Արդեօ՞ք դուք ալ զարմանքի, շփոթի կամ յուսախաբութեան պահեր ապրած էք, երբ ձեր շրջապատը անտարբերութիւն ցուցաբերած է հաւաքականութեան վերաբերող հարցերու նկատմամբ: Արդեօ՞ք ձեր զարմանքը, շփոթը կամ յուսախաբութիւնը կրկնապատկուած չէ՞, երբ հեղինակաւոր անհատներ ամէն առիթով յիշեցուցած են ձեզի, մեզ, բոլորիս, որ կրաւորականութիւնը եւ անտարբերութիւնը անընդունելի մեղքեր են ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար՝ մեր ժողովուրդին համար, մինչ նոյն անհատները յաճախ նախընտրած են լռութիւնը, կրաւորականութիւնը եւ անտարբերութիւնը:

Յաճախ մտածած եմ այս համատարած անտարբերութեան մասին, մտքիս մէջ հազար անգամ քննադատած զայն եւ թարգմանած՝ իբրեւ բացասական մօտեցում, թէ° իբրեւ նկարագրային գիծ եւ թէ° իբրեւ տուեալ երեւոյթին կամ հարցին հանդէպ կեցուածք:

Վերջերս «Փանջունի» ներկայացումին առիթով պատահած դէպք մը պատճառ դարձաւ, որ «անտարբերութիւն» երեւոյթը տեսնեմ տարբեր դիտանկիւնէ:

«Փանջունի»ի ներկայացման ընթացքին եւ աւարտին ուրախ էի, աւելի°ն, հիացած՝ նիւթին, ներկայացման ձեւին, դերասաններու ճարտարութեան, բեմադրիչի ստեղծագործական մտքին եւ տաղանդին վրայ: Կþուզէի բան մը ըսել, «պռաւօ» մը պոռալ, թէ° բեմադրիչին եւ թէ° դերասաններուն ձեռքերը սեղմել… բայց բաւականացայ ոտքի կանգնած ծափելով. պէտք է ըսել, որ ձեռքս բաւական վեր բռնած ծափեցի:

Յաջորդող օրերուն անհանգիստ կը զգայի: Անհատական կարծիքս կրնար այնքան ալ կարեւոր չըլլալ, սակայն մտահոգ էի, որ ինծի նման ուրիշներ ալ իրենց գոհունակութիւնը «լուռ» յայտնեցին բեմադրիչին եւ դերասաններուն: Արդեօ՞ք բաւարար է… երբ մարդկային հոգեբանութեան մէջ շեշտուելով կը շեշտուի քաջալերանքի, դրական մթնոլորտի կարեւորութիւնը եւ տեղը յաջողութեան ու յարատեւութեան մէջ: Բայց կարծէք մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ ամէնէն շատ կը հաւատանք Տարուինի «survival of the fittest» տեսութեան:

Ինքզինքս համոզելու բոլոր ջանքերս ի զուր անցան, սակայն բախտս ժպտեցաւ, որովհետեւ հակառակ տիրող անհամ կացութեան (Լիբանան եւ Հայաստան), առիթը ունեցանք նոյն շաբթուան ընթացքին, դարձեալ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, վայելելու Վարդան Պետրոսեանի «Վերելք»ը, որուն ընդմիջումին դէմս ելաւ բեմադրիչ Յասմիկ Պերթիզլեանը: Լաւագոյն առիթն էր, սիրտս կը զարնէր, հազար բան կար ըսելիք… եւ ես բաւականացայ ժպտալով, պէտք է ըսել, որ ըստ ինծի «խորունկ եւ իմաստուն» ժպիտ մըն էր, վստահաբար բեմադրիչը հասկցաւ, որ ես այդ ժպիտով շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ իր կատարած մեծ աշխատանքին համար:

Վերադարձայ տեղս, շարունակեցի դիտել հրաշք Վարդանը, սակայն հանգիստ չէի…

Անցնող շաբթուան ընթացքին յաճախ մտածեցի… համարձակութեան պակաս, անհոգութիւն, իրարանցում եւ շատ ու շատ պատճառներ: Վերջապէս՝ հակազդեցութեան պակաս, որ ներելի եւ արտօնելի չէ: Իւրաքանչիւր հայ անհատի աշխատանք, գործ կամ նախաձեռնութիւն, արժանի պէտք է ըլլայ բոլորիս ուշադրութեան, քաջալերանքին, գնահատանքին, քննարկումին, կառուցողական քննադատութեան, ծափահարութեան. եւ այս բոլորը՝ ոչ միայն խնդրոյ առարկայ անհատներուն յառաջընթացին սիրոյն, այլեւ անոնց ցոյց տրուած ուշադրութիւնը քաջալերանքի վարակիչ օրինակ պիտի ծառայէ հազարաւոր հայ մարդոց:

Ես կþուզեմ սրբագրել սխալս եւ պարտքս կատարել՝ յուսալով, որ Յասմիկը եւ մեր պատանի դերասանները կը կարդան այս երկտողը: Շնորհակալութիւն, որ մեզի առիթ տուիք, որ դիտենք այդ կարեւոր գործը՝ պատրաստուած ստեղծագործական, հնարամիտ, մասնագիտական ձեւով, այս դժուար պայմաններուն մէջ: Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր քաջալերանքի հետ ձեր սկսած գործը շարունակելու նոր աւիշ պիտի ստանաք եւ ապագային պիտի փորձէք ընել աւելին:

Վ. Սիսեռեան