
Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2013-ին, Փարիզի Համազգայինի հրաւէրով Վալանսի Համազգայինի թատերախումբը փարիզահայութեան ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Ալաֆրանկա» երգիծավէպը։
Ալաֆրանկան գրուած է հայատառ թրքերէնով եւ ինչպէս կը բացատրուի ներկայացման թղթիկին մէջ՝ «1840-1870 թուականներուն Պոլսոյ մէջ ծայր տուաւ հայատառ թրքերէնով գրականութեան շրջան մը որպէս թրքախօս հատուածի մտաւոր զարգացման միջոց, բայց ժամանակի ընթացքին հայկական դպրոցներու բացման հետ, այս շարժումը հետզհետէ ապրած է վախճանը»։
Թրքերէնը փոխենք ֆրանսերէնի եւ նիւթը կը դառնայ այժմեան երեւոյթը ֆրանսայի եւ շատ մը ուրիշ հայ գաղութներու, ուր հայկական դպրոցներու կարիքը մեծ է եւ ուր հայերէն թատրոնը հազուագիւտ երեւոյթ մըն է։ Բայց եւ այնպէս ժողովուրդը մեծ խանդավառութամբ ընդունեց այս ներկայացումը ու յայղթահարելով կիրակի օրուան փարիզեան ցուրտն ու բուքը, ան լեցուց Rossini սրահը։ Իր ծափահարութիւններով գնահատեց, շնորհաւորեց ու քաջալերեց դերասաններն ու կազմակերպողները ցոյց տալով իր ծարաւը «բեմէն հայերէն լսելու»։ Դերասաններն ալ, տաղանդաւոր երիտասարդ հայեր՝ Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն կամ Հայաստանէն, պատգամաւորներ եղան հայերէն լեզուն այս ձեւով փոխանցելու։
Շատ արդիական եւ կարելի է ըսել յաջող էր «Ալաֆրանկա»-ի բեմադրութիւնը՝ շուքի թատրոնով եւ սեւ-ճերմակ արագ ֆիլմերու ընդմիջումներով, որ բոլորովին տարբեր եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Պարոնեանի գործը։
Փարիզի Համազգայինը խորհին շնորհակալութիւն կը յայտնէ դերասաններուն, Սիմոն Մնակեանին եւ իր թատերախումբին։ Շնորհակալութիւն հանդիսատեսին ու նաեւ 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին, որ տրամադրեց իր սրահը։
Փարիզէն ետք Ալաֆրանկան պիտի ներկայացուի Լիոն, Նիս, Վալանս, Մարսէյ նաեւ՝ Պրիւքսել ու Ժընեւ։