
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի Իրանահայ մշակութային միութեան, յուշերեկոյ մը տեղի ունեցաւ տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի յիշատակին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 4, 2015ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ։
Ներկայ էին Ալիսիայի ընտանիքի անդամներն ու հարազատները, պաշտօնական հիւրեր, հրաւիրեալներ, ՀՕՄի ներկայացուցիչներ, գրասէրներու խաւ մը. մանաւա՛նդ իր ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէր հայ գրականութեան երիցագոյն ներկայացուցիչ Ժագ Ս. Յակոբեան:
Օրուան պատշաճ յայտագիրին ընդմէջէն հանդիսատեսը յետադարձ հայեացքով պտոյտ մը կատարեց Ալիսիա Կիրակոսեանի «Բանաստեղծութեան ոլորտներուն մէջ»: Աւելի քան 60 հատորներ, եռալեզու ստեղծագործական վաստակ՝ հայերէն, անգլերէն, սպաներէն, բանաստեղծական հարուստ աւանդ, որ ժառանգն է հայ գրականութեան: Յայտագիրը գործադրուեցաւ հեզասահօրէն, շնորհիւ օրուան զոյգ հանդիսավարներ Սոնա Մատարեանի եւ Անուշ Հովեան-Ալեքսանեանի մասնագիտական մակարդակի բեմավարութեան, նկատառելի ներդրումին եւ մէջ ընդ մէջ տպաւորիչ ելոյթներուն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան նախագահ Թոմիկ Ալեքսանեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ալիսիայի գրական վաստակին:
Գեղարուեստական յայտագիրի բացումը կատարեց ծանօթ արուեստագիտուհի Ալենոյշ Եղնազար, որ իր բացառիկ ձայնով երգեց Ալիսիայի «Այնպէս Ուզում Եմ» երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը՝ ներկաները անմիջապէս փոխադրելով Ալիսիայի քերթողութեան զմայլելի աշխարհը: