«Գեղանկարչութիւնը գործիք է թշնամիին վրայ
յարձակելու եւ անկէ պաշտպանուելու համար»:
ՓԱՊԼՕ ՓԻՔԱՍՕ

«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսը, գործնապէս հայ ժողովուրդի փրկութիւնը ապահովելէ ետք, ոչ միայն ի զօրու է ցայսօր, այլ նաեւ իբրեւ սրբազան պատգամ՝ վերածուած է ազգային թելադրականութեան եւ նոյնիսկ մաս կը կազմէ մեր մշակոյթին:

Մուսալեռցի հայրս՝ Սըդդանը (ինչպէս յայտնի էր գիւղին մէջ) մեզի կը պատգամէր, թէ՝ «Երեխային կաթը ապահովելէ առաջ հարկաւոր է զէնք ունենալ՝ ընտանիքի կեանքն ու պատիւը պաշտպանելու համար, սակայն աղօթէ, որ ստիպուած չըլլաս գործածելու զայն»:

Դժբախտաբար, այո°, դժբախտաբար մեր ազգային-պատմական դժնդակ փորձառութիւնը այսպէ°ս կþուսուցանէ մեզի: Հարկադրանքի տակ ձեռք բերուած Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»ի իմաստութիւնն էր, որ փրկեց մեր ազգի մնացորդացն ու ապահովեց ներկան: Տիրող միջազգային եւ ազգային կացութիւնները ցոյց կու տան, թէ երկաթէ շերեփով պայմանաւորուած են մեր գոյատեւումն ու ապագան: Սակայն զինական ուժին վերապահուած է փրկելու եւ կամ գոյատեւումը ապահովելու զանգուածներու, հաւաքականութիւններու եւ լաւագոյն պարագային՝ ժողովուրդներու: Զէնքով կը փրկուի մարդու նիւթեղէն բաժինը, ո°չ ոգեղէնը: Մարդու հոգեմտաւոր ու ոգեղէն արժէքներու փրկութիւնը պայմանաւորուած է բարձրորակ եւ ուրոյն մշակոյթի առկայութեամբ: Պաշտպանելով հայրենիքն ու ժողովուրդը՝ փրկած կþըլլանք հայ մշակոյթը, փրկելով հայ մշակոյթը՝ ապահոված կþըլլանք մեր ազգային գոյատեւումը, իսկ բարձրացնելով հայ ինքնուրոյն մշակոյթի որակը՝ որակաւորած կþըլլանք հայ ազգն ու պահպանած՝ անոր ազգային դիմագիծը:

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ երբ թոյլ մշակոյթի տէր ազգեր տիրապետած են համեմատաբար մշակութապէս աւելի զօրաւոր ու բարձրորակ ազգերու, անոնք թէեւ յաղթած են գետնի վրայ եւ նուաճած՝ նոր երկիր, սակայն ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց ազգային դիմագիծն ու փաստօրէն պարտուած՝ մշակութապէս: Այդպէս պատահած է յոյներու պարագային, երբ անոնք հիւսիսէն ներխուժեցին Միջերկրականի ափերը: Այդպէս պատահեցաւ նաեւ սելճուքներու պարագային, երբ անոնք Միջին Ասիայէն եկան ու նուաճեցին միջին արեւելեան երկիրներ:

Ինչո՞ւ. որովհետեւ առանց մշակոյթի՝ գոյութիւն չի կրնար ունենալ ազգը: Ի զուր չէ, որ մեր մեծագոյն մտածողներէն Յովհաննէս Քաջազնունին կþըսէ ու կը պնդէ, որ՝ «Ազգը մշակոյթ է»:

Այս իսկ պատճառով, թուրքերը իրենց նպատակը իրագործելու եւ ի սկզբանէ հայ ազգի ոչնչացումը ապահովելու համար նախ գլխատեցին հայ մշակոյթը եւ ապա անցան ժողովուրդի նիւթեղէն ոչնչացման:

Այս նոյն, դառն ճշմարտութեան գիտակցութիւնն էր, որ Եղեռնէն ճողոպրած հոյլ մը մշակոյթի գործիչներ, ութսուն տարիներ առաջ, Գահիրէի մէջ հիմնադրեցին Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

Անոնք իրենց մորթին վրայ գործնապէս զգացած էին զէնքին դերն ու տեղը՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի փրկութեան համար մղուող պայքարի ընթացքին մէջ:

Անոնք փորձառութեամբ գիտէին նաեւ հայ մշակոյթին տեղն ու դերը ազգային դիմագիծի պահպանման ու գոյատեւման մէջ, ի մասնաւորի՝ Սփիւռքի աննպաստ պայմաններու տակ:

Քսաներորդ դարու մեծագոյն կերպարուեստագէտներէն Փապլօ Փիքասօ կþըսէ. «Կերպարուեստը գործիք է թշնամիին վրայ յարձակելու եւ անկէ պաշտպանուելու համար»: Ան նախ ուղղակիօրէն կþընդգծէ յանձնառու արուեստի ներազդեցիկ ուժը ազգային-քաղաքական քարոզչական ասպարէզէն ներս, իսկ երկրորդ՝ ան ուղղակիօրէն կը շեշտէ զինական ուժի եւ մշակոյթի հակադրամիասնական բնոյթը:

Այո°, արտաքնապէս իրարու ներհակ թուացող զէնքն ու մշակոյթը ի վերջոյ տեղ մը զիրար կը լրացնեն ու կþամբողջացնեն, այս պարագային՝ ծառայելով միեւնոյն նպատակին:

Այս տեսակէտէն Փիքասոյի «Կերնիքա»ն ոչ միայն իր ստեղծման շրջանին իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, թէ° սպանական եւ թէ° առհասարակ արեւմտեան աշխարհի քաղաքական մտքին վրայ, այլեւ մինչեւ հիմա կը շարունակէ կատարել իր դերը:

Ի վերջոյ, քաղաքական հոսանքները շատ աւելի պէտքը կը զգան մշակութային նեցուկին, քան՝ մշակոյթը քաղաքական հոսանքներու, որովհետեւ քաղաքական հոսանքները գնայուն են, մնայունը անոնց ստեղծած մշակոյթն է, որ ապագային պիտի արժեւորէ ու գնահատէ թէ° իրենց տաղանդախօսութիւնը եւ թէ° գործը:

Իսկ քսաներորդ դարու մեծագոյն գիտնականներէն Վիքթոր Համբարձումեան, որ յայտնի է նաեւ իր ազգասիրութեամբն ու հայրենասիրութեամբը, կþըսէ. «Մշակութային ինքնուրոյնութիւնն ու ինքնօրինակութիւնը… հազար անգամ աւելի թանկ են, արժանաւոր ու բարձր՝ միմիայն աղմուկ հանող քաղաքական անկախութիւնից: Դա ազգային մշակոյթի եւ մտքի իսկական անկախութիւնն է»:

Խորհրդային քաղաքացիի համար չափազանց համարձակ այս բանաձեւումը ցոյց կու տայ, թէ ազգային մշակոյթի ինքնատպութեան պահպանումն ու զարգացումը շատ աւելի կենսական են ազգի գոյատեւման համար, քան՝ քաղաքական անկախութիւնը: Ի հարկ է այս մէկը առաւել եւս առաջնային նշանակութիւն ունէր մանաւա°նդ խորհրդային պայմաններու տակ:

Թէեւ Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ պայմանները բոլորովին տարբեր են, սակայն մշակոյթի կարիքը շատ աւելի կը զգացուի…:

Այս գիտակցութեամբ էր, որ Համազգայինի հիմնադիրները ճամբայ ելան:

Այս գիտակցութեամբ է, որ անոնք սերունդներ դաստիարակեցին:

Այս գիտակցութեամբ է, որ նոր սերունդները եւս անոնց գործը կը շարունակեն:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ