Եղիկ Գոնեալեան, Հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս` Համազգայինի ծիրէն ներս իր նուիրեալ աշխատանքին համար
2000
Զեփիւռ Շանթ, Համազգայինի ճամբով հայկական թատրոնին իր երկարամեայ ծառայութեան համար.
2002
Գուրգէն Ասատուրեան,Կրթական եւ մշակութային գործին իր նիւթական օժանդակութեան համար.
2002
Կարպիս Ափրիկեան, Հայկական երաժշտութեան մարզէն ներս իր կատարած ներդրումներուն համար.
2002
Վարուժան Խտըշեան, Հայկական թատերական բեմին իր տաղանդաշատ ներդրումին համար.
2002
Լուսին Մալիքեան, Համազգայինի ճեմարաններուն մէջ իր տասնամեակներու ծառայութեան համար.
9 Մարտ 2003
Պօղոս Սնապեան, Իր գրական բեղուն արտադրութեան կից` բծախնդրութեամբ «Բագին»ի խմբագիրի պաշտօնը վարած ըլլալուն համար.
9 Մարտ 2003
Արփինէ Փեհլիվանեան, Մօտաւորապէս յիսուն տարիներ հայկական երաժշտութեան զարգացումին եւ հայ երգի տարածումին նպաստած ըլլալու համար.
20 Մարտ 2003
Արշակ Գոլըստըն, Հայկական դպրութեան ամրապնդման ի խնդիր իր կատարած իշխանական նուիրատուութիւններուն համար.
19 Հոկտեմբեր 2003
Փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննիսեան, Իր պատմագիտական վաւերական ուսումնասիրութիւններու ճամբով հայութեան եւ Համազգայինի գաղափարներու իրաւացիութեան գիտական հաստատման նպաստած ըլլալուն համար.
1 Նոյեմբեր 2003
Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան, Համազգայինի եւ Ճեմարանի անունը միջազգային ճառագայթումի արժանացած իր ակադեմական-վարչական աշխատանքներու ընդմէջէն բարձր պահած ըլլալուն համար.
29 Փետրուար 2004
Սօս Սարգսեան, Հայկական բեմին եւ ֆիլմարուեստին միջոցով հայրենի հասարակութեան ազգային ոգի ներշնչած ըլլալուն համար.
6 Յունիս 2004
Յակոբ Բաստրմաճեան, Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերէն ներս իր երկարամեայ ու անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութեան համար
6 Յունիս 2004
Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան, Հանրային, մշակութային եւ գրական ասպարէզներու մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան համար.
22 Մայիս 2004
Ատրինէ Գարագաշեան, Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները հետեւողական կերպով իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած ըլլալուն համար.
1 Սեպտեմբեր 2004
Փրոֆ. Արա Մանաշ, Տասնամեակներ շարունակ Համազգայինի ճամբով հայ երաժշտութեան իր ծառայութեան համար.
1 Սեպտեմբեր 2004
Փրոֆ. Վահագն Տատրեան, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական իր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով եւ հրատարակութիւններով ճշմարտութեան հաստատման եւ սփռումին շօշափելի կերպով նպաստած ըլլալու համար.
1 Սեպտեմբեր 2004
Սիւզի Բարսեղեան - Դարբինեան, Հանդիսանալով Համազգայինի Անի պարախումբի հիմնադիրներէն` երեսուն տարի շարունակ հայ երիտասարդութեան հայկական պարարուեստը փոխանցելու իր անխոնջ ճիգին համար.
1 Սեպտեմբեր 2004
Եղիա Հաշօլեան, Հանդիսանալով Համազգայինի°°Անի°° պարախումբի հիմնադիրներէն` երեսուն տարի շարունակ հայ երիտասարդութեան հայկական պարարուեստը փոխանցելու իր անխոնջ ճիգին համար.
18 Դեկտեմբեր 2005
Ներսէս Նալպանտեան, Հայ կրթութեան եւ մշակոյթին երկարամեայ իր անսակարկ նիւթական եւ վարչական ծառայութեան համար.
27 Յունուար 2006
Մասիս Արարատեան, Ծաղրանկարչութեան ճամբով հայ մամուլին երկարամեայ իր ծառայութեան համար.
9 Դեկ. 2006
Դոկտ. Ժիրայր Տինանեան, Հայ կրթութեան եւ մշակոյթին երկարամեայ իր նիւթական եւ վարչական ծառայութեան համար.
9 Դեկ. 2006
Փիեռ Ղազարեան, Հայ կրթութեան եւ մշակոյթին երկարամեայ իր անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութեան համար.
25 Յունիս 2007
Երուանդ Երկանեան, Համազգայինի Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէնի իր հանգամանքով երկար տարիներ հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հայկական երաժշտութիւնն ու արժէքները փոխանցելու իր անխոնջ ճիգին համար.
Ապրիլ 2008
Արթօ Դաւիթեան, երկարամեայ անսակարկ բարոյական ու գործնական թանկագին ծառայութիւն մատուցած է մշակոյթին, յատկապէս` Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական»մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ զարգացման մէջ իր ունեցած որոշիչ դերակատարութեամբ:
Հոկտեմբեր 2008
Վաչէ Պարսումեան, երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2008
Վահագն Յովնանեան, երկարամեայ անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութիւն ցուցաբերած է ի փառս հայ կրթութեան եւ մշակոյթին:
Հոկտեմբեր 2008
ՐաՖՖի Սվաճեան, երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2008
Գրիգոր Փիտէճեան, երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2008
Հրանդ Մարգարեան, Համազգայինի ճամբով երկարամեայ ծառայութիւն ցուցաբերած է հանրային, մշակութային, թատերական եւ գրական ասպարէզներու մէջ:
Հոկտեմբեր 2008
Լիւսի Իշխանեան, երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2008
Հրանդ Սեմերճեան, երկարամեայ անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութիւն ցուցաբերած է ի փառս հայ կրթութեան եւ մշակոյթին:
Հոկտեմբեր 2008
Արսէն Սարեան, երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2008
Եւգինէ Ղարիպեան, Միացեալ Նահանգներու ռատիօժամի հաստատումով երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ մշակոյթի եւ կրթութեան պահպանման եւ տարածման:
Հոկտեմբեր 2008
Գարմէն Տէր Կարապետեան, Համազգայինի Նորսիկեան մանկապարտէզի մէջ տասնամեակներէ ի վեր իր անջնջելի դրոշմը ձգած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Հոկտեմբեր 2008
Արսինէ Օշական, Երկարամեայ անսակարկ նուիրումով ծառայած է Հայ մշակոյթին եւ կրթութեան:
3 Դեկտեմբեր 2008
Ալիս Գազանճեան, աւելի քան կէս դար ուսուցչութեան եւ մանկավարժութեան ճամբով անձնուիրաբար ծառայած է հայկական դպրութեան:
3 Դեկտեմբեր 2008
Անթուան Քէհէեան, երկար տարիներ ծառայած է Հայ Ճեմարանին եւ իր անջնջելի դրոշմը ձգած Ճեմարանի նորահաս սերունդներուն վրայ:
6 Դեկտեմբեր 2008
Հայկ Արսլանեան, նիւթական կարեւոր ներդումով հիմնօրէն օժանդակած է իր եւ իր եղբօր անունը կրող Ճեմարանի կառուցման:
6 Դեկտեմբեր 2008
Մարգար Շարապխանեան, երկար տարիներ նուիրումով ծառայած է հայ մշակոյթին եւ դպրութեան:
16 Մայիս 2009
Տօքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս՝ Համազգայինի ծիրէն ներս իր նուիրեալ աշխատանքին համար:
16 Մայիս 2009
Տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս՝ Համազգայինի ծիրէն ներս իր նուիրեալ աշխատանքին համար:
12 Նոյեմբեր 2009
Լիւսի Թիւթիւնճեան, հայ մշակոյթի հանդէպ ցուցաբերած է հոգածու վերաբերմունք եւ նուիրումով աշխատած է անոր հարստացման եւ տարածման ի խնդիր:
12 Նոյեմբեր 2009
Ճոն Կիւվտէրէլեան - Կիւվտէր, իր բարձրորակ եւ արժէքաւոր արուեստով եւ իբր վաստակաշատ մանկավարժ ծառայած է հայ մշակոյթի հարստացման:
Դեկտեմբեր 2009
Ռուբէն Յովսէփեան, երկարամեայ ծառայութիւն ցուցաբերած է հանրային, մշակութային, ի մասնաւորի գրական ասպարէզներուն մէջ:
8 Ապրիլ 2010
Զաւէն Խըտըշեան, իր իւրայատուկ արուեստով հետք ձգած է սփիւռքահայ քանդակագործութեան մարզէն ներս:
10 Սեպտեմբեր 2010
Հարմիկ Յակոբեան, Երկարամեայ հոգածու վերաբերմունք ցուցաբերած է հայ մշակոյթի հանդէպ եւ նուիրումով աշխատած է անոր տարածման ի խնդիր։
15 Յունիս 2013
Տէր եւ Տիկին Յարութիւն Մատթէոսեան, իրենց նիւթական մեծ ներդրումով ծառայած են հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
15 Յունիս 2013
Սոնիա Մատթէոսեան, իր նիւթական մեծ ներդրումով ծառայած է հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
23 Փետրուար 2014
Տիգրան Ճինպաշեան, տասնամեակներ շարունակ, ուսուցչութեամբ եւ ապա տնօրէնութեամբ մեծ ներդրումով եւ արժանաւորապէս ծառայած է հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին։
6 Օգոստոս 2014
Ռոզվարդ Սիսեռեան, իր բարձրորակ արուեստով եւ իբր վաստակաշատ մանկավարժ ծառայած է հայ մշակոյթի հարստացման եւ իր նիւթական նուիրաբերումներով թիկունք կանգնած է Համազգայինի կառոյցներուն։
7 Փետրուար 2015
Ժագ Ս. Յակոբեան, գրական իր վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ իր տեւական ծառայութեամբ նպաստած է հայ մշակոյթի հարստացման։
Սեպտեմբեր 2015
Տէր եւ Տիկին Ռոժէ եւ Մոնիք Տէր Մեսրոպեան Մարսէյի Ճեմարանի մարզամշակութային համալիրին շինարարական աշխատանքին իրենց օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ ներդրումով ծառայած են հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
Սեպտեմբեր 2015
Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Մարիօն Տատիկեան Մարսէյի Ճեմարանին կատարած իրենց նիւթական մեծ ներդրումներով ծառայած են հայ կրթութեան եւ
մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
17 Հոկտեմբեր 2015
Արշալոյս Վարդուկեան երկարամեայ հոգածու վերաբերմունք ցուցաբերած է հայ դպրութեան եւ մշակոյթին եւ նուիրումով աշխատած է անոնց տարածման համար։
Հոկտեմբեր 2016
Արթօ (Յարութիւն) Զատիկեան
Համազգայինին իր երկարամեայ ծառայութեամբ նպաստած է Աւստրալիոյ մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
Ապրիլ 2017
Տէր եւ Տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները իրենց բազմաթիւ գնահատելի նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացած են հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ազնիւ գործին:
Ապրիլ 2018
Տէր եւ Տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեանները իրենց բազմաթիւ իշխանական նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացած են հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ազգակերտ գործին:
Մայիս 2018
Արա Արծրունի իր տարիներու ներդրումով ծառայած է հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման:
Հոկտեմբեր 2018
Սիմոն Հասրճեան, իր բազմաթիւ իշխանական եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ կազմակերպական երկար տարիներու նուիրումով ծառայած է եւ սատար հանդիսացած՝ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։
Հոկտեմբեր 2018
Վրէժ Արմէն Արթինեան երկար տարիներու ծառայութիւն մատուցած է հանրային, կազմակերպական, մշակութային, ի մասնաւորի գրական ասպարէզներուն մէջ։ Անոր հրապարակագրային աշխատանքը հանրութեան մօտ սէր արթնցուցած է հայ գրականութեան հանդէպ:
Հոկտեմբեր 2018
Յակոբ Զառացեան, մշակութային, կրթական, վարչական եւ կազմակերպական երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Համազգայինին եւ նպաստած Աւստրալիոյ շրջանի կառոյցի հիմնադրութեան եւ զարգացման։
Հոկտեմբեր 2018
Հայկազ Պետրոսեան, Համազգայինին մատուցած իր երկարամեայ մշակութային եւ վարչական ծառայութեամբ նպաստած է Աւստրալիոյ շրջանի Համազգայինի կառոյցի կազմակերպման եւ ամրապնդման:
Դեկտեմբեր 2018
Հայաստան Վարդանեան, վարչական եւ կազմակերպական երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Համազգայինին եւ նպաստած Լոնտոնի շրջանի կառոյցի հիմնադրութեան եւ զարգացման։
Փետրուար 2019
Գեղանի Էթիեմէզեան, երկար տարիներու ծառայութիւն մատուցած է կրթական, հանրային, կազմակերպական եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ:
Փետրուար 2019
Արմենակ Եղիայեան, երկար տարիներու ծառայութիւն մատուցած է հանրային, կազմակերպական, մշակութային եւ մասնաւորաբար հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման ոլորտներուն մէջ:
Փետրուար 2019
Սարգիս Արմէնեան, վարչական, կազմակերպական երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւն մատուցած եւ նիւթական նպաստ ունեցած է Համազգայինին:
Փետրուար 2019
Սուրէն Սարգիսեան, իր բազմաթիւ իշխանական եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացած է հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման:
Փետրուար 2019
Ցոլակ Թիւթելեան, վարչական եւ կազմակերպական երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Համազգայինին։
Փետրուար 2019
Երուանդ Փամպուքեան, երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է կրթական, հանրային, կազմակերպական եւ պատմագիտական ասպարէզներուն մէջ:
Դեկտեմբեր 2020
Ռազմիկ Դաւոյեան, հանրային երկարամեայ գործունէութեամբ ու գրական մեծ վաստակով իր ինքնատիպ դրոշմը ձգած է մեր մշակութային կեանքին մէջ:
Փետրուար 2022
Վազգէն Փայլակեան,
հայ կրթութեան եւ մշակոյթին հանդէպ եւ ի մասնաւորի Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանին ցուցաբերած է երկարամեայ նուիրեալ նիւթական եւ վարչական ծառայութիւն։
Փետրուար 2022
Տօքթ. Փօլ Սարեան,
հայ կրթութեան եւ մշակոյթին հանդէպ եւ ի մասնաւորի Սիտնիի Համազգային Գօլստըն Ճեմարանին ցուցաբերած է երկարամեայ նուիրեալ վարչական ծառայութիւն։
Հոկտեմբեր 2022
Շաքէ Հացագործեան, երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած է Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին իր վարչական գործունէութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով եւ տասնամեակներու ուսուցչական վաստակ ունեցած է հայ մանուկներու դաստիարակութեան գործին մէջ։
Մարտ 2023
Արմէն Ճէնտէրճեան, երկարամեայ ներդրում ունեցած է հայ մշակոյթի ու յատկապէս երաժշտութեան կատարման, տարածման ու ուսուցման գործին մէջ։
Մարտ 2023
Դոկտ. Էդուարտ Թորիկեան, երկարամեայ վաստակ ունեցած է Սփիւռքի մէջ հայ երաժշտութեան կատարման, ծանօթացման եւ տարածման գործին մէջ։
Մարտ 2023
Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պերթիզլեան), հանրային, գրական եւ լրագրական ասպարէզներուն մէջ մեծ վաստակ եւ երկարամեայ մշակութային գործունէութիւն ունեցած է։
Մարտ 2023
Կարօ Յովհաննէսեան, երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, կրթական, մշակութային եւ գրական ասպարէզներու մէջ:
Յուլիս 2023
Մաքրուհի Քորթեան, երկար տարիներ ծառայած է Հայ դպրութեան, Համազգայինի շարքերէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքին:
Հոկտեմբեր 2023
Էտի Վեցմատեան, երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի շարքերէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ:
Դեկտեմբեր 2023
Հռիփ Կանանեան, երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, կրթական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ:
Հոկտեմբեր 2023
Ասատուր Շուկայեան, երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի շարքերէն ներս եւ վարած է պատասխանատու պաշտօններ ի ծառայութիւն Հայ մշակոյթի տարածման:
Յունուար 2024
Նուագավար, երաժշտագէտ Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է եւ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին:
Մարտ 2024
Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, կազմակերպական, կրթական, մշակութային եւ գրական ոլորտներուն մէջ, մեծապէս նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Մարտ 2024
Շաքէ Կէօնճեան բարոյապէս ու յատկապէս նիւթապէս միշտ սատար հանդիսացած է հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ազնիւ գործին:
Մարտ 2024
Յարութիւն Պէրպէրեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, կրթական, մշակութային ու յատկապէս գրական ասպարէզներուն մէջ, մեծապէս նպաստելով «Բագին» պաշտօնաթերթի վերելքին։
Մարտ 2024
Աթոմ Էկոյեան իր ինքնուրոյն դրոշմը ունեցած է համաշխարհային ֆիլմարուեստին մէջ, միաժամանակ ողջունելի գործակցութիւն ցուցաբերելով Համազգային Գանատայի կառոյցին, ի նպաստ Նուռ ֆիլմի փառատօնի յաջողութեան:
Մարտ 2024
Ֆիմի Տէր Յակոբեան երկարամեայ գնահատելի ծառայութիւն մատուցած է Սուրիահայ համայնքի հանրային, կրթական, եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ:
Մարտ 2024
Դաւիթ Յակոբեան թատերական եւ շարժապատկերի արուեստներու մէջ իբրեւ դերասան, մանկավարժ-դասախօս եւ թատերական գործիչ մեծ վաստակի տէր է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Մարտ 2024
Ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեան երկարամեայ վաստակի տէր է հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան կատարման, ուսուցման եւ տարածման առաքելութեան մէջ:
Ապրիլ 2024
Վարուժան Տէմիրճեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Ռիթա Որբերեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Ռուբինա Բագրատունի երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Հրաչ Սիմոնեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Մհեր Պապեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Գէորգ Պետիկեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի զանազան կառոյցներու կազմակերպական, կրթական, մշակութային, թատերական եւ գրական ոլորտներուն մէջ, մեծապէս նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Պօղոս Գուբելեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է գրականութեան ոլորտին մէջ, իր գործերով նպաստած է սփիւռքահայ գրականութեան հարստացման:
Ապրիլ 2024
Գրիշ Դաւթեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային եւ գրական ոլորտներուն մէջ եւ իր գործերով նպաստած է սփիւռքահայ գրականութեան հարստացման:
Ապրիլ 2024
Սոնա Զէյթլեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, մշակութային եւ գրական ոլորտներուն մէջ եւ իր գործերով նպաստած է սփիւռքահայ գրականութեան հարստացման:
Ապրիլ 2024
Ռուբինա Փիրումեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, մշակութային, կրթական եւ ակադեմական ոլորտներուն մէջ եւ իր գործերով նպաստած է սփիւռքահայ գրականութեան հարստացման:
Ապրիլ 2024
Ցոլինէ Խաչատուրեան բարոյապէս ու յատկապէս նիւթապէս միշտ սատար հանդիսացած է հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ազնիւ գործին:
Ապրիլ 2024
Կարպիս Դերձակեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ, նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Վահէ Ժամագործեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցի կազմակերպական, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ, մեծապէս նպաստելով Համազգայինի գործունէութեան վերելքին։
Ապրիլ 2024
Վազգէն Այվազեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Վեհանոյշ Թեքեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է հանրային, մշակութային ու յատկապէս գրական ասպարէզներուն մէջ, նպաստելով սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկումին։
Ապրիլ 2024
Մարիէթ Գաբրիէլեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Տոքթ․ Ժանէթ Մուրատեան-Մարգարեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Արմինէ Մինասեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Անի Աղաճանեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Մակի Մատարենց երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Ալֆրետ Եզնայեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Ապրիլ 2024
Սիրուն Կարոյեան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցելով նպաստած է Արեւելեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին։
Մայիս 2024
Արուեստագէտ, մանկավարժ Վարդան Թաշճեան երկարամեայ վաստակ ունեցած է եւ անսակարկ նուիրումով ծառայած է հայ դպրութեան եւ մշակոյթի տարածման աշխատանքին: