Համազգայինի հրատարակչական աշխատանքը կը սկսի 1931ին, երբ Ճեմարանի մէջ կը բացուի Համազգայինի տպարանը եւ իբրեւ առաջին գործ՝ լոյս կ’ընծայէ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը: Տպարանը մամուլ չունէր: Պարզապէս գրաշարութիւնն ու սրբագրութիւնը տեղի կ’ունենային Ճեմարանէն ներս:
Ճեմարանի ծանրաբեռնուած պիւտճէն կը դժուարացնէր հրատարակչական գործին ընթացքը: Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան կ’առաջարկէ լուծում մը եւ հաշուակցելով Ճեմարանին հետ, տպարանը կը դարձնէ իր սեփականութիւնը, անոր գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Տպարանը կը կոչուի «Յոյս» եւ կը ծաւալէ դասագիրքերու եւ այլ գործերու հրատարակչական աշխատանք:
1944ին այս տպարանէն կը սկսի լոյս տեսնել Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Ակօս» հանդէսը: 1946ին կը ձեռնարկուի Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերու հրատարակութեան: 1947ին, Նիկոլ Աղբալեանի մահով եւ անոր կտակով՝ տպարանը կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւնը եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով կ°անուանուի «Համազգայինի Տպարան»: 1948ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գասպար Իփէկեան իր գրասենեակը կը հաստատէ տպարանի կողքին եւ Համազգայինի գործավար-քարտուղարի իր պաշտօնով կը սկսի գրախանութի եւ գրատարածի աշխատանքները կազմակերպել: Այդ թուականէն սկսեալ կը ձեռնարկուի նաեւ ընթերցանութեան գիրքերու, մանկապատանեկան շարքերու, գրական, ինչպէս նաեւ կուսակցական, գաղափարական, յուշագրական եւ այլ գործերու հրատարակութեան աշխատանքին:
Հրատարակչական գործը՝ իր նուաճումներով եւ տեղատուութիւններով կը շարունակուի մինչեւ 1965 թուական, երբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ ապա՝ ցմահ պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանի անձնական ներդրումով, կարելի կ°ըլլայ տպարանը օժտել արդիական նոր կազմածներով: Սկզբնական հանգրուանին ինք կը ստանձնէ յանձանձումը, սակայն տպարանը կը գործէ Համազգայինի անուան տակ:
Հանգրուան մը այս ընթացքով գործելէ ետք, Վահէ Սէթեան տպարանը իր կազմածներով կը յանձնէ Համազգայինին եւ անոր տնօրինման: Կեդրոնական Վարչութիւնը կ°որոշէ տպարանը անուանել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան:
1965ին Երուանդ Մոնոֆարեան կը նշանակուի տնօրէն:
1975ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով եւ Պէյրութ մայրաքաղաքի բաժանումով՝ արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերու, տպարանը հետզհետէ կը դիմակալէ մեծ դժուարութիւններ: Ի վերջոյ անհրաժեշտ կը դառնայ տպարանին փոխադրութիւնը 1988-1989ին՝ Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան Կեդրոն», ուր նաեւ կը տեղափոխուի Պուրճ Համուտի մէկ թաղամասին մէջ գործող Համազգայինի փոքր գրախանութը:
1998ին Յակոբ Հաւաթեան կը նշանակուի վարիչ տնօրէն՝ Համազգայինի տպարան-հրատարակչականին: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յառաջացած խնամակալ մարմին մը մօտէն կը հետեւի հրատարակչական գործի ընդհանուր ընթացքին:
Ֆրանսայի «Էմփրիմար» տպարանի կազմածները գնելէ ետք (2003 թուականին), եւ տարածքը ամբողջական կերպով նորոգելէ ետք, այսօր, Համազգայինը ունի տպագրական լայն կարելիութիւններ: Տպարանը օժտուած է փորձառու եւ աշխոյժ անձնակազմով ու պաշտօնէութեամբ:
Համազգայինի հրատարակչական գործին առընթեր, տպարանը նաեւ կը գործէ վաճառականական հասկացողութեամբ, իբրեւ ամբողջական կառոյց, գոհացում տալով շուկայական արհեստավարժ պահանջներուն:
Գրատարածի գործը այսօր ունի աւելի լայն տարողութիւն, որովհետեւ գործակցութիւն հաստատուած է արտասահմանեան շօշափելի թիւով կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու եւ գրատարածման կեդրոններու հետ: Իրականացած է արդէն կայքէջի վրայ գրախանութի մը հաստատումը, որուն միջոցաւ ընթերցողը կը գտնէ տեղեկութիւններ՝ Համազգայինի բոլոր հրատարակութիւններուն մասին, համապատասխան մանրամասնութիւններով եւ ուղղութիւններով:
Ցուցահանդէսները, գրքերու շրջուն վաճառքները կը մնան Գրատարածի մնայուն առաջադրանքները, հասցնելու հայ գիրքը՝ հայ ընթերցողին: