Մանկավարժ-Հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագրին գործադրութեան ծիրէն ներս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ Սփիւռքի ամբողջ տարածքէն: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայական (BA) որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով Հայերէնագիտական մարզի մէջ:

Ուսումնառութեան շրջանը աւարտելէ ետք ենթական պարտի առնուազն եօթը տարի դասաւանդել իր մասնագիտութեան համաձայն հայերէն լեզու եւ գրականութիւն կամ հայոց պատմութիւն, մեր կողմէ նշուած հայկական վարժարանի մը մէջ։

Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ հաստատել Համազգայինի կեդրոնական գրասենեակ (Պէյրութ), նոյն ե-նամակի հասցէով կամ հեռաձայնել 00961-4-715684 թիւին եւ կամ դիմատետրի (FB) Hamazkayin Central հասցէին։