
Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան «Բ. Կանաչեան»ի անուան երաժշտական դպրոցի միաւորի վարչութեան կազմակերպութեամբ կայացաւ տաղանդաւոր երաժիշտ Ալ. Սպենդիարեանի նուիրուած գրական երեկոն, դասախօսութեամբ հայրենի երաժիշտ եւ դպրոցի գեղարուեստական բաժնի տնօրէն Արմէն Ճէնտէրէճեանի։
Ալ. Սպենդիարեան հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրներէն է։ Իւրացնելով ժողովրդային երաժշտութեան օրինաչափութիւնները, դաստիարակուելով եւրոպական եւ յատկապէս ռուսական դասական երաժշտութեան աւանդոյթներով՝ Սպենդիարեան ընդարձակեց ազգային երաժշտութեան ժանրային շրջանակները, դրաւ հայ դասական երաժշտութեան հիմքը, հարստացուց սենեկային երաժշտութիւնը եւ ստեղծեց դասական «Ալմաստ» օփերան։
Ալեքսանդր Աթանեսի Սպենդիարեան ծնած է 1871-ին Կախովկայի մէջ։
1890 թուականին յաջողութեամբ աւարտելով երկրորդական վարժարանը Ալ. Սպենադիարեան իր հօր հետ կը մեկնի Վիէննա, ուր առաջին անգամ ըլլալով կը լսէ Ժ. Պիզէի «Գարմէն» օփերան։
Սպենդիարեանի ստեղծագործական կեանքին կարեւոր իրադարձութիւններն են 1916 թուականին «Հայոց երաժշտական ընկերութեան» հրաւէրով հեղինակային համերգով ԹիՖլիս այցելութիւնը, իսկ 1924 թուականին Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով Երեւան փոխադրուիլը։
Սպենդիարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը նոր իմաստ ստացան, երբ ան զբաղեցաւ օփերայի եւ սիմֆոնիք երաժշտութեան զարգացմամբ։
Հանդէս կու գայ իբրեւ հասարակական մեծ գործիչ, կը տանի ստեղծագործական, մանկավարժական, հասարակական ծաւալուն աշխատանք՝ ելոյթներ ունենալով իբրեւ գեղարուեստական ղեկավար։ Այս բոլորին կողքին ան իր ներդրումը կը բերէ հայկական մշակոյթի զարգացման։ Այս ընթացքով հնարաւորութիւն ունեցաւ բազմակողմանի ձեւով ուսումնասիրելու ժողովուրդի կեանքը, բնաւորութիւնը, հոգեբանութիւնը, մօտէն առնչուեցաւ Կոմիտասի ստեղծագործութեան՝ «Ես յայտնաբերեցի հայ մեծ երաժշտաբան Կոմիտասին, որն այսուհետեւ կը լինի իմ ուսուցիչների թւում»։
1924 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ առաջին սիմֆոնիք համերգը Սպենդիարեանի ղեկավարութեամբ։
1928 թուականի Ապրիլ ամսուն Ֆիլհարմոնիայի համերգային դահլիճէն ներս կայացաւ Սպենդիարեանի գործին նուիրուած սիմՖոնիք համերգը հեղինակի ներկայութեամբ, ուր ներկայացուեցաւ մեծ արուեստագէտի «Կարապի երգը»։
Շուպերթի մահուան 100-ամեակին առթիւ յառաջացած էր յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Սպենդիարեան, սակայն իրեն չվիճակուեցաւ մասնակցիլ աշխատանքին, 1928 թուականին կտրուեցաւ անոր կեանքի թելը։
Ալ. Սպենդեարեանի պայծառ յիշատակին հայրենի կառավարութեան որոշմամբ, Երեւանի Պետական Օփերայի եւ Պալէի թատրոնը 1938 թուականին կը կրէ Սպենդիարեանի անունը, իսկ անոր ձախակողմեան այգիին մէջ կը գտնուի մեր դասական երաժշտութեան եւ օփերայի արուեստի հիմնադիրներէն՝ Ալ. Սպենդիարեանի գերեզմանը։
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի աշակերտ Սեւակ Թիւֆէնքճեանը դաշնամուրի վրայ ներկայացուց «Օրօրոցային»ը։ Ռոմանսի ժանրի փայլուն օրինակն է «Այ Վարդը», խօսք՝ Ալ. Ծատուրեանի, որ երիտասարդ երաժշտահանը կը յօրինէ Մոսկուայի հայ ընտանիքներէն մէկէն հիւրընկալուելու առթիւ։ «Ղրիմի էսքիզներ»ու (1903 թ.) երկու մասերը բաղկացած են 10 կտորներէ, որոնց համար իբրեւ հիմնական նիւթ ծառայած են Ղրիմի ժողովրդական երգերն ու պարերը, անոր գործիքաւորման համար յատկանշական է փայտէ փողային գործիքներու լայն օգտագործումը։
Սպենդիարեանի նշանակալի միւս երկը, որ կ՚առանձնանայ սիւժէթային ծրագրային երաժշտական յօրինուածքով «Երեք Արմաւենի» սիմֆոնիք պատկերն է (1905 թ.)։ Ստեղծագործութեան իբրեւ հիմք ունեցած է ռուս մեծ գրող Միքայէլ Լերմոնտովի բանաստեղծութիւնը, զոր կարելի է մեկնաբանել իբրեւ լուսաւոր եւ մութ ուժերու պայքարի արտայայտութիւն։
Սպենադիարեանի վերջին եւ նշանաւոր սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը «Երեւանեան Էդիւտներ»ն է,որուն բովանդակութիւնը բնորոշուած է հայրենի կենցաղի որոշ արտայայտութիւններու ընդգրկմամբ։ Անոր հիմքէն ներս ինկած է ժողովրդական երգ ու պարը՝ «Էնզելի»եւ «Հեջաս»։
Յիշեալ երեկոյեան գեղարուեստական յայտագրին, իրենց մասնակցութիւնը բերին մեներգութեամբ Շահէ Քէշիշեան, մենակատարութեամբ Արտա Տէր Յակոբեանի, Սեւակ Թիւֆէնքճեանի (դաշնամուր), Միխայիլ Գունդեգեւի (թաւջութակ), դաշնամուրի վրայ Մարալ Հալէպլեան, Անի Հացագործեան եւ Նժդեհ Յակոբեան։
Համադրեց՝ Էմմա