Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Դպրոցական Վարչագիտութեան Մագիստրոսութեան Կրթանպաստի Պայմաններ

  1. Դիմողը պէտք է տիրացած ըլլայ Պսակաւոր Արուեստից կամ Պսակաւոր Գիտութեանց վկայականի եւ ըլլայ առաւելագոյնը 35 տարեկան :
  2. Դիմողը պէտք է լեցնէ եւ ներկայացնէ դիմումնագիր մը (գտնել Համազգայինի համացանցային կայքէջին վրայ), որ Համազգայինի Պէյրութի գրասենեակը (M. & H. Arslanian College, 4th floor, Mezher, Antelias, Lebanon, P.O.Box:70-1028)  հասած պէտք է ըլլայ ամենաուշը մինչեւ ուսման առաջին տարին կանխող Դեկտեմբերի 15–ը: Դիմումնագրին պէտք է ընկերանան պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը (տեսնել ցանկը դիմումնագրի վերջաւորութեան): Ի մասնաւորի պէտք է ընկերանան դիմողին վարք ու բարքին, նկարագրին եւ կարողութիւններուն մասին երկու նամակ: Այս երկու նամակները պէտք է գրուած ըլլան կամ դիմողը իբրեւ աշակերտ ունեցած երկու համալսարանի դասախօսներու կողմէ կամ մէկ համալսարանի դասախօսի եւ մէկ աշխատանքային պատասխանատուի կողմէ:
  3. Ի հարկին տեսակցութիւն մը տեղի կ’ունենայ դիմողին եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչի մը միջեւ:
  4. Դիմողը պատրաստ պէտք է ըլլայ լիաժամ դրութեամբ հետեւելու Դպրոցական Վարչագիտութեան Մագիստրոսութեան ծրագրի մը լաւ վարկ եւ ճանաչում ունեցող համալսարանի մը մէջ, որուն ընտրութեան իր համաձայնութիւնը կու տայ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
  5. Համազգայինը կը հոգայ ուսման կրթաթոշակները միայն: Համազգայինը չի հոգար լրացական դասերու թոշակները, բնակութեան ծախսեր եւ կրթաթոշակներէն դուրս եղող այլ յարակից ծախսեր (ինչպէս ընդունման դիմումնագրի վճարում, ընդունման համար նախատեսուած քննութիւններու ծախսեր, ապահովագրութիւն, դասագիրքերու գին, ուսանողական միութեանց անդամակցութեան անդամավճարներ, փոխադրութեան ծախսեր, եւն.):
  6. Դիմողը կը ստորագրէ համաձայնագիր մը, ուր կը խոստանայ ուսումը աւարտելէ ետք առնուազն հինգ տարի  ծառայել Կեդրոնական Վարչութեան հետ խորհրդակցաբար ճշդուած հայկական վարժարանի մը մէջ, իբրեւ տնօրինական անձնակազմի անդամ (տնօրէն, փոխ-տնօրէն, վարչական կամ կրթական պատասխանատու): Այն պարագային, ուր Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատէ, որ դիմողին աւարտական տարուան յաջորդող տարեշրջանին համար աշխատանքի նման կարելիութիւն գոյութիւն չունի, հինգ տարի հայկական վարժարանի մէջ ծառայելու այս պայմանը չեղեալ կը նկատուի եւ դիմողը ազատ կ’ըլլայ այլ տեղ աշխատանք գտնելու:
  7. Համալսարանական ուսման ընթացքին ուսանողը պարտի ցուցաբերել  ուսումնական յաջող ընթացք եւ բարոյապէս անբասիր կենցաղ եւ վարմունք: Այն պարագային, երբ Կեդրոնական Վարչութիւնը դատէ թէ այս պայմանը չէ յարգուած ուսանողին կողմէ, ուսանողին եւ Համազգայինի միջեւ համաձայնութիւնը չեղեալ կը նկատուի եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը դադրի հոգալէ ենթակային ուսման ծախսերը:

Download the application form