէտեր յիշելու համար հեռաձայնեցի Պէյրութ, Մարոյին գրասենեակը. «Ալօ°, ալօ°», ալոներու երկար կրկնութիւնը անպատասխան մնաց…

Մարոն գրասենեակ չէր եկած… չափազանց ճշդապահ Մարոն կը բացակայէր, լուրջ հարց մը պէտք է ըլլայ, եզրակացուցի, հեռաձայնեցի տուն, ճիշդ էր կասկածս, Մարոն ըստ սովորականի մեկնած էր տունէն եւ քանի մը վայրկեան ետք վերադարձած՝ աղիքային սաստիկ ցաւերու պատճառով. կացութիւնը մտահոգիչ էր:

Շատ չանցած՝ կը վերադառնանք Պէյրութ, յաջորդ օրն իսկ կը փութամ իրեն այցելելու, դրան առջեւ պահ մը կը սպասեմ՝ հեւքս զսպելու եւ խոշոր ժպիտ մը ձեւաւորելու դէմքիս: Զանգը կը զարնեմ, կþուշանան դուռը բանալու, հոգեվիճակս կը ծանրանայ, ճիգ մը եւս՝ ժպիտս կեղծելու, դուռը կը բացուի.

– Բարե°ւ, բարե°ւ, բարի գալուստ, երազս ելաւ, քանի մը օր առաջ մեզի հետ էիր:

– Բարե°ւ, Պայծառ,- կը լսուի նաեւ Մարոյին ձայնը, ուժասպառ, ժպտուն, դիմակս կþիյնայ յանկարծ, «անցած ըլլայ», «անցած ըլլայ» օդային մաշած խօսքեր…

Բժիշկներու այցելութեան արդիւնքները մանրամասն կը կրկնուին, կասկածներս աւելի կը շեշտուին, Մարոն դալկահար, նիհարցած, հիւանդագին, կը պատմէ հայ վստահելի բժիշկներու անկեղծ վերաբերմունքը եւ ախտաճանաչումը: Կþապրինք շատ վատառողջ մթնոլորտի մէջ եւ աղիքային ցաւերը համաճարակի բնոյթ ստացած են: Մարոն կը փորձէ ուտել՝ ուժերը վերագտնելու համար, ի զուր, խիթերը հետզհետէ կը զօրանան, Մարոն կը փոխադրուի հիւանդանոց եւ անմիջապէս կþենթարկուի գործողութեան՝ խոր յուզումի մատնելով շրջապատը: Քոյրերը մխիթարելը անկարելի կը դառնայ, շուարած ենք բոլորս: Ուշ ատեն կը հեռանամ հիւանդանոցէն, առանձնութեանս մէջ կþընդվզիմ նախախնամութեան դէմ. ինչո՞ւ այս բոլորը՝ Մարոյին. այնքան բարի, աստուածավախ, հաւատացեալ, խառնուածքով լաւատես եւ ուրախ, շրջապատը ուրախացնող, ժպիտ բաշխող, տկարներուն հասնող, առատաձեռն:

Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները, հիւանդապահուհիները կը սիրեն զինք, իրենց կարելին կþընեն բուժելու նպատակով. դարմանումի շրջանին յաճախ կը լաւանար, կը վերադառնար տուն՝ յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչելով շրջապատին: Տան մթնոլորտին մէջ կը վերագտնէր ինքզինք, կը կատակէր, կը խնդացնէր:

Նոյն վերաբերմունքը կը ցուցաբերէր նաեւ հիւանդանոցին մէջ, դեղերու ազդեցութեան տակ, երբ քիչ մը հանգստանար իր սրամիտ խօսքերով, կատակներով կը զուարճացնէր բժիշկներն ու օգնականները:

Այս բոլորը, սակայն, երկար չտեւեցին, եւ օրէ օր սկսաւ աւելի մտերմանալ հիւանդանոցին հետ: Ֆիզիքապէս կը հիւծէր, կը հիւծէին նաեւ քոյրերը, որոնք մեծ յոյսերով կը սպասէին հրաշքին, որ կþուշանար…

Հիւանդանոցին բժիշկը ի վերջոյ առաջարկեց սրսկել դժուար գտանելի ասեղներու շարք մը. առաջին սրսկումը կեանք տուաւ Մարոյին, եկաւ տուն: Շրջապատին ուրախութիւնը անբացատրելի էր:

Յաջորդ օրը, ուրբաթ առաւօտ, փետրուար 29. արտասովոր թուական մը. լաւատեսութեամբ խանդավառ՝ վազեցի Մարոյին մօտ: Տան անսպասելի մթնոլորտը սառեցուց զիս, քոյրերը ծունկի եկած Մարոյին մօտ՝ լալագին կþաղօթէին, Աստծոյ երկնային օրհնութիւնը խնդրելով:

Տան բժիշկը հասած էր վերջին վայրկեանին եւ մահաքունի տարտամ խօսքեր յայտնելով՝ հեռացած. անճրկած էի բոլորովին, պապանձած, սառած էր նաեւ արցունքս… Մարոն շատ հանգիստ կը քնանար:

Աստուա°ծ իմ, Մարոն մեռած է այլեւս…

Դժուար է հաւատալ:

ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ