Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անունով կ’ողջունեմ այս խորհրդաժողովին մասնակից բոլոր ներկաները:

Աւելորդ է խօսիլ այն մասին, թէ հաւաքականութեան մը համար ինչքա՜ն կարեւոր է իր լեզուն՝ անոր բանաւոր ու գրաւոր արտայայտութիւններով. առօրեայ հաղորդակցութիւն հասարակական բոլոր մակարդակներու վրայ, դաստիարակութիւն, արուեստ ու գրականութիւն ու յարակից ամէն ինչ: Հաւաքականութեան մը համար՝ լեզուն ինքնութիւն կերտող ու փաստող հիմնական յատկանիշ է: Ան ուրեմն բոլորին գուրգուրանքի  առարկան պէտք է ըլլայ:

Լեզուն վերջիվերջոյ յստակ սահմանումներու ամբողջութիւն մըն է. բառերու նշանակութիւն, ոճ եւ քերականական օրէնքներ՝ իրենց բացառութիւններով. երեքն ալ արդիւնք՝ մարդ էակի կազմութենէն մինչեւ այսօր արտայայտութեան կերպերուն մէջ տեղի ունեցած ձեւական ու խորքային տեւական փոփոխութիւններու ամբողջութեան: Այդ փոփոխութիւնները շարունակելի են նաեւ այսօր՝ նոյն բնական կարգով: Բնական բոլոր երեւոյթներու նման՝ լեզուն ալ յարատեւ փոփոխութեան՝ եղափոխութեան ենթակայ է:

Իսկ լեզուի պահպանման, այսինքն՝ փոփոխութեան գոնէ դանդաղեցման խնդիրը անպայման կապուած է կազմակերպուած հասարակութեան յղացքին հետ. մէկ խօսքով՝ պետական կառոյցի մը գոյութեան հետ:

Այս իմաստով հայերէնը, ի հարկ է, բացառութիւն չի կազմեր: Գիրերու գիւտէն ետք ունեցած ենք իր կատարելութեան հասած գրաբարն ու իր տարբերակները. իսկ Հայաստանի ու հայութեան բաժանման վիճակի մէջ ու հայկական որեւէ տեսակի պետականութեան բացակայութեան՝ զարգացուցած ենք լեզուական երկու հիմնական տարբերակներ՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը. առաջինը՝ նախապէս պարսկական եւ հետագային նաեւ ռուսական տիրապետութեան տակ եղած աշխարհագրական Հայաստանին յատուկ, երկրորդը՝  նախ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծնած ու ապրած, իսկ ներկայիս ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհացրիւ դարձած հայութեան գործածած տարբերակը: Առաջինը՝ փաստօրէն հարիւրամեակ մը շարունակ պետական հովանաւորութիւն վայելած, երկրորդը՝ բազմաթիւ այլ լեզուներու ազդեցութեան տակ ինքնաբերաբար տարբեր տեսակի աղաւաղումներու ենթարկուող, մաշող ու բարբառային խայտաբղէտ լեզուական անհամար շիւերու ճիւղաւորուող, Արեւմտեան Հայաստանի մշակոյթի եւ ժողովուրդի նման՝ նո՛յնպէս ցեղասպանութեան ու կոտորակումի ենթարկուած արեւմտահայերէնը:

Ուրախալի է նկատել, որ վերջին ժամանակշրջանին հայերէնի վերաբերմամբ առկայ մտահոգութիւնները դուրս եկած են մասնագիտական նեղ շրջանակէն: Անոնք սկսած են արծարծուիլ ո՛չ միայն խորհրդաժողովներու եւ գիտաժողովներու մէջ, այլ նաեւ՝ հրապարակային կերպով. յօդուածներով ու հարցազրոյցներով: Ինչ որ հետաքրքրական ու քաջալերական է, այն է թէ այլեւս տեղ չկայ լեզուի հարցերու արծարծումը յատկանշող երբեմնի կիրքին ու անտեղի վիրաւորանքին համար: Լեզուի բարեփոխման խնդիրները գիտական մարզին կը պատկանին. այդտեղ չափազանցեալ զգացականութիւնը միայն վնաս կրնայ հասցնել: Իսկ քանի մեր լեզուն միայն մեզի է յատուկ, ապա որեւէ բարեփոխում կը պատկանի ազգային քաղաքականութեան ծիրին. պետական, հասարակական, մասնագիտական գործ է:

Ի դէպ՝ այս օրերուն կը լրանայ ԵՊՀի եւ Համազգայինի գործակցութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովներու շարքին տասնամեակը: Նոյեմբեր 2005ին սկսած այս միացեալ հանդիպումներու ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Համաստեղի եւ Յակոբ Օշականի գործերը: Իսկ այսօր՝ արդէն քննութեան առարկայ են հայոց լեզուի խնդիրները:

Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան,  18  Նոյեմբեր  2015