
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին եւ հովանաւորութեամբ Եղեռնի ոգեկոչման կեդրոնական մարմնին, Ուրբաթ, 19 նոյեմբեր 2010-ին, ընթացք առաւ Ալպեր Քամիւի «Ազատամարտիկներ» թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Պերճ Ֆազլեանի:
Թատերախաղը, որ հիմնուած է մեր յեղափոխական պատմութեան դրուագներէն մէկուն վրայ, նախ եւ առաջ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ անխուսափելի իրականութեան մը, որ ազատամարտիկներու պատմութիւնը,
անոնց կեանքն ու չարչարանքը երբեք ժամանակավրէպ չէ:
Այս ներկայացումին միջոցով հանդիսատեսը առաջին անգամ ըլլալով դիտեց եւ ապրեցաւ: Հայ ֆետայիներուն կեանքը, զգաց անոնց տառապանքը. հանդիսատեսը թերեւս պատմութիւններու մէջ այդ բոլորը պատկերացուցած էր, բայց երբեք չէր տեսած:
Թատերախաղը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը: Խումբ մը ազատամարտիկներ կը պատրաստուին մահափորձի ենթարկելու թուրք ոստիկանութեան ընդհանուր տնօրէնը: Հայկը, Մուրատը, Տիրանը, Կարոն եւ Աշխէնը նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած կը սպասէին այդ վայրկեանին: Այստեղ կը պատահի անսպասելին, երբ երիտասարդ Կարոն ոստիկանին կառքին մէջ կը տեսնէ երեխաներ եւ կը տատամսի: Վերադառնալով իր ընկերներուն մօտ՝ ան կը փորձէ բացատրել իր տեսակէտը եւ գզացումները:
Երկխօսութիւնը կը վերածուի վէճի, երբ Մուրատ, որ թրքական բանտին մէջ համտեսած էր չարչարանքը եւ թուրքերուն վերաբերումը, կը պնդէ, թէ յեղափոխութեան մէջ ամէն ինչ արտօնուած է, իսկ Կարոն հակաճառելով կþըսէ. «Պէտք չէ ոտնակոխել ազգային արժանապատուութիւնը»:
Երկրորդ բաժինին մէջ հետաքրքրական էր Աշխէնի եւ Կարոյի խօսակցութիւնը, երբ մարդկային զգացումներէ տարուած՝ Աշխէն կը փորձէր իր սէրը արտայայտել Կարոյին, եւ վայրկեանի մը համար հարց կու տայ, թէ ազատամարտիկներն ալ սիրուելու իրաւունք ունի՞ն. բայց ազատամարտիկին սէրը իր ժողովուրդին, իր դատին եւ իր հողերուն հանդէպ է:
Թատերախաղը կը հասնի իր բարձրունքին երբ հարց կը տրուի, թէ արդեօք ժողովուրդը տարիներ ետք այդ ազատամարտիկները պիտի յիշէ՞ եւ սիրէ՞:
Այս ներկայացման մէջ դեր վերցուցած էին Արի Յովսէփեան, Վարդան Ազնաւորեան, Մանուէլ Մարգարեան, Հրակ Փափազեան, Դաւիթ Գազանճեան, որ ստանձնած էր Նազըմ Պէյի դերը, իսկ Սիրվարդ Ֆազլեան՝ ոստիկանապետի կնոջ դերը: